Երկուշաբթի,7 Հոկտեմբեր, 2013-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը, Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ մէջ ընտրեց Լիբանանի թեմի նոր առաջնորդը:
Ներկայութեան ստուգումէն ետք, Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետ Տիգրան Ճինպաշեան առաջնորդական տեղապահ Յարութիւն Աւագ Քահանայ Կոստանեանէն խնդրեց տէրունական աղօթքով բացուած յայտարարել ժողովը, որմէ ետք, Երեսփոխանական Ժողովի ատենապետը ամփոփ ներկայացուց առաջնորդի ընտրութեան կարգը յայտնելով, թէ գոյութիւն ունի եռանուն նախընտրական ցանկ մը հետեւեալ միաբաններէն. Գերաշնորհ Տէր Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերաշնորհ Տէր Շահէ Եպս. Փանոսեան, Գերաշնորհ Տէր Մասիս Ծայրագոյն վրդ. Զօպուեան: Ան ներկաները հրաւիրեց սոյն ցանկէն ընտրելու թեմի առաջնորդը:
Փակ քուէարկութեամբ, Գերաշնորհ Տէր Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեան ընտրուեցաւ Լիբանանի թեմի առաջնորդ, ապահովելով քուէներու երկու երրորդէն աւելին: Նորընտիր առաջնորդը ծնած է Քեսապ, 1958-ին: Ան ձեռնադրուած է 1980-ին: 2011-2013 եղած է կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներու մէջ: