Ծնած է 1958-ին, Քէսապ (Սուրիա): Նախնական ուսումը ստացած է Քէսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին մէջ:
1971-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք, որուն Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելով 1976-ին, Սարկաւագ ձեռնադրուած է:
1978-ին աւարտելով Դպրեվանքը, անդամ դարձած է անոր Տեսչութեան կազմին` հսկիչի հանգամանքով, միաժամանակ հետեւելով բարձրագոյն ուսման, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ:
1980-ին ձեռնադրուած է Աբեղայ: Մինչեւ 1982, վանական պաշտօններու առընթեր, Դպրեվանքէն ներս շարունակած է դասաւանդել հայագիտական նիւթեր:
1982-1986 ծառայած է Յունաստանի Թեմին մէջ` Թեսաղոնիկէի համայնքին իբրեւ հոգեւոր հովիւ:
1987-1989 ծառայած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմին մէջ, որպէս Ֆլորիտայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
1990-1994 եղած է հոգեւոր հովիւ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ:
1993-ին ստացած է Ծայրագոյն Վարդապետութեան Կարգը:
1995-2002 հովուական պաշտօնով մեկնած է Գանատայի Թեմ, ուր որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած է Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ:
2002-ին վերադարձած է Մայրավանք, եւ մէկ տարուան համար ստանձնած «Թռչնոց Բոյն»-ի Տեսչութեան պաշտօնը:
2004-2006 դարձեալ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմին մէջ, ծառայած է հովուական պաշտօնով, հոգեւոր հովիւ նշանակուելով Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ:
2006-2011 ստանձնած է Անթիլիասի Դպրեվանքի Տեսչութեան պաշտօնը:
2008-ին Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է:
2011-էն ի վեր Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ: