Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ յայտնի գերմանացի պատմաբան Միքայէլ Հեսման (Michael Hesemann) յայտարարած է Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ մինչ օրս չհրապարակուած 2000 էջնոց փաստաթուղթերու յայտնաբերման մասին, որոնք անուանած է «Պատմութեան մէջ քրիստոնեաներու
ամենամեծ հետապնդումը»:
Zenit լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին պատմաբանը ուշագրաւ տեղեկութիւններ հաղորդած է հայերու Ցեղասպանութեան նկատմամբ Հռոմի Սուրբ Աթոռի, մասնաւորապէս` Հռոմի Պենետիկտոս XV պապի դիրքորոշման մասին, որ 1915-ին բազմիցս կոչ կ’ուղղէր դադրեցնելու հայերու հանդէպ կատարուող
բռնութիւնները, կը գրէ Tert.am-ը:
–Ինչպէ՞ս յայտնաբերեցիք այդ փաստաթուղթերը:
-Զիս հետաքրքրեց Հայոց ցեղասպանութեան թեման, երբ կարդացի Քեոլնի արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ֆօն Հարտմանի` 1913-ին գրուած նամակը` ուղղուած Գերմանիոյ Ռէյխի Քանցլերին, ուր կը խնդրէր օգնել` կանխելու Հայոց նոր ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքէն ռուսական զօրքերու դուրսբերումէն յետոյ:
Այնուհետեւ նոր եւ նոր փաստաթուղթեր յայտնաբերեցի, աւելի քան 2000 էջ, որոնց մեծամասնութիւնը ոչ հրապարակուած է, ոչ ալ ուսումնասիրուած ոեւէ պատմաբանի կողմէ: Մինչ այդ ուսումնասիրելով Ցեղասպանութեան թեման` ծանօթ էի Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արխիւներուն մէջ պահուող փաստաթուղթերուն, որոնք պատրաստուած էին օսմանեան պաշտօնեաներու ու դիւանագէտներու կողմէ, իսկ այս փաստաթուղթերը նոր ուսումնասիրութեան թեմա են:
Ի հարկէ, կարեւոր աղբիւրներէ են նաեւ ԱՄՆ-ի դիւանագէտներու զեկոյցները, յատկապէս` Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հիւսիսամերիկեան դեսպան Հենրի Մորկէնթաուի փայլուն զեկոյցը: Մինչ այժմ հանդիպած են նաեւ անգլիացի, ֆրանսացի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ իտալացի դիւանագէտներու զեկոյցները, սակայն Վատիկանի փաստաթուղթերը տեղեկատուութեան հիանալի աղբիւր են:
–Ինչու՞ տեղի ունեցան այս կոտորածները:
-Կոտորածները սկսան անկէ ետք, երբ թուրքերը խուզարկումներ իրականացուցին հայկական տուներէն ներս` զէնք յայտնաբերելու նպատակով, որ օգտագործեցին իբրեւ ապստամբութեան դաւադրութեան «վկայութիւն», որ,
ի հարկէ, անհեթեթութիւն էր: Ատոր հետեւեցան տղամարդոց ձերբակալութիւնները, չարչարանքներն ու սպանութիւնները: Այնուհետեւ կանանց, տարեցներուն եւ երեխաներուն ստիպեցին հարիւրաւոր քիլոմեթրեր անցնիլ Անատոլիոյ լեռնային տարածքներով` առանց ջուրի եւ ուտելիքի:
Մօտ 350 000-ը, հասնելով սուրիական անապատ, տեղաւորուեցան համակեդրոնացման ճամբարներու մէջ, որմէ ետք սկսան «մահուան երթը» Սուրիոյ անապատով, որուն ժամանակ շատերը սպաննուեցին: Քանի մը տասնեակ հազար մարդիկ միայն ողջ մնացին, անոնց մեծ մասը որբեր էին, որոնց համար Պենետիկտոս XV պապը երկու
որբանոց տրամադրեց:
–Ինչպէ՞ս կրնայ զարգանալ այս թեման:
-Թրքական կառավարութիւնը նոյն կիրքով կը փորձէ համաշխարհային գրականութեան մէջ բոլոր միջոցներով ջնջել Հայոց ցեղասպանութեան հետքը` կանխելով հայոց կոտորածներու` իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանաչումը:
Բայց տեղի ունեցած է ցեղասպանութիւն` ըստ ՄԱԿ-ի սահմանման, ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու ամենամեծ հալածանքը պատմութեան մէջ, որուն զոհ գնաց միլիոն ու կէս հայ եւ մօտ մէկ միլիոն քրիստոնեայ սուրիացիներ եւ յոյներ:
«Հայերն Այսօր»