Թուրք նշանաւոր վերլուծաբան Օրհան Քեմալ Ճենկիզը «Թուտէյզ Զաման»ի իր սիւնակին մէջ «Պոլիսն ու Կոստանդնուպոլիսը» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ մէջ ապրող ազգային փոքրամասնութիւններու հարցին:
«Երբ ես փոքր էի, մենք կ՛ապրէինք «յունական տան» մէջ. իր երկաթեայ դարպասներով եւ կառուցուածքով անիկա կ՛իշխէր մեր փողոցին մէջ եւ կը տարբերէր միւս տուներէն: Կը յիշեմ, թէ ինչպէս յոյն զբօսաշրջիկ կիներ կու լային՝ տեսնելով այս բոլորը: Մայրս ալ յաճախ կը յուզուէր: Երկար տարիներ չէի կրնար գտնել այս բոլորին իմաստը: Թէեւ ոչ իսլամները «հալած էին»՝ ձգելով իրենց տուներն ու փողոցները, եկեղեցիներն ու աղբիւրները, սակայն անոնք կը շարունակէին ըլլալ մեր քաղաքին մէկ մասը՝ ապրիլ իբրեւ ստուերներ։ Թէեւ մեր պատմութեան դասագիրքերէն զգուշութեամբ դուրս մնացած էին անոնց վերաբերող նմոյշներ, անոնց անունները ջնջուած էին, սակայն անոնք մնացած են ինծի պէս «յիշողներուն» մօտ:
«Երկար տարիներ ետք ես սկսայ հասկնալու այս երկրին կարգն ու խնդիրները, հասկցայ, որ հարցը «ընկերային երկրաշարժ է», որ աւելի մեծ էր, քան ես կը պատկերացնէի փոքր եղած ատենս: Եթէ առնենք մինչեւ 1915 թուականի վիճակագրութիւնը եւ զայն բերենք մերօրեայ Թուրքիա, ապա այս երկրին մէջ պէտք է ապրէին 18 միլիոն ոչ իսլամներ՝ հայեր, յոյներ, հրեաներ: Ի՞նչ տեսակի Թուրքիա պիտի ըլլար անիկա։
«Մենք աւելի ինքնավստահ պիտի ըլլայինք: Պիտի ունենայինք ոչ իսլամ պատգամաւորներ խորհրդարանին մէջ, ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան խորհրդարանին մէջ կար: Մենք այլեւս չէինք ունենար քրտական խնդիր: Մենք չէինք հանդիսանար հասարակութիւն մը, որ կորսնցուցած է իր յիշողութիւնը:
«Մենք չէինք կախեր «Պոլիսը մինչ 1453 թուական» գրութեամբ պաստառ՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի ֆութպոլի հաւաքականներուն միջեւ մրցումին ընթացքին: Իմ ընկերներէս Պեքիր Պերաթ Օզիփեքը, որ այդ դէպքը ներկայացուց ինծի, ըսաւ, թէ մենք այդ պաստառով յոյն երկրպագուներուն ուղերձ մը յղեցինք այն մասին, որ մենք չենք զգար, թէ Պոլիսը մեզի կը պատկանի, թէ անիկա մերն է, այլ անիկա նուաճուած է, գրաւուած:
«Եթէ մենք չհալածէինք ոչ իսլամները, այն ատեն պիտի ունենայինք խիզախութիւնը նայելու մեր պատմութեան մութ էջերուն, չէինք ամչնար «Կոստանդնուպոլիս» գրել Պոլսոյ հետ: Մենք խիզախութիւն պիտի ունենայինք վերաբանալու Սուրբ Սոֆիայի տաճարը, որ պիտի ըլլար եկեղեցի-մզկիթ՝ միեւնոյն ատեն իսլամներուն եւ քրիստոնեաներուն համար: Մենք պիտի ընդունէինք Պոլսոյ հայկական ճարտարապետութիւնը՝ իր ամբողջ շուքով: Մենք Օսմանեան կայսրութեան մեծ ճարտարապետ Սինանը պիտի կոչէինք իր իսկական հայկական անունով՝ Արմէն Սինանեան: Եւ մենք պիտի խոնարհէինք այս մեծ վարպետին դիմաց՝ ընդունելով անոր իսկական ինքնութիւնը:
«Եթէ մենք այսպիսի կարծրատիպեր չունենայինք, չէինք քննարկեր այն, թէ յոյն պատրիարքը, որ իր ինքնավարութիւնը ստացած էր Մեհմեթ Ֆաթիհ (Նուաճող) սուլթանէն, տիեզերակա՞ն է, թէ՞ ոչ: Մենք կրնայինք ըսել, որ մեր երկիրը կ՛ընդունի քրիստոնէութեան մեծագոյն թեւերէն մէկուն առաջնորդը:
«Եթէ մենք այդքան ինքնավստահութիւն ունենայինք, չէինք մերժեր մեր անցեալը եւ հպարտ կ՛ըլլայինք մեր երկրի իսլամական եւ քրիստոնէական ինքնութիւններով։ Մենք միայն ֆիզիքապէս չէինք սիրեր Պոլիսը, ինչպէս դաժան տղամարդ մը կը սիրէ իր կնոջ ֆիզիքական գեղեցկութիւնը միայն։
Եթէ մեր մօտ գոյութիւն ունենար ցեղերու, ազգերու եւ լեզուներու միասնութիւն, այն ատեն Թուրքիան կրնան տարածաշրջանին մէջ հանդիսանալ խաղաղութեան կղզի:
«Կրնա՞նք յաղթահարել ազգայնամոլութեան այդ շեմը: Կրնա՞նք սիրել Պոլիսը՝ որպէս Կոստանդնուպոլիս», գրած է թուրք հեղինակը: