ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոպական խորհրդարանին մէջ շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ բանաձեւի նախագիծ մը, որ կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Ատրպէյճանին՝ պաշտպանելու Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը։
Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին ընթացքին ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ յարձակումի ենթարկուած են բազմաթիւ կրօնական վայրեր, ինչպէս՝ Ջրականի Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ տաճարը։ Կ՛ընդգծուի նաեւ, որ Հէյտար Ալիեւի եւ աւելի ուշ անոր որդիին՝ Իլհամ Ալիեւի օրով Ատրպէյճան Նախիջեւանի մէջ ոչնչացուցած է շուրջ 100 հայկական եկեղեցիներ, հազարաւոր խաչքարեր, տասնեակ հազարաւոր տապանաքարեր եւ մշակութային ժառանգութեան այլ առարկաներ։ Ըստ բանաձեւին՝ ասիկա կը վկայէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան հաւանական ճակատագիրին մասին, որովհետեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը հեքրեն Նախիջեւանի շրջանին մէջ հայկական մշակութային վայրերու գոյութիւնը։
Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի, որ, ըստ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2347 (2017) բանաձեւին, ապօրինի յարձակումները կրօնի, կրթութեան, արուեստի, գիտութեան, ինչպէս նաեւ պատմական յուշարձաններու վրայ կրնան զինուորական յանցագործութիւն ըլլալ, եւ նման յարձակումներու հեղինակները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին։
Այսպիսով, բանաձեւը խստօրէն կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը։
Բանաձեւը նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕին կոչ կ՛ուղղէ՝ ամբողջութեամբ գնահատելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան վիճակը՝ Զինեալ հակամարտութիւններու պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին 1954 թուականի Լա Հէյի հռչակագիրի շրջանակներուն մէջ, եւ հետեւելու բոլոր կողմերուն համապատասխան առաջարկներուն, նաեւ Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղէ՝ համապատասխան աջակցութիւն ցուցաբերելու։
Բանաձեւը Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը կը յորդորէ համագործակցելու միջազգային հետաքննութիւններու հետ եւ կատարել իրենց պարտականութիւնները՝ 1954 թուականի Լա Հէյի հռչակագիրին համաձայն։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին բանաձեւը Ատրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ՝ համագործակցելու ԵՈՒՆԵՍՔՕի հետ՝ ապահովելու համար փաստահաւաք առաքելութեան անարգել մուտքը։
Բանաձեւը Ատրպէյճանին նաեւ կոչ կ՛ուղղէ՝ պաշտպանելու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շրջակայքը՝ ամբողջութեամբ կատարելով Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումը, մասնաւորաբար զերծ մնալու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելէ, հայկական պատմական մշակութային ներկայութիւնը ջնջելէ կամ հայերու մուտքը արգիլելէ եւ այլն։
Բանաձեւով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի կառավարութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի՝ միջազգային ընտանիքին աջակցութեամբ ապահովելու միջազգային օրէնքի խախտման բոլոր մեղադրանքներու արդիւնաւէտ հետաքննութիւնը, ներառեալ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան հարցով եւ այնպիսի յարձակումներու, ինչպէս՝ 8 Հոկտեմբեր 2020ին Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ տաճարին վրայ գործուածը։
Բանաձեւը նաեւ երկու երկիրները, յատկապէս Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը յորդորէ դադրեցնելու ատելութեան եւ ցեղային խտրականութեան քարոզչութիւնը դասագիրքերու, ընկերային ցանցերու, նաեւ՝ Ատրպէյճանի, այսպէս կոչուած, «Ռազմական աւարի պուրակ»ի միջոցով եւ աշխատելու երկու հասարակութիւններուն միջեւ վստահութեան ու իրարու մշակոյթին նկատմամբ յարգանքի վերականգնման ուղղութեամբ։ Բանաձեւին մէջ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման գծով կը յորդորէ նոր ջանքեր գործադրելու՝ երկու երկիրներուն միջեւ վստահութիւն ձեւաւորելու եւ կայուն խաղաղութեան ուղղութեամբ յառաջընթաց արձանագրելու համար։