Առնօ Բաբաջանեան – պրոնզ եւ կրանիթ, հեղինակ` Դաւիթ Բեջանեան, ճարտարապետ Լեւոն Իգիթեան։
Տեղադրուած է 2003 թուականին Ազատության հրապարակի մօտակայ Կարապի լիճին մօտ, Տէրեան եւ Թումանեան փողոցներու խաչմերուկին։
Մեր ամենօրեայ նիւթերուն մէջ յետ այսու լոյս պիտի ընծայենք լուսանկարչուհի Արմինէ Աղայեանի «Երեւանի Արձանները» ներկայացնող լուսանկարներու շարքը: Այս շնորհալի աշխատանքը հայ հասարակութեան սեփականութիւնը դառնալու համար կը սպասէ իր մեկենասին: