Էլթըն Ճոնի եւ Մատոնայի հակամարտութիւնը քանի մը տարուան հնութիւն ունի արդէն: Վէճին պատճառը՝ Էլթըն Ճոնի «ամուսնոյն» Տէյվիս Ֆերնիշի այն յայտարարութիւնն էր, որ Մատոնա արժանի չէր «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակին: Կրակին վրայ եկաւ իւղ ցանելու՝ Մատոնան « Տօնավաճառի Մերկապարուհի» անուանելու Էլթըն Ճոնի յայտարարութիւնը: Սակայն վերջերս զինադադար մը գոյացած է կողմերուն միջեւ: Էլթըն Ճոն ներողութիւն խնդրեց գայթակղութիւններու թագուհիէն:
ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ ԱՄԵՆԱՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ԱՄՈԼՆԵՐՈՒՆ ՑՈՒՑԱԿԸ
Բոլորին ծանօթ է հոլիվուտեան ամուսնութիւններուն վախճանը: Ամուսնալուծումներու հիմնական պատճառը կը հանդիսանան տղամարդիկ, որոնք չեն կրնար կառավարել իրենց սեռական ցանկութիւնները: Այս ցուցակին առաջին դիրքը կը գրաւէ Սանտրա Պուլոքի ամուսինը՝ Ճեսի Ճէյմսը, որ կը պատրաստուի չորրորդ անգամ ըլլալով մուտք գործել ամուսնութեան վանդակը: Ոչ նուազ նախանձելի դիրքերու վրայ կը գտնուին Չարլի Շինը, Աշթըն Քուչըրը, Ճուտ Լօն եւ վերջապէս Առնոլտ Շուարցենեկըրը: Վերջինս կը յայտարարէ, թէ ամէն քայլի կը դիմէ, որպէսզի վերադառնայ իր կնոջ Մարիային:
ԱՄԵՆԱՀՄԱՅԻՉ ԱՍՏՂԵՐՈՒ ՑԱՆԿԸ
Բրիտանական «Տը Սան» օրաթերթը հրապարակեց ամենագրաւիչ կանանց եւ տղամարդոց անուանացանկը: Կանանց առաջին հորիզոնականը կը գրաւէ 33-ամեայ բնորդ, դերասանուհի Քելի Պրուքը: Առաջատար հնգեակը կ’ամբողջացնեն 39-ամեայ Քէյթ Պեքինսէյլը, 25-ամեայ Միշէլ Քիկընը, 22-ամեայ Ռոզի Ճոնզը, 26-ամեայ Քիլի Հէյզըլը:
Տղամարդոց աղիւսակը կը գլխաւորէ դերասան Պենետիքթ Քամպերպեչը: Հնգեակը կ’ամբողջացնեն 37-ամեայ Տէյվիտ Պեքհամը, 45- Ճէյսըն Սթեթհամը, 29-ամեայ Հենրի Գաւիլը, 35-ամեայ Թոմ Հարտին:
ՓՈՔՐԻԿ ԶՕՐԱՎԱՐԸ ՄԵԾ ՊԱՍՏԱՌ ՊԻՏԻ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ 1 ՅՈՒՆԻՍԻՆ
« Փոքրիկ Զօրավար » հայկական կատակերգութիւնը մեծ պաստառ պիտի բարձրանայ 1 Յունիսին, Երեւանի Մոսկուա սրահին մէջ: Ժապաւէնի հեղինակ, բեմադրիչ եւ արտադրիչ Հենրի Քոչարեան նշեց, որ գլխաւոր դերասանները երիտասարդ դէմքեր են: Նկարահանումներու մեծ մասը կատարուած է Երեւանի եւ Գառնիի մէջ: Քոչարեան հանդիսատեսին ծանօթ է « Զգուշացէք Կանայք են» կատակերգութեամբ:
ՆԱԹԱԼԻ ՓՈՐԹՄԱՆ ԼԷՅՏԻ ՄԱՔՊԷԹԻ ԴԵՐՈՎ
Հանրածանօթ դերասանուհի, Օսքարի մրցանակակիր Նաթալի Փորթման պիտի մարմնաւորէ Լէյտի Մաքպէթի կերպարը: Շէյքսփիրի ողբերգութեան նոր բեմականացման մէջ Մաքպէթի դերը պիտի կատարէ Մայքլ Ֆասպետըրը: Ժապաւէնին բեմադրիչն է Ճասթին Գուրզէլը: Նկարահանումները պիտի սկսին Աշնան:
ՏԻՓ ՓԸՐՓԼ ՆՈՐ ՁԱ3ՆԱՍԿԱՒԱՌԱԿ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ
Ռոք երաժշտութեան աշխարհահռչակ Տիփ Փըրփլ խումբը ութ տարուան լռութենէ ետք հրապարակեց նոր ձայնասկաւառակ մը: Խումբի անդամները զայն կը նկատեն իրենց ասպարէզի լաւագոյն նուաճումներէն մէկը: Ձայնասկաւառակը կը կոչուի «Ուաթ Նաու»: Ան նուիրուած է անցեալ տարի մահացած խումբի հիմնադրիներէն Ճոն Լորտի յիշատակին: Ձայնասկաւառակը կ’ընդգրկէ տասնմէկ երգ: Համացանցի վրայ արդէն կարելի է հետեւիլ անոր գլխաւոր երգին՝ «Օլ Տը Թայմ Ին Տը Ուորլտ»ի տեսահոլովակին:
ՏԻԶՆԻ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ԳՏԱՒ ՆՈՐ ՄՈԽՐԻԿԸ
Երկար փնտռտուքներէ ետք, Տիզնի ընկերութիւնը վերջապէս գտաւ Մոխրիկի ժապաւէնին գլխաւոր կերպարին դերակատարուհին: Արդարեւ Լիլի Ճէյմս հաւանութիւն տուաւ նկարահանուելու «Մոխրիկ»ի նոր բեմականացման գլխաւոր դերին մէջ: Մոխրիկի խորթ մօրը դերը պիտի կատարէ Գէյթ Պլանշէթը: Ժապաւէնին բեմադրիչն է Քենէթ Պրանան: Ժապաւէնին ցուցադրութիւնը մեծ պաստառներու վրայ կը նախատեսուի յառաջիկայ տարուան գարնան:
ՌՈՊԵՐՓԹՕ ՏԸ ՆԻՐՕ ԴԱՐՁԵԱԼ ՌԻՆԿ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ
68-ամեայ Ռոպերթօ Տը Նիրօ դարձեալ հետաքրքրուած է բռնցքամարտի մասին ժապաւէններով:« Ռէյճինկ Պուլ» ժապաւէնէն երեսուն երեք տարի ետք, Տը Նիրօ պիտի նկարահանուի « Սթոն Ֆիսթզ» կենսագրական ժապաւէնին մէջ, ուր պիտի մարմնաւորէ բանամացի բռնցքամարտիկ Ռոպերթօ Տիւրանի մարզիչին դերը: «Սթոն Ֆիսթց»-ի նկարահանումները պիտի սկսին Սեպտեմբերին՝ Պանամայի մէջ: Ժապաւէնին բեմադրիչն է Ճոնաթան Եաքուպովիչը:
ԻԹԸՆ ՀՈՔ ԵՒ ՃՈՒԼԻ ՏԵԼՓԻ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՆ ԱՌԵՒԾԱԳԷՆ ԱՌԱՋ
Իթըն Հոք եւ Ճիւլի Տելփի պիտի նկարահանուին «Պիֆոր Սանրայզ» ռոմանթիկ ժապաւէնին երրորդ մասին մէջ: Ժապաւէնին հերոսները, Վիէննայի մէջ բաժնուելէ քսան տարի ետք վերստին կը հանդիպին, այս անգամ՝ Յունաստանի մէջ: «Պիֆոր Սանրայզ» ժապաւէնը մեծ պաստառներու վրայ բարձրացաւ 1995-ին: Անոր շարունակելի, երկրորդ մասը « Պիֆոր Սանսէթ»՝ 2004-ին: 42- ամեայ Հոք եւ 43-ամեայ Տելփի յայտարարեցին, թէ պատրաստ են նկարահանուելու նոր՝ երրորդ ժապաւէնին մէջ:
ՏԵՓԱՐՏԻՕ ԵՒ ՊԻՍԷ ԿԸ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒԻՆ ՍԹՐՈՍԻ ԿԵԱՆՔԸ ՆԿԱՐԱԳՐՈՂ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՄԸ ՄԷՋ
Ֆրանսացի դերասաններ Ժեռար Տեփարտիօ եւ Ճաքլին Պիսէ սկսան նկարահանուիլ Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի նախկին նախագահ Տոմինիք Սթրոս Քանի մասին ժապաւէնի մը մէջ: 64-ամեայ Տեփարտիօ կը մարմնաւորէ Քանի դերը, իսկ 68-ամեայ Պիսէ՝ Քանի նախկին կնոջ լրագրող Անն Սինքլէրի դերը: Նշենք, թէ Տեփարտիօ եւ Պիսէ նոյնպէս աղմկոտ գայթակղութիւններու մասնակից դարձած են իրենց կեանքի ընթացքին:
ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆ ԷՄԻ ՈՒԱՅՆՀԱՈՒԶԻ ՄԱՍԻՆ
Հնդկական արմատներով բրիտանացի բեմադրիչ Ազիֆ Քափատիան մտադրած է վաւերագրական ժապաւէն մը նկարահանել մահացած երգչուհի Էմի Ուայնհաուզի մասին: Բեմադրիչը կը փնտռէ արտադրական ծախսերը հոգացող ընկերութիւն մը: Քափատիանի կարծիքով Ուայնհաուզ հազուադէպ ծնող տաղանդ մըն է: Յիշեցնենք, թէ Էմի Ուայնհաուզ, որուն համաշխարհային հռչակ բերաւ «Պէք Թու Պլէք» ձայնասկաւառակը, թմրանիւթերու ազդեցութեան տակ մահացաւ 2011-ին:
ՃԱՆԿՕ ԱՆՉԷՅՆՏ ՊԻՏԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԻ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
Քուենթին Թարանթինոյի «Ճանկօ Անչէյնտ» ուսեթըրնին ցուցադրութիւնը վերջապէս արտօնուեցաւ Չինաստանի մէջ, երբ գրաքննութիւնը յաջողեցաւ ջնջել կարգ մը «նուրբ» տեսարաններ: Ժապաւէնին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 Մայիսին, Փեքինի մէջ:
«ՀԱՅԱԿ» ՄՐՑԱՆԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐՆԵՐԸ
«Հայակ» ազգային շարժապատկերի մրցանակաբաշխութեան այս տարուան մրցանակակիրները արդէն ճշդուած են: Լաւագոյն խաղարկային ժապաւէն բաժինը Մարիա Սահակեանին է՝ «Այդ ես չեմ» շարժապատկերով։
Լաւագոյն բեմադրիչը Յարութիւն Խաչատրեանն է՝ իր «Անվերջ փախուստ, յաւերժ վերադարձ» շարժապատկերին համար, սակայն վերջինս իր մրցանակը յանձնած է նոյն անուանակարգին մէջ ներկայացուած այլ մասնակիցի մը՝ Մարիա Սահակեանին, նշելով, որ ճամբան պէտք է տալ երիտասարդներուն:
Լաւագոյն արտադրիչ բաժանմունքին մէջ մրցանակ ստացաւ Մկրտիչ Մալխասեանը՝ «Այդ ես չեմ» շարժապատկերով:
Լաւագոյն բեմագրութեան հեղինակ անուանակարգին մէջ մրցանակը ստացան Թերեզա Վարժապետեանը եւ Միքայէլ Պօղոսեանը՝ «Եթէ բոլորը» ժապաւէնին համար:
Լաւագոյն շարժանկարիչ նկատուեցաւ Արմէն Ղազարեանը, լաւագոյն երաժշտահան՝ Վահագն Հայրապետեանը:
Լաւագոյն դերասանուհի նկատուեցաւ Մարիամ Դաւթեանը՝ «Ձայն լռութեան» ժապաւէնով, իսկ լաւագոյն դերասան՝ Շանթ Յովհաննիսեանը՝ «Գարեգին Նժդեհ» շարժապատկերով։
Երկրորդական դերի լաւագոյն դերասանը Խորէն Լեւոնեանն է, իսկ դերասանուհին՝ Ժենիա Մկրտումեանը:
Լաւագոյն կարճ ժապաւէնը Թամարա Ստեփանեանի «Փետրուարի 19» խորագիրով շարժապատկերն է:
Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն բաժինին մէջ առաջինը Յարութիւն Խաչատրեանի «Անվերջ փախուստ, յաւերժ վերադարձ» շարժանկարն է:
Լաւագոյն շարժանկար (animation) նկատուեցաւ Նայիրա Մուրադեանի «Բալետ»ը: Լաւագոյն նախափորձը Մարինէ Զաքարեանի «Փասիանի որսորդն» է:
Լաւագոյն արտասահմանեան շարժապատկեր ճանչցուեցաւ Կարէն Շահնազարովի «Սպիտակ վագրը»:
ՔՐԻՍԹԷՆ ՍԹԻՈՒԱՐԹ՝ ԱՄԵՆԱՆՈՐԱՈՃ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻՆ
դերասանուհի Քրիսթին Սթիուարթ ճանչցուեցաւ իբրեւ հոլիվիուտի ամենանորաոճ աստղը: 23-ամեայ Սթիուարթը շրջանցեց էմմա Ուաթսընը, էմմա Սթոնը եւ Թէյլըր Սուիֆթը:
ՔԱԹՐԻՆ ԶԵԹԱ ՃՈՆԶ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ՀՈԳԵԲՈՒԺԱՐԱՆԷՆ
Ընկճուածութենէ տառապող Քաթրին Զեթա Ճոնզ կ’աշխատի չկորսնցնել իր ինքնատիրապետումը եւ կանխել իր հիւանդութիւնը: Մէկ ամիս կամաւոր հոգեբուժական հիւանդանոցի մէջ բուժումներու հետեւելէ ետք, վերադարձաւ տուն: Բժիշկները թելադրած են յաճախակի քննութիւններ կատարել՝ հիւանդութեան սրացումէն խուսափելու մտահոգութեամբ: Ճոնզ նախապէս ալ տառապած է նման հիւանդութեամբ: 43-ամեայ դերասանուհին յայտարարեց, թէ անհրաժեշտութիւն չունի գաղտնի պահելու իր հիւանդութիւնը.« անհրաժեշտութիւն չկայ լուռ տառապելու եւ ես չեմ ամչնար օգնութիւն խնդրելէ: Միլիոնաւոր մարդիկ ունին նման խանգարում եւ ես անոնցմէ մէկն եմ». Կ’ըսէ Ճոնզ:
ԵՐԳՉՈՒՀԻ ՍԻՊԻԼԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ
Իսթանպուլահայ երգչուհի Սիպիլ Փեկթորոսօղլու՝ մօր կողմէ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու թոռ է:« Մենք արցունքոտ աչքերով կը յիշենք Ապրիլ 24-ը». ըսաւ ան: Սիպիլ ծնած է Իսթանպուլ: Անոր ընտանիքը Թորոսեան մականունը փոխած է Փեկթորոսօլուի: Զինք անուանած են գրող Զապէլ Ասատուրի յիշատակին: Սիպիլի հայրը՝ Կարպիսը ծնած է Իսթանպուլ, արհեստով ոսկերիչ է, իսկ մայրը, Մարին՝ Սեբաստիայէն : Երգչուհին վերջերս Իսթանպուլի մէջ հրապարակեց 12 հայերէն երգերէ կազմուած ձայնասկաւառակ մը: Անոր ձայնասկաւառակները ազատօրէն կը վաճառուին երաժշտական խանութներուն մէջ: Սիպիլ երաժշտական գործունէութիւնը սկսած է եկեղեցական երգչախումբին մէջ:
ՏԷՓ ԵՒ ՓԱՐԱՏԻ ՎԵՐԱՄԻԱՑԱՆ
Ճոնի Տէփ եւ Վանեսա Փարատի կրկին միացան: Լրագրողները զանոնք «բացայայտած» են Լոս Անճելըսի մէջ , Ռոլինկ Սթոնզ խումբի ունեցած համերգին ընթացքին: Բացի այդ, հանրածանօթ դերասանը ի պատիւ իր սիրելիին անուանակոչած է Պահամեան կղզիներէն մէկը: Ամոլը պաշտօնապէս բաժնուեցաւ երեք տարի առաջ, սակայն իւրաքանչիւրին անձնական կեանքը դժոխքի վերածուեցաւ: Այժմ անոնք կը թուի, թէ գտած են լուծումի ճամբան:
ՇՈՒԱՐՑԵՆԵԿԸՐԻ ԿԻՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ ԷՆ. ՊԻ. ՍԻ.
Հեռատեսիլի լրագրող Մարիա Շրայվըր ՝ Գալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Առնոլտ Շուարցենեկըրի կողակիցը եւ Քենետի ընտանիքի բարեկամուհին պիտի վերադառնայ ԷՆ.ՊԻ.ՍԻ. հեռատեսիլի կայանը: Ան 2004-ին լքած էր ասպարէզը՝ ամուսնոյն նահանգապետ ընտրուելու պատճառով: 57-ամեայ Շրայվըր զարմուհին է Ճոն Քենետիի: Ան Շուարցենեկըրէն բաժնուելու հայց բարձրացուց երբ պարզուեցաւ, որ Առնոլտն է ընտանիքին բնակարանը մաքրող կնոջ, 14-ամեայ զաւակին