Իսթանպուլի Գում Գափու թաղամասին մէջ գտնուող հայկական մայր տաճարին վրայ յարձակում մը կատարուեցաւ անցնող Կիրակի առաւօտեան: Արդարեւ կէսօրուան ժամը 12.30-ի կողմերը, անծանօթ մը, նախքան պատարագին աւարտը, եկեղեցիին առջեւ եօթ անգամ օդը կրակելէ ետք, փախուստ տուաւ անորոշ ուղղութեամբ: Դէպքը խուճապ յառաջացուց եկեղեցին յաճախող հաւատացեալներուն եւ անցորդներուն մօտ: Բարեբախտաբար արձակուած փամփուշտները որեւէ վնաս չպատճառեցին ներկաներուն: Ոստիկանութիւնը հաղորդեց, թէ հետաքննութիւն մը բացած է դէպքին շուրջ եւ կ’ուսումնասիրէ տեսախցիկներու արձանագրութիւնները:
Նշենք, թէ 27-28 Ապրիլին նոյնանման յարձակումներ պատահեցան Աթաշեհիրի Նոր Յոյս աւետարանական եւ Պուրկաս կղզիի՝ Այոյիս Իոնիս յոյն ուղղափառ եկեղեցիներուն վրայ: