Երուսաղէմի հայկական պատրիարքարանի Կիւլպենկեան մատենադարանի սրահի մէջ, Նոյեմբեր 22-ին տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն ընթացքին Երուսաղէմի հայկական համայնքի մի քանի նշանաւոր գործիչներ պարգեւատրուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մետալներով: Ատրինէ Գարագաշեան պարգեւատրուեցաւ Ոսկէ մետալով, Մարի Պալեան` ՙԱրշիլ Գորկի՚ մետալով, Վահէ Գալայճեանը եւ Արփինէ Նագգաշեան` ՙՈւիլիամ Սարոյեան՚ մետալներով:Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
Հանդիսութեանը ներկայ էր Հայաստանի մէջ Իսրայէլի պատուաւոր հիւպատոս Ցոլակ Մոմճեան, Երուսաղէմի պատրիարքական տեղապահ Արիս արքեպիսկոպոս Շիրվանեան:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ բանաստեղծուհի, հրապարակախօս, մշակութային գործիչ Անոյշ Նագգաշեան:
Սարկաւագ Լեւոն Ալոյեան ընթերցեց ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի խօսքը` ուղղուած պարգեւատրուածներուն:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Արիս արքեպիսկոպոս Շիրվանեան:
Պարգեւատրուածները շնորհակալութիւն յայտնեցին բարձր պարգեւներուն համար եւ վստահեցուցին, որ կը շարունակեն իրենց հայապահպան գործունէութիւնը: