Միշտ չէ, որ փոփոխութիւն մը բարելաւումի խորհրդանիշ կրնայ ծառայել: Շատ յաճախ, հակառակն ալ կրնայ պատահիլ: Եթէ ցանկութիւնները բարի են եւ պայմանները յարմար, փոփոխութիւնները կրնան ըլլալ դրական: Ինքնանպատակ փոփոխութիւն մը անծանօթ ուղիի մը արկածախնդրութեան առջեւ կրնայ մղել մեզ: Արդիւնքը անկասկած պիտի ըլլայ ողբերգութիւն: Աշխարհի բոլոր ժողովուրդները սկզբունքով ժողովրդավար քայլերով կը փորձեն հասնիլ ընկերային արդարութեան:
Արաբական աշխարհին զարգացումները դիտող մեկնաբանը պիտի համոզուի, թէ ընկերային, տնտեսական, բարեկարգութիւններ յառաջացնելու փորձերը ոմանց պարագային յանգեցան քաոսի եւ անիշխանականութեան, ապահովական խախտումներու, համայնքային բախումներու եւ արտաքին միջամտութիւններու: Արտաքնապէս անմեղ թուացող ժողովրդային ընդվզումներուն տակ սկսան բացայայտուիլ օտար պետութիւններու կողմէ հրահրուող անազնիւ եւ չարամիտ դիտաւորութիւններ:
Փոփոխութեան մը, կամ բարեկարգութիւններու չափանիշը օրէնքի գործադրութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը պիտի ըլլայ: Օրէնք, որ պարտի ընկերութեան մէջ երաշխաւորել քաղաքացիին իրաւունքները: Քաղաքացիներուն արդար իրաւունքն է բարեկարգութիւններու պահանջը: Ժողովրդավար կառավարութիւն մը հաշուետու պիտի ըլլայ խորհրդարանին առջեւ: Ան միաժամանակ քաղաքացիին պարտի երաշխաւորել արդար կեանք ապրելու իրաւունք: Քաղաքացիական հասարակարգը այն համակարգն է, որ հաւաքականութեան շահերը կը գերադասէ անհատին շահերէն: Հասարակարգ, ուր իւրաքանչիւրը քաջատեղեակ է իր իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն: Արաբական աշխարհը հարուածող յեղափոխութիւններու փոթորիկը, մեծ անակնկալ մըն էր իր ընդհանրութեան մէջ: Սակայն, պահ մը անհրաժեշտ է հարցնել, թէ ի՞նչ կ’ընդգրկեն այս յեղափոխութիւնները, ի՞նչ կը խոստանան իրենց ժողովուրդներուն: Արաբական աշխարհի կարգ մը ղեկավարներ յաճախ անգլերէն, յաճախ եբրայերէն լեզուներով կը ստանային իրենց ցուցմունքները…:
Այնքան մը նսեմացած է ղեկավարութեան վարկը, որ ամերիկեան վարչամեքենայի ներկայացուցիչներ կ’որոշեն անոնց ամենօրեայ ելոյթներուն բովանդակութիւնը: Խնդրոյ առարկայ պետութիւններու ճակատագիրը: Դիտեցէք այսպէս կոչուած ՙԱրաբական Գարուն՚ը: Ոմանց համար Ուաշինկըթըն միանշանակ վճիռ կþարձակէ: Ուրիշներու պարագային, բարեհոգաբար պայմանաժամեր կու տայ: Ոմանց քննութեան ժամկէտը կþերկարաձգէ «անորոշ ժամկէտով», եւայլն…: Այսօր նոր Միջին Արեւելք ստեղծելու փորձեր կը կատարուին շրջանին մէջ, սակայն անոր կառոյցը եւ տեսքը կը մնայ անորոշ: Կարգ մը վարչակարգեր շատ հաւանաբար յետ այսու աւելի թոյլ դիրքերու վրայ պահպանեն իրենց իշխանութիւնը, ուրիշներ դանդաղ բայց աստիճանական քայլերով անցնին ժողովրդավարութեան: Ոմանք պիտի իյնան իսլամիզմի գիրկը: Իսկական ժողովրդավար հասարակապետութիւն դժուար է կառուցել Միջին Արեւելքի մէջ: Թունուզէն մինչեւ Իրաք ծաւալող ՙԱրաբական Գարուն՚ը ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական արկածախնդրութիւններու մէջ մխրճեց արաբական աշխարհը, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ երկիրներուն մէջ կը բացակայի իշխանափոխութեան յաջորդող հանգրուանին շուրջ յստակ պատկերացում: Այս չի նշանակեր, թէ մենատիրութիւնները պիտի շարունակեն գոյատեւել: Մեկնաբաններու կարծիքով միայն նաւթով հարուստ արաբական պետութիւնները պիտի յաջողին յաղթահարել ստեղծուած քաղաքական տագնապին տնտեսական հետեւանքները: Բրիտանական ՙՏի Էքոնոմիսթ՚ շաբաթաթերթին կարծիքով, բնական հարստութիւններէ զուրկ արաբական պետութիւնները, տասնամեակներու պիտի կարօտին որպէսզի թօթափեն իրենց դիմագրաւած ծանր պայմանները: Օտար դրամագլուխներու ներդրումները գրեթէ դադրած են: Զբօսաշրջութեան աշխուժութիւնը նոյնպէս: Ելեւմտական հարցերու եւ տնտեսագէտներու նախատեսութեամբ, տուեալ երկիրներուն մէջ իշխանափոխութիւնը հեզասահ ընթանալու պարագային, անոնք մինչեւ 2050, հազիւ թէ հասնին իրենց ներկայի տնտեսական ցուցանիշներուն…:
Արեւմտեան ուժերը նախապէս այնքան ալ մտահոգուած չէին ժողովրդավարութեամբ, երբ Հիւսնի Մուպարաք եւ Մուամար Քազաֆի հլու, հնազանդ կը գործադրէին իրենց ցուցմունքները£ Սակայն, Թահրիր հրապարակի դէպքերը եկան ապացուցելու, թէ բռնատէրներն ալ ունէին իրենց հաշուետուութեան օրը: Ժողովուրդը իսկապէս խօսք ունի ըսելիք: Արեւմտեան կարգ մը պետութիւններ, լծուած են իրենց հակակշիռին տակ վերցնել Եգիպտոսի, Թունուզի, Լիպիոյ յեղափոխութիւնները£ Մէկ խօսքով քաղել յեղափոխութեան պտուղը: Այս կը նշանակէ, թէ նոր արիւնահոսութիւն կը սպասէ Եգիպտոսի, Թունուզի ժողովուրդներուն£ Ժողովուրդի պահանջներուն հարազատ փոփոխութիւնը ոմանց պարագային կրնայ ուշանալ, սակայն կը մնայ անխուսափելի: Եթէ Մուհամմէտ Մարգարէի կիներէն Այիշային արտօնուած էր ուղտերու վրայ բազմած բանակներ առաջնորդել, եթէ կանանց խորհրդակցութեան նպատակով արտօնուած է այցելել Մեքէի եւ Մետինէի մոլաներուն, ապա անոնք ինչո՞ւ պիտի զրկուին ինքնաշարժ վարելու իրաւունքէն…: Ժողովրդավարութիւնը եւ ընկերային արդարութիւնը կը մնան ժամանակակից ընկերութեան մը խորհրդանիշը£ Յաւերժական իշխանութիւններու օրերը հաշուած են արաբական աշխարհի մէջ: Բայց ժողովրդային խաւերու միջեւ արտաքին միջամտութիւնները, համայնքային հրահրութիւններու միջոցաւ նոր գաղութատիրութիւններ ստեղծելու փորձերը մերժելի են մեզի համար: Մեր մաղթանքն է, որ փոփոխութիւնները իսկապէս ցոլացնեն ժողովուրդներու ակնկալութիւնները:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ