Աւստրիոյ նորընտիր վարչապետ Սեփասթիան Քուրց անդրադարձած է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան:
Ըստ «Էրմէնիհապեր»-՝ վկայակոչելով թրքական «haber7.com» լրատուակայքը՝ գերմանական «Bild» թերթի հետ զրոյցի ընթացքին Քուրց վերահաստատած է Թուրքիոյ իր նախապէս յայտարարութիւնը՝ որ «Թուրքիան տեղ չունի Եւրոմիութեան մէջ»:
Անդրադառնալով նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի այն յայտարարութեան, թէ իւրաքանչիւր եւրոպական երկիր պէտք է որոշ քանակութեամբ փախստականներ ընդունի, Քուրց նշած է, որ Եւրոմիութեան երկիրները իրենք պէտք է որոշեն, թէ որքան գաղթականի կ՛ուզեն ապաստան տալ:
Աւելցնենք, որ օրեր առաջ Աւստրիոյ վարչապետ ընտրուած 31-ամեայ Սեփասթիան Քուրց Եւրոպայի ամենաերիտասարդ վարչապետն է: Ան յայտնի է Թուրքիոյ եւրոպական համարկումի հարցով իր բացասական դիրքորոշումով, որու մասին բազմիցս բարձրաձայնած է նաեւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար եղած ժամանակ: