ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» Շաբաթաթերթը
Սեփական հրատարակչատուն մը հիմնելէ ու զայն առողջ հիմերու վրայ կանգնեցնելէ ետք, Սիմոն Սիմոնեանի յաջորդ մտասեւեռումը դարձաւ սեփական մամուլ մը ունենալու երազը, վաղեմի՜ երազը: Ա՛լ թերթ մը հրատարակելու բոլոր կարելիութիւնները ունէր` տպարան, հրատարակչական փորձառութիւն, աշխատակիցներու եւ բարեկամ գրողներու լայն շրջանակ, մանաւանդ` հայագիտական պաշար, վարժ գրիչ եւ տոկո՛ւն հայերէն:
Եւ ահա այսպէս, 4 ապրիլ 1958-ին «Սեւան» տպարանէն լոյս աշխարհ կու գար «Սփիւռք» շաբաթաթերթին Ա. թիւը:
Իր առաջին քայլերուն մէջ թերթը խարխափում մը կ՛ունենար: Վեց իրերայաջորդ թիւերու հրատարակումէն ետք ան կը դադրէր յանկարծ, հաւանաբար` այդ շրջանին Լիբանանը փոթորկող եղբայրասպան կռիւներուն պատճառով:
Ամէն պարագայի, սկզբնական այդ քանի մը թիւերը կարելի է նկատել փորձառական թիւեր:
Բայց այնուհետեւ,14 փետրուար 1959-ին, «Սփիւռք» կը վերայայտնուէր (1 թուահամարով) անխափան շարունակուելու համար մինչեւ երկրին քաղաքացիական յաջորդ պատերազմին օրերը, 18 տարի: Թերթին այս անդրանիկ թիւին մէջ գրութիւններ ունէին` Սիմոն Սիմոնեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Վահրամ Մավեան, Կարօ Արմէնեան, Գէորգ Աճեմեան, Նազարէթ Փաթանեան, Սերոբ Երէցեան, Գրիգոր Քէօսէեան:
Առաւելաբար գրական-մշակութային թերթ մըն էր «Սփիւռք»-ը, որ նաեւ լայնօրէն կ՛անդրադառնար ազգային հրատապ հարցերու, մանաւանդ որ ժամանակաշրջանը կը յատկանշուէր Էջմիածին-Անթիլիաս եկեղեցական սուր տագնապով, կուսակցական հակամարտութիւններով եւ մասամբ նորին…
«Սփիւռք» շուտով ունեցաւ մնայուն աշխատակիցներու, գաղափարակից գրողներու եւ հաւատարիմ ընթերցողներու շատ լայն շրջանակ մը` Լիբանանի մէջ թէ արտասահման: Պէյրութի մէջ, ան տեսակ մը մրցակիցը դարձաւ ուրիշ որակաւոր ու ժողովրդական թերթի մը` «Նայիրի»-ին (լոյս կը տեսնէր 1952-էն): Այս երկու շաբաթաթերթերը, որոնք իրենց բնոյթով նոյնանման էին գրեթէ, մին` Սիմոնեանի, իսկ միւսը` Անդրանիկ Ծառուկեանի խմբագրութեամբ, իրենց տիրապետութիւնը հաստատեցին լիբանանահայ մամլոյ հրապարակին ու… մարդոց սրտերուն վրայ: Կուսակցական հակամարտութեանց ու երկփեղկումի այդ խռովեալ օրերուն անոնք դարձան ԵՐՐՈՐԴ ՁԱՅՆ մը, որ ողջախոհութեան ու հաւասարակշռութեան ձայնն էր:
«Սփիւռք» շաբաթաթերթը իր էջերուն մէջ արծարծեց հայութեան ճակատագրին առնչուող բազմաթիւ հարցեր: Օրինակ, 60-ական թուականներուն ան պահանջեց Ղարաբաղի, Նախիջեւանի ու Ախալքալաքի վերամիաւորումը Խորհ. Հայաստանին (այս նիւթին շուրջ ան գրած է քսանէ աւելի խմբագրականներ), առաջարկեց հայկական կեդրոնական դրամատան մը հիմնումը արտասահմանի մէջ, անհրաժեշտ սեպեց հայկ. գերագոյն խորհուրդի մը յառաջացումը, ուզեց, որ սփիւռքի ոչ կուսակցական զանգուածը դուրս գայ իր թմբիրային յոյլ վիճակէն ու վերածուի դրական ուժի մը` հակակշռող տարրի մը, եւ այլն: Խմբագրապետ Սիմոնեան առիթով մը թերթին մէջ գրած էր, որ Արեւմտահայաստանը եթէ օր մը ազատագրենք, անիկա մենք ո՛չ թէ թուրքին ձեռքէն, այլ քիւրտի՛ն ձեռքէն է, որ պիտի առնենք: Այսօր այդ կանխատեսութիւնը որքա՜ն մերձ է իրականութեան…
Սիմոն Սիմոնեան իր մնայուն սիւնակը ունէր թերթին մէջ: Ունեցաւ նաեւ աշխատակիցներու որակաւոր շրջանակ մը` Նշան Խոշաֆեան, Երուանդ Պարսումեան, Երուանդ Քասունի, Երուանդ Գարաճեան (Բազէ), Լեւոն Վարդան, Գէորգ Աճեմեան, բժ. Յարութիւն Կարեւորեան (Աղասի), բժ. Յարութիւն Սաղըրեան, Վազգէն Էթիէմեզեան, տոքթ. Գէորգ Քէշիշեան, Արմէն Տօնոյեան, Արսէն Աճեմեան, Ստեփան Շահպազ (Աղեքսանդրիա), Միքայէլ Կիւրճեան, Խորէն Տէտէեան, Պարոյր Մասիկեան, Հայկ Ժամկոչեան եւ Յակոբ Շահնուր (Գահիրէ), Գուտցի Միքայէլեան, Վահրամ Փափազեան (վաղեմի մարզիկ մը), Բիւզանդ Եղիայեան, Հմայեակ Գրանեան, Սմբատ Փանոսեան, Դաւիթ Էվերեկլեան, Սեդրակ Զաւէն (թարգմանութիւններ գերմաներէնէ), Սարգիս Աշճեան (թարգմանութիւններ անգլերէնէ), բժ. Գրիգոր Ասթարճեան, Զօրիկ Միրզայեան, Աղասի Յովհաննիսեան, բանաստեղծ Դեւ, Օննիկ Ինճէեան, Սիրվարդ Ինճէեան, Զարեհ Որբունի, Կարօ Փօլատեան, Նշան Պէշիկթաշլեան, Եդուարդ Չափրաստ, Խոսրով Թիւթիւնճեան, Թորոս Թորանեան, Յակոբ Կիւլոյեան, Արտակ արք. Մանուկեան, Լեւոն Շահոյեան, Կարօ Բարսեղեան, Պօղոս Գուբելեան, բժ. Ահարոն Խաչատուրեան, Արամ Շորվօղլեան, տոքթ. Գարեգին Պուճիգանեան, Անուշաւան Ֆրանկիւլեան, Հրանդ Սիմոնեան, Տիգրան Վասիլեան, Գրիգոր Կէօվշէնեան, Գուրգէն Եանիկեան, երգիծանկարիչներ Տիրան (Աճեմեան) եւ Համօ (Ապտալեան), Հայաստանէն` Յովհ. Շիրազ, Սասուն Գրիգորեան եւ տակաւին ուրիշներ:
«Սփիւռք» լրատու թերթ մը չէր, այլ գերազանցապէս` ԸՆԹԵՐՑՈՒՄԻ ԹԵՐԹ ՄԸ: Իր 8-12 էջերն ալ կը կարդացուէին հաճոյքով: Այդ էջերը սովորաբար յաւելում կը կրէին, երբ լոյս կ՛ընծայուէին իբրեւ Կաղանդի «Բացառիկ»-ներ (24, 36, 44 կամ աւելի էջերով), արտակարգօրէն ճոխ բովանդակութեամբ ու մեծաթիւ աշխատակիցներու մասնակցութեամբ: Բայց ատոնց կողքին, թերթը առիթ պիտի չփախցնէր «Բացառիկ» թիւեր նուիրելու նաեւ` Մեսրոպ Մաշտոցին ու Խորենացիին, Զարեհ վեհափառին (վախճանման առթիւ), Գուրգէն Մահարիին, բանաստեղծ Ահարոնին, Վաղարշակ Նորենցին, Սողոմոն Տարօնցիին, Յովհաննէս Շիրազին, Պարոյր Սեւակին (երիցս), Գէորգ Չաւուշին, Կոմիտասին, Գալուստ Կիւլպէնկեանին, Ներսէս Շնորհալիին (վախճանման 800-ամեակ), Նշան Պէշիկթաշլեանին, Եդուարդ Տասնապետեանին, ապրիլեան եղեռնին (բազմիցս) եւ այլն, եւ այլն:
Սիմոնեան յատկապէս կարեւոր կը նկատէր նորափթիթ ուժերու քաջալերանքը: Այդ նպատակով ալ ան 1966-էն սկսեալ, հինգ տարի տեւողութեամբ, պարբերաբար լոյս ընծայեց «Սփիւռք–Գարուն» անունով բացառիկ թիւեր` ամբողջովին երիտասարդ ու խոստմնալից գրիչներու մասնակցութեամբ: Այս թիւերը, որոնց պատրաստութիւնը առիթով մը Սիմոնեան նմանցուցեր էր «Մեղուներու հարսանիք»-ի (խմբագրականի մը վերնագիրն է), շատ մեծ խանդավառութիւն ստեղծած էին օրին: Այդ «գանգրահեր» ու «նորահաս» երիտասարդներէն շատեր, բողբոջ արձակելէ ետք «Սփիւռք»-ի կոճղին վրայ, յետոյ արդէն ուռճացան ու կազմաւորուեցան ու մինչեւ այսօր սփիւռքահայ գրականութեան երեւելի անուններն են ամէնուրեք…
Անոնց ակնարկելով` Սիմոնեան առիթով մը կը գրէր.
– Երիտասարդ գրողները լուրջ պաշտպանութիւն պէտք է գտնեն, առնուազն` մեր երգիչներուն ու պարողներուն չափ: Անոնց համար առանձին ամսագիրի, բարձրագոյն մասնագիտական ուսումի, պարբերական ճամբորդութիւններու առիթներ ընծայուելու են:
Հայ ժողովուրդի հարստութիւններն ու կարելիութիւնները, որոնք կեդրոնացած են մեր բարեսիրական միութիւններու եւ կրօնական հաստատութիւններու դրամարկղներուն մէջ, արդարօրէն պէտք է ծորակ մը բանան հայ գրականութեան եւ անոր աշխատաւորներուն, որոնք պաշտելի են առնուազն իրենց նուիրումով եւ զոհաբերութեամբ եւ աւելի առաջ կու գան, քան` մեր երգիչները, պարողները, ուսանողները, որբերն ու այրիները («Սփիւռք», 24-9-1972):
«Սփիւռք» իր ազատախոհ կեցուածքներուն, անկաշկանդ ճշմարտախօսութեան եւ երբեմն ալ անզուսպ քննադատութիւններուն պատճառով ունեցաւ անշուշտ երկակի հակառակորդներ (Հայաստանէն ու արտասահմանէն), որոնց դէմ ստիպուեցաւ ճակատիլ յաճախ` լրագրային սուր բանավէճերով… Սիլվա Կապուտիկեանն է, որ կը վկայէ.
– Ես դառնութեամբ եմ յիշում, թէ ինչպէս Գրողների միութեան որոշ ղեկավարներ, քննադատներ, չգիտեմ` ինչպէս յաջողեցրին բացասական գոյներ գտնել «Սփիւռք» շաբաթաթերթի հրապարակումների մէջ, եւ յանկարծ մեր Սիմոն Սիմոնեանը բարեկամից փոխուեց հակառակորդի: Նրանից յետոյ «Սփիւռք»-ը արգելուեց Հայաստանում, դարձաւ գաղտնի ընթերցանութեան առարկայ, եւ Սիմոն Սիմոնեանի մուտքը Հայաստան եւս արգելուեց, ու նա դարձաւ հայրենիքի համար անցանկալի անձնաւորութիւն» (տե՛ս «Սփիւռք» պարբերաթերթ, մայիս-օգոստ. 1999):
Բարեբախտաբար, սակայն, իր բովանդակութեամբ, գաղափարախօսութեամբ թէ քարոզած սկզբունքներով «Սփիւռք» չընկրկեցաւ երբեք, այլ մնաց ազատ խօսքի ու անկախ տեսակէտի խիզախ բեմ մը, միշտ հաւատարիմ` հայութեան արեան կանչին:
Հետաքրքրական է նշել, որ թերթին Ա. թիւի իր առաջնորդող յօդուածը Ս. Սիմոնեան նուիրած էր Երեւանի մէջ Վարդան Մամիկոնեանի արձանը կանգնեցնելու Հայաստանի կառավարութեան գնահատելի որոշումին: Ու այս առթիւ ան նկատել կու տար, որ այդ արձանը պիտի խորհրդանշէ հայրենիքը պաշտպանելու հայութեան անպարտելի ոգին, ինչպէս նաեւ` մեր ազգին հաւաքական ձգտումներուն յաւերժութիւնը:
Իսկ իր խմբագրած «Սփիւռք»-ի վերջին թիւին մէջ (31 դեկտ. 1974), Սիմոնեան իր հրաժեշտի խմբագրականը խորագրած էր «Ֆետայիներ»: Ան կը գրէր.
– Հայրենակերտութիւնը, ամէնէն առաջ կորսուած հողերը ազատագրելը եւ ազատագրուած այդ հողերուն վրայ ազգ զետեղել ու կերտելը, արի՛ւն կը պահանջէ, ապա կը պահանջէ ժողովուրդի մը ամբողջ ունեցածը մարտի մէջ դնել, այդ ժողովուրդի ամբողջութիւնը գոյացնող բոլո՛ր հատուածներուն ամբողջական համաձայնութիւնը, միակամութիւնը, միասնութիւնը եւ անկեղծութիւնը:
Ու յիշեցնելէ ետք, թէ Արեւմտահայաստանի հողերուն վերադարձը կարելի կրնայ դառնալ միայն վիթխարի զոհողութիւններով` «արիւնով, հանճարով, ոսկիներով, քրտինքով, անհաշիւ ու բազմատեսակ զոհողութիւններով, վերջապէս` ֆետայիներով», հարց կու տար.
– Ո՞ւր են Նեմեսիսի եւ Վահագնի կաթէն ըմպող տղաքը:
Ո՞ւր է մեր Արաֆաթը, Արաֆաթները:
Պիտի կարենա՞նք քաղքենիութենէ դարձ ընել դէպի՛ ֆետայութիւն:
* * *
«Սփիւռք»-ի առնչութեամբ հարկ է նշել այստեղ, որ թերթը, իր ընդհանուր մթնոլորտով, «սասունցիութիւն» կը բուրէր… Սիմոնեան սասունցի էր, առաւել եւս` Սասնոյ հայրենակցական միութեան երկարամեայ նախագահը:
Զարմանալի չէր ուրեմն, որ ան իր թերթը վերածէր սասունցի, մշեցի կամ առհասարակ տարօնցի մտաւորականներու ժամադրավայրի մը, ուր իրենց գործերով (կամ իրենց մասին արձագանգներով) զիրար կը խաչաձեւէին` Վաղարշակ Նորենցն ու Խաչիկ Դաշտենցը, Սողոմոն Տարօնցին ու Սասուն Գրիգորեանը, Ռոզա Պետրոսեանն ու Վարդան Պետոյեանը, Հմայեակ Գրանեանն ու բժ. Գարեգին Երէցեանը, Լեւոն Գարմէնն ու Համազասպ Տէր Խաչատուրեանը, Սմբատ Շահնազարեանն ու Գէորգ Աճեմեանը, Արտաշէս Տօնճոյենցն ու Միքայէլ Թաւրիզեանը…
* * *
«Սփիւռք»-ի բաժանորդներուն միջին թիւը եղած է 1500, որուն երկու երրորդը` Սուրիա եւ արտասահման բնակողներ: Թերթին Հայաստան մուտքը արգիլուած էր:
Սիմոնեան «Սփիւռք»-ը խմբագրեց լման 16 տարի, մինչեւ 1974 դեկտեմբերի վերջը: Այնուհետեւ, մտադրած ըլլալով աւարտել ծրագրային վիճակի մէջ մնացած իր բազմաթիւ գրական ու բանասիրական երկասիրութիւնները, ան թերթին խմբագրական պատասխանատուութիւնը փոխանցեց իր աներորդիին` գրագէտ եւ արձակագիր Գէորգ Աճեմեանին (1932-1998):
Օրերը գեղեցիկ չէին սակայն:
Շուտով ծայր պիտի տար Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը (որ պիտի տեւէր 15 տարի…), եւ Աճեմեան թերթը պիտի կարողանար հրատարակել նուազ քան երկու տարի, 1975-ին եւ 1978-ին, պարտադիր ընդհատումներով:
1985-ին, 1986-ին եւ 1988-ին «Սփիւռք»-էն լոյս պիտի տեսնէին երեք թիւեր միայն, պարբերագիրքի ձեւով:
«Սփիւռք»-ի ամբողջական հաւաքածոներուն կատարեալ մատենագիտութիւնը պատրաստուած ու հրատարակուած է առանձին ստուար ու խնամեալ հատորով մը, լիբանանահայ մտաւորական Սագօ Օգնայեանի կողմէ, Պէյրութ, 1984-ին:
Ուրախալի է, որ վերջին տարիներուն «Սփիւռք»-ի հաւաքածոները թուայնացուած են Հայաստանի մէջ, ու անոնք այսօր մատչելի են համացանցի վրայ:
Յաճախ պահանջը կը զգամ այս հին թերթին խունացած թիւերը թերթատելու: Ի՜նչ հմայիչ ու շահեկան նիւթեր կան հոն, որոնք այսօ՛ր ալ (յիսուն տարի անց) կը կարդացուին հաճոյքով: «Սփիւռք»-ը 60-ական եւ 70-ական թուականներու հայ սփիւռքին վկայարանն է, անոր մտաւորական գագաթային հանգրուաններէն մէկուն ցոլարանը:
Կը վստահեցնեմ ձեզ, որ այդ դեղնած էջերուն մէջ շա՛տ աւելի շահեկան նիւթեր կան, քան` մերօրեայ թերթերուն: Մանաւանդ կայ որակաւոր արեւմտահայերէն մը, որ արդէն պատմութեան անցած է անվերադարձ…
(Շար. 4)