Արաբական աշխարհը եւ Լիբանան կորսնցուցին մեծ արուստագէտ Ուատիյ Էլ Սաֆին: Ան 92 տարեկան էր: Հանրածանօթ յօրինող, ժողովրդային երգիչը երկար ժամանակէ կը գտնուէր բժշկական խնամքի տակ եւ փոխադրուած էր հիւանդանոց:
Աւելի քան երեք հազար երգերու հեղինակ, բուն անունով՝ Ուատիյ Ֆրանսիս, ծնած է 1 Նոյեմբեր 1921-ին, Շուֆ: Բոլորած է թշուառ մանկութիւն մը: Երաժշտութեան ասպարէզ մուտ գործած է 17 տարեկանին: Աւարտած է Պէյրութի ազգային երաժշտանոցը: Ուատիյ Էլ Սաֆիի արուեստը կը խորհդանշէր լիբանանեան դարաւոր մշակոյթը: Անոր կորուստով Լիբանանեան մշակոյթի երկնակամարին վրայ կը գոյանայ անփոխարինելի բաց մը: