Հասան. «Յառաջիկայ Շաբաթավերջին Ընդհանուր
Զօրաշարժը Կրնայ Երկու Շաբաթով Երկարաձգուիլ»
Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 4885-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 155 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 145-ը տեղացիներ, իսկ 10-ը Պէյրութ ժամանած քաղաքայիններ:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 62 վարակուած պարագաներ մահացած են:
«Քորոնա» համաճարակին գծով յայտարարուած ընդհանուր զօրաշարժի դրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ երկուշաբթի, 10 օգոստոս 2020, ի բացառութիւն` երեքշաբթի, 4 եւ չորեքշաբթի, 5 օգոստոսին, զօրաշարժի 5-2-5 ձեւաչափի գործադրութեան շրջագիծին մէջ:
Ապա, հինգշաբթի, 6 օգոստոս 2020-ին, հնգօրեայ այս ժամանակամիջոցին բոլոր հաստատութիւնները փակ պիտի մնան եւ «Քորոնա» ժահրին դէմ որդեգրուած զգուշութիւններուն իմաստով Ներքին ապահովութեան ուժերը աւելի խստապահանջ պիտի դառնան:
Այս օրերուն փակ պիտի մնան մարզասրահները, մարզադաշտերը, մարզական ակումբները, խորհրդաժողովներու յատուկ սրահները, հանրային պարտէզները, խաղավայրերը, ժողովրդային շուկաները, ծովեզերքի քալելու յատուկ մայթերը, լողափները, լողաւազանները, եկեղեցիներն ու մզկիթները, թատերասրահներն ու շարժապատկերի սրահները:
Այս բոլորին կողքին պիտի ջնջուին կրօնական բոլոր առիթները, մարզական մրցումները, իսկ, զբօսաշրջութեան նախարարութեան որոշումով, պիտի փակուին ճաշարաններն ու սրճարանները, ինչպէս նաեւ պիտի կասեցուի բնակարաններ սննդեղէն եւ պատրաստ ճաշ առաքելու ծառայութիւնը:
Անուշավաճառներուն ու ճաշարաններուն պարագային, զօրաշարժի օրերուն անոնք պիտի գործեն առաւօտեան ժամը 6:00-էն երեկոյեան ժամը 8:00, պայմանաւ որ անոնք իրենց վաճառատուներուն մէջ յաճախորդներ չընդունին եւ բաւարարուին անուշեղէնի ապսպրանքները բնակարանները առաքելու ծառայութեամբ:
Ճաշարաններուն եւ սրճարաններուն կողմէ կլկլակներու բնակարանային առաքումը արգիլուած է:
Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ յառաջիկայ շաբաթավերջին ընդհանուր զօրաշարժը կրնայ երկու շաբաթով երկարաձգուիլ, եթէ կարիքը զգացուի:
Ան կոչ ուղղեց բոլոր քաղաքացիներուն` դիմելու նախազգուշութիւններուն, յատկապէս` դիմակի գործածութեան եւ ընկերային հեռաւորութեան պահպանումին:
Անդրադառնալով կարգ մը պսակներու համար տրուած արտօնութիւններու` Հասան յայտնեց, որ ինք 6 պսակի արտօնութիւն տուած է` պայմանաւ որ անոնք յարգեն նախազգուշութիւնները:
Հասան աւելցուց սակայն, որ ինք ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմիի հետ չէ համադրած այս բացառութիւնները:
Ան նշեց, որ ինք վերատեսութեան պիտի ենթարկէ իր շնորհած արտօնութիւնները` Ֆահմիի հետ համադրելէ ետք:
Իր կարգին, Ֆահմիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ զգուշացուց պսակ կամ խրախճանք կատարելէ` հաստատելով, որ նախապէս ճշդուած պսակի խորհուրդներն ու խրախճանքները կարելի է երեքշաբթի, 4 եւ չորեքշաբթի, 5 օգոստոսին կատարել:
Միւս կողմէ, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ Լիբանան կը գտնուի առողջապահական արտակարգ եւ բաւական մտահոգիչ իրավիճակի մէջ:
Ան ընդգծեց, որ հիմնական հարցը մեծ թիւով «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն մէջ չէ, այլ` ցուցմունքներուն հետեւելու:
«Քորոնա» ժահրով վարակուած 100 պարագաներէն 15-ը կարիք ունին հիւանդանոցային հոգատարութեան, իսկ անոնցմէ 5 առ հարիւրին անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ յատուկ խնամքի սենեակ տեղափոխել: Հիմնական խնդիրը այս է, որովհետեւ զանոնք ընդունելու տեղերը անբաւարար են եւ անոնք մէկ շաբաթէն կրնան լեցուիլ, եթէ օրական դրութեամբ 200 վարակուած արձանագրուի», ըսաւ Ապիատ:
Ան ընդգծեց, որ կառավարութեան որդեգրած ընդհանուր զօրաշարժին արդիւնքները հազիւ երկու շաբաթ ետք կարելի պիտի ըլլայ շօշափել:
ՆՇԵՆՔ, որ Պաալպեքի մէջ գտնուող երկու հիւանդանոցներ մերժած են ընդունիլ 83-ամեայ Սառա Ռամատան անունով քաղաքացին, որ ուղեղի կաթուած անցուցած էր, եւ հիւանդանոցներուն կողմէ մերժուելու իբրեւ հետեւանք մահացած էր:
Նախարար Հասան հետաքննութիւն բացաւ Սառա Ռամատանը մերժելու հարցով եւ ի յայտ եկաւ, որ հիւանդանոցները մերժած են հիւանդը ընդունիլ` զայն «Քորոնա» ժահրով վարակուած նկատելու պատճառաբանութեամբ:
Առողջապահութեան նախարարին հրահանգով` Պաալպեքի մէջ գործող եւ Սառա Ռամատանը մերժող առաջին հիւանդանոցին հետ նախարարութեան աշխատանքային պայմանագիրը խզուեցաւ: