Ժողովուրդներու ազատագրական պայքարի, ազգային ինքնորոշման եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ամենափայլուն էջերէն մէկն է Հաճնոյ հերոսամարտը: Տարիներու հարթութեան վրայ անժամանցելի, ժամանակի քննութեան դէմ պայքարը յաղթահարած, մեր ժողովուրդին հերոսական սխրագործութեան պանծալի մէկ էջն է Արծուաբոյնի հերոսամարտը: Խորհուրդ մը կայ այնտեղ՝ հայրենասիրութեան եւ ազատասիրութեան: Արտայայտութիւն մը՝ աննահանջ կամքի ու վճռակամութեան: Խիզախում մը՝ մինչեւ վերջին շունչը պայքարելու …:
Հաճնոյ հերոսամարտը մեր ժողովուրդի պատմութեան մանրապատումն է միաժամանակ: Ազատ ու ինքնավար հայրենիք մը իրականացնելու, թշնամիին անձնատուր չդառնալու, օտարներէ ստացած խոստումներու յուսախաբութիւնը՝ այս բոլորին եւ տակաւին շատ մը երեւոյթներու մանրապատումն է Հաճնոյ իննամսեայ հերոսամարտը: Հաճընցիին ճակատագիրը տարբեր չէր կրնար ըլլալ իր ժողովուրդէն: Թիւով համեստ, կտրիճ հաճընցին անտեսեց զրկանք ու սպառնալիք, սով ու շրջափակում, ռմբակոծում եւ թշուառութիւն եւ ինը ամիս շարունակ դիմադրեց թիւով տասնապատիկ անգամ հզօր թշնամիին:
Իննամսեայ հերոսական պաշտպանութիւնը այսօր եւս կը շարունակուի մեր թշնամիին դէմ: Մահաց՞աւ հաճընցին, ոչ երբեք, այլ վերածնաւ աշխարհով մէկ, հայրենիքէն մինչեւ Սփիռքի բոլոր ափերը, բազմացաւ իր նահատակներուն յիշատակով ու ազատատենչ ոգիով, իր նահատակներուն կտակը սրտին՝ յանուն ազատ ու անկախ Հայաստանի իրագործման:
Իննիսուն եւ մէկ տարիներ անցած են հերոսապատումի այդ օրերէն: Իննիսուն եւ մէկ տարիներ ետք հաճընցին կը մնայ աննկուն, հաւատարիմ ու յանձնառու իր նահատակներուն եւ ժողովուրդին կտակին: Իննիսուն եւ մէկ տարիներ անցած են, սակայն պայքարը կը մնայ անփոփոխ, պայքարին եղանակները կրնան ենթարկուիլ փոփոխութեան, սակայն պայքարը կը մնայ նոյնքան աննահանջ ու վճռական, որքան՝ երէկ: Թուրքը կրնայ կոտորել մեզ, կրնայ եւ դարձեալ ցոյց տալ իր անմարդկային, ցեղապաշտ նկարագիրը, բայց հաճընցին, ինչպէս հայութեան բոլոր հատուածները, կը մնայ յանձնառու իր պահանջատիրութեան: Թուրքը կրնայ միլիոն մը եւս հայ կոտորել, բայց մենք պիտի շարունակենք ազատ ու անկախ հայրենիք կերտելու մեր պայքարը: Աշխարհի վրայ չկայ այնպիսի ուժ, որ հայ ժողովուրդը զրկէ ինքնավար հայրենիք ունենալու իրաւունքէն: Աշխարհի վրայ չկայ այնպիսի ուժ, որ կարենայ յաւերժ ծածկել պատմական ճշմարտութիւնը: Չկայ այնպիսի ուժ, որ յաւերժ ժխտէ պատմութիւնը: Ուշ կամ կանուխ պիտի գայ հաշուեյարդարի պահը: Կեղծիքն ու ժխտումը չեն կրնար յարատեւել առյաւէտ: Պիտի գայ օրը եւ ճշմարտութիւնը իր իրաւունքը պիտի պարտադրէ ջարդարարին: Պիտի գայ օրը, երբ հայ ժողովուրդը յանցագործ ցեղասպանէն պիտի ստանայ իրաւական, հողային, նիւթական, մշակութային իրաւունքները : Պիտի ստանայ իր հայրենիքը: Պիտի գայ օրը, երբ ցեղասպանը դէմ յանդիման պիտի կենայ պատմական ճշմարտութեան առջեւ:
Այսօր եւ վաղը, ինչպէս՝ երէկ Հաճընցին պիտի մնայ հաւատարիմ իր նահատակներուն ուխտին:
Յարգանք Հաճնոյ Ինքնապաշտպանութեան Նահատակներուն Յիշատակին
www.araraddailynwes.com