Փետրուար 16-ին, ծառատնկումի գեղեցիկ նախաձեռնութեամբ, խումբ մը Մելգոնեանցիներ եւ բարեկամներ՝ իրենց երախաներուն հետ միատեղ, համախմբուեցան ՀԲԸ Միութեան Նիկոսիոյ ակումբի տարածքին վրայ, եւ՝ անոր կից գտնուող Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան պուրակին մէջ, մէկական եղեւնիի տնկի ցանեցին, նպատակ ունենալով՝ ոչ միայն գեղեցկացնել տարածքը, այլ նաեւ առիթ մը ընձեռել հասակ առնող նոր սերունդին՝ ծառ տնկելու եւ զայն խնամելու վարժութեան: Իւրաքանչիւր եղեւնիի տնկի կրեց անունը զայն ցանող երախային թէ պատանիին: Գնահատելի ձեռնարկ մը՝ արդարեւ, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց բոլորին մօտ, իր դաստիարակչական-ընկերային հանգամանքով: Վարձքերնիդ՝ կատար: