Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 35 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստին ընթացքին Միքաթի բարձր գնահատեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի ջանքերը` երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածութիւնները առաջադրելու աշխատանքները դիւրացնելու նպատակով:
Միքաթի հաստատեց, որ այս քայլը յաւելեալ ցուցանիշ է` երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու առումով:
Դրամատնային մարզին պարզած իրավիճակին անդրադառնալով` Միքաթի յայտնեց, որ պատահածը ապառողջ է եւ ցուցական ձեւի որդեգրումը վտանգաւոր:
«Այդ միջոցը կրնայ ջրել դրամատնային համակարգին հանդէպ մնացած վստահութիւնը: Անիկա կը մտահոգէ զիս, որովհետեւ հարցերը կրնան ուղղուիլ դէպի անորոշութիւն», ըսաւ Միքաթի:
Անդրադառնալով սննդեղէնի ապահովութեան` Միքաթի շեշտեց, որ այդ հարցով քննարկումներ կատարող նախարարական յանձնախումբը եւ առեւտուրի ու տնտեսութեան նախարար Ամին Սալամ պիտի պատրաստեն անհրաժեշտ սննդեղէնի փաթեթի մը ցանկը` նշելով նաեւ անոր քանակը, եւ կամ այն քանակը, որուն կարիքը ունի Լիբանան` մինչեւ տարեվերջ:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ մեծ թիւով երկիրներ պատրաստ են Լիբանանին ցորեն կամ սննդեղէնի որեւէ այլ տեսակ տրամադրելու:
Կառավարութիւնը վաւերացուց ելեկտրականութեան մարզին վերաբերող ծրագիրն ու անոր գործադրութեան ուղեգիծը, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուեցաւ, որ անմիջապէս կազմուի Ելեկտրականութեան մարզի աշխատանքներուն կարգաւորման խորհուրդը, սակայն մերժեց Սըլաաթայի մէջ ելեկտրակայան մը կառուցելու առաջարկը:
Նախարարաց խորհուրդը որոշեց նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանը փլել:
Նշենք, որ կառավարութիւնը հրապարակեց երկու շրջաբերականներ, որոնք կ՛անդրադառնան Աւետման տօնին, ինչպէս նաեւ ռամատանին առիթով որդեգրուելիք քայլերուն:
Աւետման տօնին առիթով կառավարութիւնը յայտարարեց, որ պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները այդ տօնին զուգադիպող օրը` ուրբաթ, 25 մարտին, կը մնան փակ:
Իսկ ռամատանի առիթով հրապարակուած շրջաբերականը կը ճշդէ պետական հաստատութիւններուն եւ քաղաքապետարաններուն մէջ պաշտօնեաներուն աշխատանքային ժամերը, որոնց համաձայն, երկուշաբթի, երեքշաբթի, չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00, իսկ ուրբաթ օր` առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00:
Միքաթիի Այցելուները
Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` յատուկ կարիքներ ունեցող անձերու հարցերով խորհրդական Սարա Մընքարան, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի:
Հանդիպումին ընթացքին բարձր գնահատուեցան այդ մարզին իմաստով լիբանանեան պետութեան ճիգերը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ «Ինթըրփոլ»-ի նախագահ, նախկին փոխվարչապետ եւ նախարար Էլիաս Մըր` ընկերակցութեամբ իր զաւկին` Միշել Մըրի:
Էլիաս Մըր վարչապետին յանձնեց հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու իր հօր` նախկին փոխվարչապետ Միշել Մըրի մահուան Ա. տարելիցին առիթով 3 ապրիլ 2022-ին տեղի ունենալիք հոգեհանգստեան արարարողութեան, Պթըղրին:
Միքաթիի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ Սաատէ Շամի: