Յակոբ Չոլաքեան
Այս պահուն ամենէն կարեւոր գործը, ա՛նկասկած, Արցախի մեր ազգակիցներու վերադարձն է դէպի հայրենի տուն: Հայրենի հողը, գիւղը եւ տունը դատարկ չձգելու, անոնց տէր ելլելու գործը անառարկելիօրէն մէկուն է ու միակին՝ Ի գին ամէն բանի, ի հեճուկս ամեն մտավախութեան, մարդիկ պէտք է իրենց ներկայութիւնը հաստատեն հոն: Մեր ժողովուրդի բոլոր ուժերը՝ բարեսիրական, հասարակական կազմակերպութիւնները պէտք է ըլլան իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն կողքին, տուն վերադարձող ընտանիքներու կողքին:
Որոշ անհատներու կամ մարմիններու կողմէ հնագիտական արժէքներու, վանքերէն հանուած մասունքներու եւ խաչքարերու տեղափոխութիւնը այնքան աղմուկ հանեց ու եղաւ այնքան ցուցադրական, որ մարդիկ կարծես իրենց հաւատքը կորսնցուցին ու իրենք ալ հայրենաթողութեան մասին կը մտածեն…
Վերջին օրերու տունդարձը ոգեւորիչ ու յուսադրող է, բայց կը թուի, թէ բաւարար չէ: Արագ, աւելի արագ ու ինքնավստահ պէտք է ըլլայ հայրենադարձութիւնը: Պէտք է արհամարհել ամեն մտավախութիւն ու կանգնիլ մեր տան դրան սեմին յաղթական ու տիրական…
Բերձորէն վերադարձող ընկերներէս մէկը կը պատմէ, թէ հոն եւս մարդիկ կը քանդեն իրենց տուները, կը վերցնեն ինչ որ հնարաւոր է, կը հաւաքեն անասունները ու՝ …դէպի Հայաստան՝ ըսելով որ սա հինգ քիլոմեթր լայնքով տարածքը, որ միջանցք կը կոչուի, երբեք ապահով չէ, չի կրնար ըլլալ: Մարդկօրէն չես կրնար չհամաձայնիլ, բայց հայօրէն մենք պարտաւոր ենք պահել մնացեալ ամէն մէկ ափ հողը մեր երկրի…
Կառավարութիւններ ու բանակներ կրնան պարտուիլ,
Պետութիւնը կրնայ անդամալուծուիլ ու կործանիլ,
Բայց աշխարհի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ այն ազգերը, որ չեն լքեր հողը, կը պայքարին անոր վրայ իրենց գոյութիւնը պահպանելու համար, կը մնան տէրը հայրենիքի եւ ազգի ճակատագրին…