Երկխօսութեան հանգրուան մը եւս սկսաւ: Սովորականին նման, իւրաքանչիւր հանգրուանի նախօրէին հրապարակային ու քուլիսային խորհրդակցութիւններ տեղի կ’ունենան մասնակցութեան եւ ներկայացուցչական տարողութեան վերաբերեալ: Ոմանք օգտաշատ կը նկատեն, ուրիշներ՝ անիմաստ: Ամենօրեայ տագնապներու տակ կքած այս երկրին պարագային երկխօսութիւնը անհրաժեշտութիւն է՝ հոսանքներու միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնելու, հայրենիքի գերակայութիւնը արժեւորելու եւ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու համար:
Աշխարհի տարբեր ժողովուրդներ, ցցուող դժուարութիւններ ինչպիսի սրութեամբ ալ եղած ըլլան, պատերազմներէ, ճակատումներէ, հարիւր հազարաւոր զոհերու արեամբ հողը ներկելէ , կործանարար ու քայքայիչ կռիւներէ ետք, վերջաւորութեան երկխօսութեան սեղանի վրայ լուծած են իրենց տարակարծութիւնները:
Լիբանանի նորագոյն պատմութիւնը վկայ՝ հետեւեցէք տասնհինգամեայ մահասփիւռ ու աւերիչ քաղաքացիական պատերազմին: Լիբանանցիները սուղ վճարեցին իրենց հողին վրայ օտարներու պատերազմին գինը՝ հարիւր հազարաւորներու կեանք, քայքայուած ենթակառոյց, տնտեսական, ընկերային, բարոյական անվերականգնելի ընկրկումներ… արտագաղթ, երկար է կորուստներուն շարքը: Սակայն, վերջաւորութեան, նոյնինքն պատերազմը հովանաւորողներու տուած երաշխիքներուն տակ, անոնք համախմբուեցան Թայէֆի մէջ, վերատեսութեան ենթարկեցին 1943-ի Ուխտը եւ Թայէֆի համաձայնագիրը դարձաւ Լիբանանի նոր սահմանադրութիւնը: Մեր այս յօդուածը միտում չունի քննարկելու տուեալ համաձայնագիրին դրական ու ժխտական կողմերը: Թաէյֆը խաղաղութեան նաւահանգիստը վերադարձուց Լիբանանի ալեսոյզ նաւը: Մեր ըսելիքը հետեւեալն է. Եթէ համոզուած ենք, որ երկխօսութեամբ պիտի լուծուին տարակարծութիւները, ինչո՞ւ շիկացնել քաղաքական մթնոլորտը, իսկ եթէ համոզուած չենք երկխօսութեան, արդեօ՞ք անցեալի սխալները բաւարար դաս չեն մեր ղեկավարներուն համար: Մեր մօտ ցաւալին այն է, որ պատերազմի ասպետներն եւ խաղաղութեան աղաւնիները միեւնոյն դերկատարներն են…: Լիբանանցիները ապացուցեցին, թէ կռուելու պատրաստ են իրարու դէմ՝ օտարին համար, միաժամանակ հաշտուիլ՝ օտարին թելադրութեամբ: Այսօր լիբանանցիներէն կը պահանջուի յանուն հայրենիքի մոռնալ բոլոր օտարները եւ երկխօսութեան սեղանին վրայ սրտբացօրէն քննարկել եւ լուծումներ գտնել իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններուն: Անհրաժեշտ է փշրել արհեստական պատնէշները եւ փոխադարձաբար հասկնալ իւրաքանչիւրի մտահոգութիւնը: Սակայն ըստ երեւոյթին պատմութենէն լաւ դասեր չեն քաղած լիբանանցիները: Երկխօսութեան սեղանի վրայ նստած կարգ մը կողմեր օտար պետութիւններու ներկայացուցիչներ ըլլան կարծէք: Անոնք չեն մտածեր ապագայ Լիբանանի մասին, ակամայ հայրենիքէն հեռացող երիտասարդներու մասին, արաբական աշխարհի մէջ իր ժողովրդավարական եզակի կառոյցով լիբանանեան հայրենիճին մասին
Հանրապետութեան նախագահը երկիրը յաւելեալ մագլցումներէ խնայելու մտահոգութեամբ, երկխօսութեան նիստի հրաւիրեց քաղաքական հոսանքները: Քիչեր նկատեցին, որ երկուշաբթի օրուան նիստին մեծագոյն բացական անոր օրակարգերն էին:
Երկար բացակայութենէ ետք, առեւանգումներու, զինեալ միջադէպերու սարսափով յարաճուն լարուածութիւնը կանխելու միտող քայլ մըն էր հանրապետութեան նախագահին նախաձեռնութիւնը: Սակայն երկխօսութեան նիստը պէտք չէ շփոթել դրացիներու միջեւ առաւօտեան գաւաթ մը սուրճի շուրջ զարգացող զրոյցին հետ: Բազմաթիւ հրատապ օրակարգեր կը հրմշտկեն զիրար: Այս թոհուբոհին մէջ քաղաքական դէմքեր յաճախ կը մոռնան ժողովուրդին հրատապութիւն ներկայացնող տնտեսական, ընկերային, կենցաղային մտահոգութիւններ: Ժողովուրդն ալ ակնկալութիւններ ունի երկխօսութեան սեղանէն: Երկօսութեան սեղանը անհրաժեշտութիւն է, ինչպէս կը վկայեն շատեր: Բայց անհրաժեշտութիւնը որքան կարեւոր՝ փոխհասկացողութեան հասնելու յանձնառութիւնը աւելի մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենայ ներկայ հանգրուանին: Քաղաքական խմբաւորումները իրաւունք չունին անտեսելու երկրին դիմագրաւած ներքին ու արտաքին դժուարութիւնները:
Բոլորիս ծանօթ է, որ քաղաքական բեմին վրայ առանցքային երկու գլխաւոր օրակարգերը՝ Հըզպալլայի զէնքին ճակատագիրը եւ Սուրիոյ հակամարտութիւնը կախեալ են միջպետական փոխյարաբերութիւններու արդիւնքէն: Հըզպալլայի զէնքը առնչուած է Իրան – Արեւմուտք բանակցութիւններու զարգացումներէն: Իսթանպուլի եւ Պաղտատի հանդիպումներէն ետք, կ’ակնկալուի, որ միջազգային ընտանիքը որոշ հասկացողութիւն ցուցաբերէ Իրանի միջուկային ծրագիրներուն վերաբերեալ, Իսրայէլ դադրի սպառնալ Թեհրանի միջուկային կեդրոններուն: Իրանը սիրաշահելու ճամբով լուծում պիտի գտնուի Հըզպալլայի զէնքին: Այլընտրանքը պատերազմ է անկասկած, ապա դարձեալ երկխօսութիւն…:
Երկրորդ հիմնական օրակարգը, որ քաղաքական, համայնքային ակօսներ բացած է լիբանանցիներուն միջեւ Սուրիոյ հակամարտութիւնն է: Երկխօսութեան մասնակիցներէն ոչ ոք թող յաւակնութիւն ունենայ խորհելու, որ իր պաշտպանութիւնը կամ պայքարը որոշիչ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Սուրիոյ հակամարտութեան արդիւնքին մէջ: Հետեաւաբար, ինչպէս միջազգային զանազան պետութիւններ կը նախազգուշացնեն, անհրաժեշտ է հեռու մնալ Սուրիոյ տագնապէն եւ ոչ մէկ գրաւ կապել անոր հետ: Երկխօսութեան կողմերը անհրաժեշտ է, որ սրտբացօրէն ներկայացնեն իրենց վերապահութիւններն ու մտահոգութիւնները եւ հաւաքական հասկացողութեան հասնին վերոյիշեալ օրակարգերուն շուրջ: Ամէն բանէ առաջ համաձայնին, որ Դիմադրութեան զէնքը ընդունելի պիտի չըլլայ շահարկել քաղաքական առօրեայէն ներս, այլապէս՝ ան պիտի կորսնցնէ գոյութեան իմաստը: Միւս կողմէ, ինչպէս Թայէֆի համաձայնագիրը կը հաստատէ, Լիբանան եւ Սուրիա յանձնառու կը մնան զոյգ պետութիւններու ազգային անվտանգութեան: Երկխօսութեան մասնակիցները իւրաքանչիւր օրակարգի քննարկումէն առաջ յիշեն, ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Ղասան Թուէյնիի՝ ձգեցէք հայրենիքս ապրի արձակած կոչը, ապա մտածեն այլոց շահերու մասին:
Ամենակարեւորը երկխօսութեան նիստերուն՝ քաղաքական հոսանքները հաշուի առնեն ու յարգեն հատուածներու մտահոգութիւնները, փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ ստեղծեն, ամրապնդելու՝ քաղաքային կայունութիւնը եւ խաղաղ գորակցութիւնը: Լիբանանցիները իրենց առջեւ ունին տնտեսական, ընկերային, կենցաղային, բարգաւաճման եւ այլ բնոյթի տարակարծութիւններ, որոնք անհրաժեշտ է անյապաղօրէն բերել երկխօսութեան սեղանին վրայ եւ փնտռել լուծումներ:
Հասկացողութեան հասնիլը անկարելէ չէ բոլորովին, կարեւորը դաւադրութիւնը երկխօսութեան սեղանին տակ փշրելու լիբանանցիներուն վճռակամութիւնն է:
www.araraddailynews.com