«Ազդակ»-ի 47-րդ առցանց լսարանի նիւթն էր «Յիշում եմ եւ պահանջում» կարգախօսը եւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի փոխանցման մարտահրաւէրները 21-րդ դարում»: Դասախօսն էր Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Յարութիւն Մարութեան: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:
Դասախօսը նախ պարզաբանեց, որ իր ներկայացնելիք աշխատասիրութիւնը գիտահետազօտական բնոյթ ունի:
Ընդգծեց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով ընդունուած Համահայկական հռչակագիրի ուղենշային կէտերը` հետագայ աշխատանքներու հունաւորման առումով:
Դոկտ. Մարութեան նիւթի ենթաբաժանումները բանաձեւեց հետեւեալ հարցադրումներով. «Որո՞ւ յիշել, ի՞նչ յիշել եւ ինչպէ՞ս յիշել»: Հարցադրումներուն երկրորդ ուղղութեան երկրորդ բաղադրիչը` ի՞նչ պահանջել, որմէ՞ պահանջել:
Դասախօսը հանգամանօրէն խօսեցաւ վերապրածներուն տեսաձայնային եւ ձայնային շտեմարանային պատկերին մասին տարբեր հաստատութիւններու մէջ: Պարզաբանեց նաեւ այդ բոլորին թուայնացման աշխատանքները: Կը քննարկուին անգերեզման զոհերուն թուային գերեզմաններ պատրաստելու, բոլոր զոհերուն անունները ամրագրելու ծրագիրները: Քաղաքական առումով, Անգարան հայ զոհերու թիւեր յայտարարած է եւ անոնց կրկնապատիկը` թուրք զոհերու, այդ բոլորը ծառայեցնելու համար ժխտողական քաղաքականութեան, դիտել տուաւ Մարութեան:
Յիշողութեան փոխանցման արդի ձեւերն ու անհատականացման մեթոտաբանութիւնը կարեւոր բաժին ունէին դասախօսութեան մէջ: Դոկտ. Մարութեան յատուկ կարեւորութեամբ խօսեցաւ Ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին հայութեան մղած ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն մասին` հասկացողութեան նոր փիլիսոփայութիւն ներառելու առաջարկով: Սահմանազատելով ապստամբութիւնը ինքնապաշտպանութենէն` դասախօսը առաջարկեց վերաիմաստաւորել հայոց զինեալ ինքնապաշտպանութեան խորհուրդը Ցեղասպանութեան զոհերուն առընթեր, վերապրածներու եւ ինքնապաշտպանուողներու երեւոյթները ներառելով:
Մարդասիրական աշխատանքներուն մէջ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին տնօրէնը յատուկ ուշադրութիւն կեդրոնացուց հայերուն միջեւ կայացած փոխօգնութեան բարոյական բարձր արժանիքներու վրայ:
«Ինչպէ՞ս յիշել»-ը երեք հիմնական ուղղութիւն ունէր: Ապրիլքսանչորսեան ձեռնարկներ, երթեր, յուշարձաններ եւ դասաւանդման հարցեր: Ան իբրեւ օրինակ տուաւ համավարակի պայմաններուն մէջ ապրիլ 24-ի վըրչուըլ երթը, որուն ընթացքին արձանագրուեցաւ անհատականացման զանգուածային երեւոյթ, երբ մարդոց մասնակցութիւնը արտապատկերուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի համալիրին մէջ:
Հայոց ցեղասպանութիւնը ներկայացնել իբրեւ համամարդկային ողբերգութիւն, իսկ հայոց պատմական արդարութեան վերականգնումի գաղափարը փոխարինել մարդկային արդարութեան եւ հատուցման առաջադրանքով: Այս մօտեցումը աւելի համահունչ կրնայ ըլլալ միջազգային իրաւունքի դաշտին մէջ` ըստ դասախօսին:
Հատուցման նախապատրաստուելու առումով, դոկտ. Մարութեան նշեց Համահայկական հռչակագրի այդ ուղղութեամբ կատարած արձանագրութիւնը, Մոտիւս Վիվենտիի մշակածը եւ ՀՅ Դաշնակցութեան պատրաստած իրաւական հայեցակարգը: «Որմէ՞ պահանջել»-ը բնականաբար կը վերաբերի Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Թուրքիոյ, բայց նաեւ մենք մեզմէ պահանջելու գաղափարը առկայ է, յատկապէս` յիշողութեան փոխանցման մեթոտաբանութեան, շտեմարաններու թուայնացման, հասանելիութեան ապահովման, միջազգային ցեղասպանագիտական կեդրոններու մէջ ներկայութեան եւ հատուցման իրաւական պատրաստուածութեան ուղղութիւնները նկատի ունենալով:
Դասախօսութենէն ետք մասնակիցներու հարցումներուն պատասխանելով, դոկտ. Մարութեան վերստին անդրադարձաւ 100-ամեակի հռչակագիրի եզակիութեան նաեւ շեշտեց, որ պետական մակարդակով տակաւին չունինք հատուցման իրաւական թղթածրար: