Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 90-ամեայ յոբելեանի առիթով Փարիզի մէջ ծրագրուած են շարք մը ձեռնարկներ եւ իրադարձութիւններ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան փարիզեան մասնաճիւղը եւս անմասն չի մնար Ազնաւուրին նուիրուած ձեռնարկներէն, որոնք արդէն մեկնարկած են: ՀԲԸՄ փարիզեան մասնաճիւղի համերգներու կազմակերպման պատասխանատու Հայկ Փոթուկեանը «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուց, որ ՀԲԸՄ-ը ծրագրած ձեռնարկները մեծանուն երգիչին նկատմամբ յարգանքի իւրօրինակ արտայայտութիւն են: «Այս տարի Շարլ Ազնաւուրը պիտի տօնէ իր ծննդեան 90-ամեայ յոբելեանը:
Կը ցանկանք անոր յարգանքի տուրք մատուցել` կազմակերպելով տարբեր ձեռնարկներ: Ֆրանսայի մէջ հայ համայնքը հաւաքելը շատ դժուար է, եւ կը փորձենք նման համերգներով պահպանել հայկականութիւնը»,- մեզի հետ զրոյցին նշեց Փոթուկեանը:
Հայկ Փոթուկեանը տեղակացուց, որ ապրիլ 28-ին լոյս պիտի տեսնէ աշխարհահռչակ երգիչի տարբեր տարիներու գործերը ամփոփող 32 ձայնասկաւառակներէն կազմուած ձայնադարանը: Ձայնադարանին մէջ ներառուած են Ազնաւուրի `1948-2011 թուականներուն ստեղծուած անկրկնելի գործերը: «Ըլլալով Շարլ Ազնաւուրի ստեղծագործութեան մասնագէտ` շատ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած եմ անոր` 32 ձայնասկաւառակներէն կազմուած ձայնադարանի պատրաստման աշխատանքներուն: Սովորաբար կ’աշխատիմ այն ամէնուն հետ, որ կ’առնչուի Ազնաւուրի հետ` ֆիլմեր, գիրքեր, ձայնագրութիւններ»,-աւելցուց ՀԲԸՄ փարիզեան մասնաճիւղի համերգներու կազմակերպման պատասխանատուն:
Հայկ Փոթուկեան ընդգծեց, որ Ազնաւուրը շուտով Հայաստանի մէջ համերգ կ’ունենայ, իսկ ՀԲԸՄ-ը կը շարունակէ մեծարել անուանի երգիչը:
«Ազնաւուրին նուիրուած յաջորդ համերգը տեղի կ’ունենայ Փարիզի մէջ` Անաքօ զբօսանաւին վրայ` մայիս 15-ին: Համերգի ընթացքին ելոյթ կ’ունենայ երգչուհի Ճոանա Մենդիլը իր ճազ թրիոյի հետ», – աւելցուց Փոթուկեան: Երգչուհին նախորդ տարի ՀԲԸՄ փարիզեան մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ երգիչին նուիրուած ձեռնարկին ընթացքին կատարած էր Ազնաւուրի երգերը:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը հիմնադրուած է 1906 թուականի ապրիլ 15- ին,Գահիրէի մէջ (Եգիպտոս)` յայտնի ազգային գործիչ Պօղոս Նուբարի եւ եգիպտահայ համայնքի ականաւոր ներկայացուցիչներու նախաձեռնութեամբ` հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ մշակութային զարգացման նպաստելու համար: ՀԲԸՄ այսօր ունի իր մասնաճիւղերը աշխարհի շարք մը քաղաքներու մէջ: ՀԲԸՄ փարիզեան մասնաճիւղը մարտ 7-ին կազմակերպած էր Շարլ Ազնաւուրին նուիրուած համերգ: «Շարլի կեանքը» թոք-շոուն կայացաւ ՀԲԸՄ «Ալէք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնին մէջ:
Ձեռնակին ընթացքին երգիչ Պենուա Մարշալը կատարեց Ազնաւուրի ստեղծագործութիւնները: