Վարդան Ֆերեշեթեան ժամանակակից հայ արձակի ամենաինքնատիպ դէմքերէն մէկն է` սեփական գիրի առանձնայատկութեամբ, ուշագրաւ դիտումներով, իւրատեսակ թափանցումներով: Ուստի պատահական չէր, որ մարտ 6-ին, «Բիւրոկրատ» գրախանութին մէջ տեղի ունեցած անոր նոր գիրքի շնորհանդէսը վերածուեցաւ գրողի ստեղծագործութեան գնահատման եւ ուշագրաւ բանավէճի շարժառիթի:
«Վարդան Ֆերեշեթեան բացառիկ աշխարհատեսութիւն եւ բացառիկ հորիզոններ ունի` վերելքներէն, բայց ոչ վերէն նայելու աշխարհայեացք: Վարդան Ֆերեշեթեան այն երջանիկ երեւոյթներէն է, որուն մէջ միաձուլուած են հայ եւ համաշխարհային գրականութիւնը: Ֆերեշեթեանի ներկայութիւնը գրականութեան համար արդէն իսկ իրադարձութիւն է»,- այսպէս ներկայացուեցաւ գրողը, որու «Գրահաւաքը» գիրքը նոր յայտ է, ստեղծագործական ինքնայատուկ համահաւաք:
Վարդան Ֆերեշեթեանը նաեւ հմուտ եւ հետաքրքիր թարգմանիչ է, ուստի շատ աւելի նուիրուած է ուրիշներու գրականութեան հայեացման, քան սեփական գրականութեան ստեղծման: Քիչ են անոր հրատարակած գիրքերը, նշեալ ժողովածուն երկրորդն է` «Աքլորականչը» ժողովածուէն ետք, սակայն չափազանց հասուն ու խորքային է անոր գրականութիւնը, երբեմն` զարմանալի յայտնութիւններով լեցուն… «կայ ապրելակերպ, որ էութիւնդ է, եւ եթէ քու էութիւնդ է, ուրեմն կը յաջողիս, եթէ ոչ, ապա չի յաջողիր: Առատագիր չեմ, բայց խորքէս անընդհատ կը գրեմ, իսկ արդէն գրելուս նոյնիսկ չեմ ալ խմբագրեր գրածս, այն ուղղակի կու գայ»,- ըսաւ գրողը` գուցէ այսպէս արդարացնելով այն հանգամանքը, որ ինք քիչ կը ստեղծագործէ, քիչ են իր հրատարակած գիրքերը: «Հեշտ չէ կարդալ Վարդան Ֆերեշեթեանին, որովհետեւ ատիկա իմացութիւն կը պահանջէ: Պատրաստուած ընթերցող պէտք է ըլլաս այդ գրականութեան հաղորդակից ըլլալու համար: Վարդանը կ’ըսէ` գիրքը փոխակերպութեան տօն է: Անոր գիրը թանձր է ու խիտ, թերեւս ատիկա է պատճառը, որ ան շատագիր չէ: Բայց ես կը գերադասեմ այդ քչագրութիւնը իր խորութեան պատճառով: Կեանքի մէջ լաւ բաները շատ չեն ըլլար: Վարդանը այն քիչ, բայց շատ «լաւ բաներէն է, որ իսկապէս մեզ երանութիւն կը պարգեւէ», – ըսաւ Լիլիթ Գալստեանը, որուն նախաձեռնութեամբ ալ տեղի կ’ունենար գիրքի շնորհանդէսը: :
«Տարօրինակ այն իմաստով, որ 20 տարի առաջ ստանալով ազատութիւն` մենք առայժմ կը գտնուինք ազատութեան մենատարրը մեր մտքի մէջ ձեւակերպելու ճանապարհին: Ինչ կը նշանակէ ազատ ըլլալ գիրի մէջ` այս հարցի պատասխանը դեռեւս ե´ւ ձեւական, ե´ւ բովանդակային տեսակէտէն մեզ մօտ վերջնական իր ուրուագիծերը չէ ստացած: Բայց կան մարդիկ, որոնք այս կարգավիճակին, ձեւական ազատութեան կարիքը չունին, որովհետեւ իրենք 20 տարի առաջ նոյնքան ազատ էին, որքան հիմա: Ազատութիւնն ալ ի ծնէ յատկութիւն է, իսկ Վարդանի պարագային ատիկա կապուած է գեղագիտութեան հետ… Ինչ կը վերաբերի Վարդանի մնջութեան, ատիկա նուազագոյնով արտայայտուելու ցանկութիւն մըն է: Վարդանը «էսդրատնիկ» չէ: Ան էսդրատայինէն այնքան հեռու է, ան ֆագոտի գեղեցիկ մեղեդի է, որ կը հնչէ, եւ որուն համար կիրառելի է յայտնի խօսքը. «ականջ ունեցողը թող լսիէ», – իր ելոյթին մէջ նշեց բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Յակոբ Մովսէսը:
«Հայ մարդը եթէ համաշխարհային գրականութեան մէջ կը յայտնուի, կը մոռնայ հայ գրականութիւնը, եթէ հայ գրականութեան մէջ է` կը մոռնայ համաշխարհայինը: Վարդան Ֆերեշեթեանը այն երջանիկ դէպքերէն է, որուն մէջ այս երկու երեւոյթները եկած եւ սիրուն միաձուլուած են: Մէկը միւսի հեռանկարի վրայ իրագործելու, ցուցադրելու կարողութեամբ Վարդանին ոչ մէկս հաւասար չէ», – աւելցուց բանաստեղծը:
«Գրահաւաքը» ժողովածուն հրատարակած է «Համազգային» հիմնադրամը` քանատահայ տէր եւ տիկին Սիմոն եւ Մարալ Հասրջեաններու հովանաւորութեամբ: Գիրքը ձեւաւորած է նկարիչ եւ գրահրատարակիչ Մկրտիչ Մաթեւոսեանը: Գիրքին մէջ օգտագործուած են Վարդան Ֆերեշեթեանի գծանկարները: Տպագրիչն է Գրիգոր Պօղոսեանը:
Լ.Մ.