Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Պաքուն երէկ հերթական ապատեղեկատուութիւն տարածած է` պնդելով, թէ իբրեւ թէ Հայաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները 5 սեպտեմբերին կրակ բացած են հայ-ազրպէյճանական սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ:
Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Ազրպէյճանի այս գործելաոճը, որուն հիմքին մէջ հայկական կողմի` նախայարձակ գործողութիւններ իրականացնելու եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին իրադրութիւնը արհեստականօրէն սրելու փորձերուն վերաբերեալ բացարձակ կեղծ տեղեկութիւններու տարածումն է, ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ սահմանային իրավիճակի իրական կայունացման:
«Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերուն ստորաբաժանումները կրակ չեն բացած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ: Աւելի՛ն` ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, ազրպէյճանական կողմէն արձակուած կրակոցէն նախօրէին մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է պարտադիր ժամկէտային զինուորական ծառայող Արման Սարգսեանը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: