5 սեպտեմբերին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած է Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Մեւլութ Չաւուշօղլու Քաթրին Քոլոնայի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստան-Ազրպէյճան եւ Հայաստան-Թուրքիա հոլովոյթներուն: Այս մասին կը հաղորդէ «էրմենիհապեր»-ը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, որ աշխատանքային ընթրիքի ընթացքին կը պատրաստուի իր ֆրանսացի պաշտօնակիցը տեղեկացնել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող երկխօսութեան մասին:
Շեշտած է, որ ղարաբաղեան վերջին պատերազմէն ու Ազրպէյճանի յաղթանակէն ետք կովկասեան շրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան կարեւոր կարելիութիւն ստեղծուած է եւ ատոր համար անհրաժեշտ է բոլորին աջակցութիւնը:
«Թէ՛ Թուրքիոյ ու Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ երկխօսութիւն տեղի կ՛ունենայ, աշխատանքները կը շարունակուին: Մասնաւորաբար համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի համար բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: Անհրաժեշտ է, որ այս բոլորին աջակցինք», ըսած է Չաւուշօղլու:
Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը դրական արձագանգած է իր թուրք պաշտօնակիցի նկատումներուն` ըսելով. «Շրջանին մէջ շատ լաւ, դրական միջավայր կը ձեւաւորուի: Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երկխօսութիւնը կ՛աւելնայ: Իսկ ատիկա շատ դրական է»: