ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսայի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի՝ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ աղէտահար բնակիչներուն օգնութեան համար կազմակերպած «Ֆոնեթոն 2018»ը վերջ գտաւ 18 Նոյեմբերին:
Վեց հարիւր կամաւորներու հեռաձայններուն շնորհիւ, Ֆրանսայէն (1,137,746 եուրօ), Գերմանիայէն (73,845 եուրօ), Յունաստանէն (11,150 եուրօ) եւ Զուիցերիայէն (19,717 եուրօ) հանգանակուեցաւ 1.24 միլիոն եուրօ, նուիրատուութեան խոստումի ձեւով: Նշեալ գումարը մէկ տոկոսով աւելի է՝ քան նախորդ տարի հանգանակուածը: Նուէրներուն 1.14 միլիոնը կու գայ Ֆրանսայէն:
Այս տարի 700 նորեր միացած են նախորդ տարիներու նուիրատուներուն, 2018ի Ֆոնեթոնի նուիրատուներու ընդհանուր թիւը հասցնելով 10,000ի:
Հանգանակուած գումարը պիտի տրամադրուի գլխաւոր երեք նպատակներու. Տաւուշի (Հայաստան) սահմանային շրջանի գիւղերուն մէջ գիւղատնտեսական ծրագրերու զարգացման, Մարտունիի (Արցախ) շրջանի բնակարաններու եւ պետական շէնքերու (վարժարան, բուժարան, քաղաքապետարան) սարքաւորման, Հալէպի հայ բնակչութեան օժանդակութեան:
Այժմ, Ֆոնեթոնը վերջացած է, սակայն տակաւին կարելի է նուիրատուութիւն կատարել հիմնադրամի կայքին միջոցաւ՝ www.fondsarmenien.org կամ հեռաձայնելով՝ 0810 24 24 24 թիւին (տեղական հաղորդակցութեան սակով), մինչեւ 5 Յունուար 2019: