ՏՈՔԹ.ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
«Ազդակ»-ի բարեկամներուս ուշադրութեան
***Հակասական պատկերներ համաձայնող կողմերուն մօտ (5-10-22, էջ 1):
Պէտք է ըլլայ միջեւ, քանի ինչ-որ փոխադարձութիւն մը կայ. մէկը կը հակասէ միւսին:
Միւս կողմէ՝ մoտ-էն ընդհանրապէս խուսափիլ. արդի հայերէնը աղարտող ամենազզուելի գործօններէն մէկն է, որ դժբախտաբար մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ արդի արեւմտահայուն քով (ոչ՝ մօտ):
Նաեւ՝ « Երկու երկ
իրներուն մէջ երկխօսութիւններ սկսելու քաղաքական կամքի գոյութիւնն է (20-9-2022, էջ 8):
Երկխօսութիւնը (բաներու) մէջ չ’ըլլար, այլ (բաներու) միջեւ:
Երկխօսութիւններ յոգնակին անմարսելի է. պէտք է եզակի գործածել զայն:
Ասոր համար քիչ մը խելք եւ քիչ մըն ալ ճաշակ պէտք է գործադրէ գրողը: Փառք Աստուծոյ, երկուքն ալ լիաբուռն տրուած է մեր լրագրողներուն, ա՛լ ինչու խնայել, ո՞ր օրուան ի պահ կը դրուի ան: Գործածեցէ՛ք, եղբա՛յր, գործածեցէ՛ք, բարեխնամ Աստուած կը շարունակէ փոխարէնը ղրկել, անտես չի ձգեր:
***Հայ դատի մարմինը անոր ուշադրութեան հրաւիրեց տեսանիւթը (անդ):
Պէտք է ըլլայ՝ «ուշադրութեան յանձնեց տեսանիւթը»:
***Հանդէս եկած էր Ազրպեյճանին ամերիկեան օժանդակութենէ զրկող…(3-10-22, էջ 1):
Պէտք է ըլլայ՝ Ազրպեյճանը՝ հայցական հոլով, ուղիղ խնդիր:
Ազրպեյճանին ուղղակիօրէն պիտի զրկէ ամերիկեան օժանդակութենէ (անդ, էջ 7):
Նոյն սխալն է, որ կը կրկնուի. պէտք է ըլլայ Ազրպեյճանը՝ հայցական հոլով:
Ողղակիօրէն շատ ծանր ու ճնշիչ ոճ մըն է՝ կրկնակի մակբայ:
Ուղղակի բաւարար է:
***Նորայրը հետ չեկաւ …(1-10-2022, էջ 3):
Յետ չեկաւ, այսինքն՝ ի ետ չեկաւ՝ յետ չեկաւ:
***Կողմերը պէտք է յանձնառու մնան Կապոյտ գիծին դէմ որեւէ խախտում կասեցնելու (անդ, էջ 2):
Պէտք է ըլլայ՝ «Կապոյտ գիծին հանդէպ»:
***Սապի Ապու Մունա իր խօսքը ուղղելով պատասխանատուներուն կոչ ուղղեց ընտրելու…(4-10-2022, էջ 2):
Պէտք է ըսել, որ մեր գեղագէտները յատուկ տկարութիւն մը ունին «կրկնաբանութիւն» ըսուածին հանդէպ՝ չըսելու համար, որ յատուկ ձգողականութիւն մը կը ցուցաբերեն եւ ընդառաջ կ’երթան անոր, այլեւ կը փնտռեն զայն:
Ահա թէ ինչու կրկնաբանութիւնները կը վխտան հերթական թիւերու մէջ:
Մինչ պէտք է ըլլար հակառակը:
Եւ կրնար դիւրաւ ըլլալ:
«Սապի Ապի Մունա խօսքը ուղղելով պատասխանատուներուն թելադրեց ընտրել…»:
Կարելի է ըսել նաեւ՝ «հրաւիրեց զանոնք ընտրելու…» եւ ուրիշ շատ բաներ, կարեւորը փափաքիլն է:
Նաեւ՝ «համապատասխան գործիքակազմերու գործարկումով ճնշում գործադրելու Ազրպեյճանի վրայ (30-9-2022, էջ 1):
Եթէ քիչ մը յարգուի մեր լեզուն եւ ընթերցողը, ապա կարելի էր գրել՝ «համապատասխան գործիքակազմերու կիրարկումով ճնշում բանեցնելու Ազրպեյճանի վրայ»:
***Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը բարձր կրակի վրայ պիտի զետեղուի (անդ, էջ 4):
Այս «բարձր կրակի վրայ զետեղումը» ասացուածքը, որ բոլորովին օտար է, հազիւ թէ բան մը ըսէ արդի հայուն:
Մանաւանդ որ սխալ ընտրուած է «բարձր» ածականը:
Թերեւս «թէժ կրակի վրայ»-ն (feu artent, scorching fire) բան մը թելադրէր, թէեւ ատոր ալ կը կասկածիմ:
Լաւ կ’ըլլայ, որ այսպիսիներուն հայերէն համարժէքը,− թէկուզ մօտաւոր համարժէքը,− տրուի, քանի ազգային դարձուածքները սովորաբար լիովին թարգմանելի չեն:
Յիշենք պատմական փորձանք դարձած հետեւեալները՝
—Դիակը գարեջուրին մէջ դնելը…
–Պատերուն վրայ մողէզներու երեւումը…
—Attachons à la confiture-ը:
***Կը փորձէ իր պայմանները պարտադրել Հայաստանի վրայ (17-9-2022, էջ 8):
Պարտադրել բայը մաքուր տրական հոլով կը պահանջէ՝ առանց վրայ յետադրութեան. ուրեմն՝ «պայմանները պարտադրել Հայաստանի»:
–Քու պայմաններդ մի՛ պարտադրեր ինծի:
–Մեր պայմանները չպարտադրենք ուրիշներուն:
–Դահիճը իր պայմանները պարտադրեց զոհին:
Ինծի, ուրիշներուն, զոհին՝ երեքն ալ տրական հոլով դրուած են:
***Սահմանագծումը կը գտնուի վերջին փուլին մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք Լիբանան պիտի կարենայ… (6-10-2022, էջ 7):
Հայոց լեզուն աղաւաղելու առաքելութեան հաւատարիմ՝ մեր արդի լրագրողները խոր կառչածութիւն կը ցուցաբերեն այս զազրելի ռուսաբանութեան եւ անոր երկուորեակին՝ իբրեւ հետեւանք-ին,− որոնք ամէնօրեայ ներկայութիւն են այլեւս,− ընդմիշտ մոռցած ըլլալով հայերէն միւռոնաբոյր շնորհիւ, հետեւանքով, պատճառով, բերումով յետադրութիւնները հոն, ուր ո՛չ ազերիին, ո՛չ ալ թուրքին ճնշումը կը գործէ:
Հայը իր սեփական կամքով կ’ընէ այս բոլորը:
Մրցոյթ 88.
***Վերաշարադրէ՝ ջնջելով աւելորդաբանութիւնները:
—Մելոնին պիտի դառնայ Իտալիոյ առաջին կին վարչապետը:
—Նիստը յատկացուած էր եկեղեցիներու (իրացուցած) կրթական ծրագրերուն:
***Դուն ինչպէ՞ս կը դասաւորես դարձնելով բայը:
—Գաղթականական խմբաքանակներուն հետ կը գործուղուին նաեւ Թուրքիա ապաստանած ահաբեկիչներ` այս անգամ խնդրոյ առարկայ դարձնելով գործուղման վայրերու անվտանգութիւնը:
***Վերաշարադրէ՝ սրբագրելով խորթ շարադասութիւնները:
—Անուանի լրագրող մը կը յղանայ հետեւեալ առաքելութիւնը եւ գործադրութեան կը դնէ զայն։
—Ան կը համոզէ Վըրճինիա նահանգի բնակիչներէն 13 տարեկան Ճէք Ռիքոյի մայրը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (8), Քերոբ Էքիզեան (8), Լիւսի Տէօքմեճեան (5), Գեղամ Խաչատրեան(4), Վահէ Աբէլեան (6), Եփրեմ Թոքճեան (7), Ցոլակ Ապտալեան (6), Ռաֆֆի Ստեփանեան (9), Արմէն Պաղտոյեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (8), Համբարձում Յարթունեան (6), Գրիգոր Սիմոնեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (9):
Մրցոյթ 89.
***Լրացու՛ր ասոյթները.
–Բոլոր մեծ գործերու մեկնակէտին պիտի անպայման գտնէք ………. մը:
–Կիները ստեղծուած են սիրուելու եւ ոչ թէ ………. համար:
***Առողջակա՞ն, թէ՞ առողջապահական:
–Գաղթականները կը դիմագրաւեն ………. հարցեր:
–………. վիճակս պատճառ դարձաւ, որ ուշ դպրոց երթամ:
–Մեր տան մէջ ………. թելադրանքներ ընողը հայրս կ’ըլլար: