Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ Նոյեմբեր 2–ին աւարտին հասաւ Մամուլի եւ լրատուական գործակալութիւններու 19–րդ միջազգային ցուցահանդէսը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՙArmenpress՚-ը։
Ցուցահանդէսի փակման առիթով Իրանի Մշակոյթի եւ Կրօնական հարցերու նախարարութիւնը` Կրթութեան եւ տեղեկատւութեան նախարարութեան հետ համատեղ, կազմակերպեց պաշտօնական ճաշկերոյթ օտարերկրեայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու համար:
Ճաշկերոյթին ներկայ էր նաեւ Մշակոյթի եւ Կրօնական հարցերու փոխնախարար Մոհամմատ Ճաաֆար Մոհամմատ Զատէն:
Թեհրանեան ցուցահանդէսի ամբողջ ընթացքին Հայաստանի տաղաւարը ուշադրութեան կեդրոնին էր: Այս մասին ցուցահանդէսի օրերուն բազմիցս նշեցին թէ’ կազմակերպիչները, թէ’ օտարերկրեայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները, թէ’ ցուցահանդէսի այցելուները, եւ թէ իրանական մամուլը: Փառատօնի փակման օրը կազմակերպիչները փաստեցին. Հայաստանի տաղաւարը լաւագոյնը եղած է, ան ունեցած է ամենաշատ այցելուները եւ ամենալաւ կազմակերպուածը: Այս հարցով Հայաստանի հետ համեմատուած է միայն Սուրիոյ տաղաւարը:
Ցուցահանդէսի ամբողջ ընթացքին թեհրանահայ համայնքը մշտապէս գտնուեցաւ Հայաստանի պատուիրակութեան կողքին եւ մեծապէս աջակցեցաւ անոր:
Լրատուամիջոցներէն տեղեկանալով իրանաբնակ ատրպէյճանցիներու կողմէ Հայաստանի ներկայացուցիչներու նկատմամբ սադրանքներուն եւ հայերը վիճաբանութեան մէջ ներքաշելու անոնց փորձերու մասին` Թեհրանի մէջ բնակող մեր հայրենակիցները հասած են «Մուսալլա՚ սրահ, ուր տեղի կ’ունենար լրատուական ցուցահանդէսը: Վերջին օրերուն իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներէն ոմանք նոյնիսկ րոպէ անգամ չհեռացան Հայաստանի տաղաւարէն:
«Անկեղծ աշխարհ՚ խորագրի ներքոյ իրականացուող Մամուլի եւ լրատուական գործակալութիւններու 19–րդ միջազգային ցուցահանդէսին Հայաստանը կը ներկայացնէ ՙArmenpress՚ լրատուական գործակալութիւնը: Հայաստանէն բացի ցուցահանդէսին ներկայ էին աշխարհի 30 երկիրներու 50 լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:
Ցուցահանդէսի փակման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ այսօր՝ նոյեմբերի 3–ին: