Գահիրէի Հ. Բ. Ը. Մ.ի Հրատարակութեանց Լոյսին Տակ – թիւ 18
ՊԱՅՔԱՐ -188, Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ
Ա. Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին բռնագաղթուած եւ վերապրած հայերու մեծ մասը վերադարձան իրենց պապենական հողերն ու տուները: Պօղոս Նուպար փաշա, Միհրան Տամատեան ու այլ ազգային գործիչներ հայոց ընդհանուր վերակերտումի կողքին լծուեցան նաեւ հայոց անկախութեան պահանջատիրութեան: Հայասպանութեան պատճառով հայկական նահանգներու բարեկարգումներու հարցը չկար, այլ ամբողջական Հայաստանի մը գոյացման անհրաժեշտութիւնը կը շեշտուէր: Միւս կողմէ Հայաստանի արեւելեան հատուածին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը օժանդակեց ամբողջական հայկական օճախի ստեղծման նոր թափի հզօրացման: Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը ընդհանուր Հայկական հարցի լուծման նկատմամբ մասնակի քայլ մըն էր, հետեւաբար հայերը իրենց ճիգերը միացուցին եւ հայոց ձայնը հասցուցին Վերսայի վեհաժողովին՝ ապահովելով Կիլիկիոյ անկախութեան՝ 5 Օգոստոս, 1920, ու անկէ քանի մը օր ետք Սեւրի Դաշնագիրի ստորագրութեան (10 Օգոստոս, 1920) հռչակումը: Սակայն կարիքը կար Հայաստանի ամբողջացման, որուն հանդէպ մեծ ոյժերը մերժողական կեցուածք ցուցաբերեցին, քանի որ նախընտրեցին միայն իրենց շահերուն ետեւէ ըլլալ, քան՝ արդարութեան:
Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի վարչութեան որոշումով 2001ին ուսումնասիրուիլ սկսած էր «Հայաստան Եւ Հայերը 1876-1923 ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» գիտական հետազօտութեան ծրագիրը, որուն նպատակն է վերոյիշեալ ժամանակաշրջանի հայոց հետ կապուած կարեւոր դէպքերն ու անոնց արձագանգները վաւերագրել ըստ եգիպտական եւ արաբական մամուլի մէջ լոյս տեսած լուրերու եւ յօդուածներու: Այս հատորաշարքին առաջինը կը կրէ «Միջազգայնացում Եւ Բարենորոգումներ 1876-1893» խորագիրը, Գահիրէ, 2015, 550 էջ, որուն սկիզբը այդ գործին մասին տեղեկութիւններ կու տայ եւ զայն կը ներկայացնէ եգիպտահայ ազգային գործիչ ու տեղւոյն Հ.Բ.Ը.Մ.ի վարչութեան նախկին ատենապետ Պերճ Թերզեան: Ան կ’ըսէ թէ Վարչութիւնը այս գործը վստահեցաւ եգիպտական Տամանհուր Համալսարանի նորագոյն եւ ժամանակակից պատմութեան դասախօս՝ դոկտ. Մուհամմատ Ռիֆաաթ Ալ-Իմամի գլխաւորութեամբ գիտական հետազօտական խմբակի մը: Աւելի քան տասը տարուան պրպտումներու իբրեւ արդիւնք, արաբական մամուլի մէջէն երեւան եկան 36,000 էջ կտրօններ հայոց եւ Հայաստանի մասին: Սոյն վաւերագրութիւնները օգտագործուեցան կազմելու համար «Հայկական Հարցը 1876-1923 Ժամանակաշրջանի Արաբական Մամուլին Մէջ» ընդհանուր խորագրեալ հատորաշարքը, որուն նիւթերը հաւաքուած են 253 թերթերէ, եւ որուն եօթերորդն է սոյն հատորը, խորագրուած՝ «Համաձայնութիւններն Ու Դաշնագիրները 1919-1923» (Գահիրէի Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Սաթենիկ Չաքըր Ֆոնտի հրատ., Գահիրէ, 2019, 595 էջ), որուն մէջ կը կարդանք ազատ ու անկախ Հայաստանի հիմնադրութեան համար ի գործ դրուած ճիգերուն մասին բազմաթիւ յօդուածներ: Ուշագրաւ է էջ 39-ի «Հայերը Հաշտութեան Վեհաժողովին Մէջ» վերնագրեալ յօդուածը, որ կ’ակնարկէ Վերսայի Վեհաժողովին, որուն ընթացքին հայ ազգի երկու պատուիրակութեանց գլխաւորները՝ Պօղոս Նուպար փաշա եւ Աւետիս Ահարոնեան խօսք առնելով դրին հիմքերը ազատ անախ միացեալ Հայաստանի հիմնադրութեան: Այս առաջարկը դրական արձագանգ ունեցաւ շուտով Սեւրի (10 Օգոստոս, 1920) դաշնագիրի ստորագրութեամբ, բայց աւա՜ղ որ մեծ պետութիւնները շահամոլ գտնուելով ուրացան հայութեան բերած մեծ նպաստը դաշնակիցներուն եւ սերտօրէն գործակցեցան Մուսթաֆա Քեմալի հետ:
Վերսայի վեհաժողովը ունկնդրեց հայ ազգի երկու պատգամաւորներու՝ Պօղոս Նուպար փաշայի եւ Աւետիս Ահարոնեանի կարծիքներն եւ առաջարկները, որոնց կորիզը հայկական թագաւորութեան հաստատումն է: Գերմանացիներն ու Երիտթուրքերը դժկամութեամբ լսեցին սոյն առաջարկը, որովհետեւ անոնք հայերը բնաջնջելու ծրագիր ունեցած էին [որ ձախողեցաւ- Յ. Ի.] ըստ ֆրանսական «Լը Թան» թերթին: Հայերը բնաջնջելու մասին գերմանացի իրաւաբան Պասիոս գաղտնի ու երկար գրութեամբ մը արտայայտուած է: Ան կ’ըսէ թէ հայերը բաժան-բաժան ընելու եւ կոտորելու ծրագիրը մշակուած է 1915-ի Մարտ ամսուն: Թրքական կառավարութիւնը 1915-ին կ’աշխատի հայերը կանոնաւորբար եւ խումբերով հեռացնել իրենց պապենական հողերէն, տուներէն եւ ստացուածքներէն դէպի Միջագետքի անջրդի անապատները: Թուրքերը հայոց բռնագաղթուած կարաւանները ճամբու ընթացքին կը փճացնէին, բան մը որ սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. չյղացաւ այդ գաղափարը ու այդպիսի բան մը չ՛ըրաւ, ըստ անոր:
Հայոց բնաջնջման հարցին մասին Բրիտանական Խորհրդարանին զեկուցած է նաեւ անգլիացի Լորտ Պրայս 600 էջերու տեղեկագրով, կ’ըսէ եգիպտական «Ալ Ահրամ» թերթը: Այս զեկուցումը կ’ընդգրկէ Օսմանեան Պետութեան մէջ Ա. Մ. Ն.-ի հիւպատոսներուն եւ գերմանացի երեւելիներուն վկայութիւնները Հայասպանութեան վերաբերեալ: Սոյն տեղեկութիւններու վերջաւորութեան ֆրանսական «Լը Թան» թերթը կը գրէ. «Այս Ազգը, որ տակաւին կանգուն կը մնայ այսքան պատուհասներէ ետք հաշտութեան վեհաժողովին կը ներկայանայ ու իրեն համար տեղ կը պահանջէ արեւուն տակ» (էջ 40):
«Ալ Ահրամ» կը յիշէ թէ Վեհաժողովի ընթացքին ժողովականները կը քննարկեն հայոց զոհերուն թիւը: Ասոր կը յաջորդէ հայ պատգամաւորներու յստակացումը թէ հայոց հողերու պահանջքը վճռական ու հաստատ է եւ պէտք չէ ազդուի Հայասպանութեան պատճառով հայութեան բնակչութեան թիւի պակսելէն: Այդպիսի սխալ մը պէտք չէ գործուի որպէսզի ոճրագործը իր ոճիրէն չօգտուի: Հայ պատգամաւորները դաշնակիցներուն կրկին կը յիշեցնեն հայութեան զոհողութիւններուն եւ ծառայութիւններուն մասին՝ ի խնդիր դաշնակիցներու յաղթանակին:
«Ալ Ահրամ» իբրեւ եզրակացութիւն կը թուէ այն նահանգները, որոնք ժողովի ընթացքին հայերը կը պահանջեն որպէսզի մաս կազմեն ամբողջական Հայաստանի: Այս նիւթին անրամասնութիւնները կարելի է տեսնել 7-րդ հատորի էջ 42-ի մէջ:
Վերսայի Վեհաժողովի որոշումները Սեւրի դաշնագիրին հիմքերը կը կազմեն: Նոյն օրերուն՝ 5 Օգոստոս 1920-ին Ատանայի մէջ կը հռչակուի Հայկական Կիլիկիոյ անկախութիւնը նախագահութեամբ Միհրան Տամատեանի, բայց ֆրանսացիները զայն կը խափանեն, որովհետեւ քաղաքական հաշիւներով եւ տնտեսական շահերու մեծ ախորժակով ու հեռանկարով, նենգաբար կը գործակցին թուրքերու հետ, այսպիսով հայերը ցիր ու ցան ընելով աշհարհով մէկ:
Միհրան Տամատեան տքնաջան աշխատող մը եղած է ձեռք բերելու համար Կիլիկիոյ հայոց ապահովութիւնն ու անկախութիւնը: Անոր գործունէութիւնը ծաւալած է զանազան երկիրներ ինչպէս Ֆրանսա եւ Եգիպտոս: Միհրան Տամատեանի ուշքն ու միտքը կեդրոնացած էր հայոց կողմէ առաջարկուած եւ աննկատ ձգուած կիլիկեան արշաւանքին վրայ, որ պէտք է գործադրուէր դաշնակիցներու կողմէ նեցուկ ունենալով հայ կամաւորներն ու երիտասարդութիւնը: Ըստ Տամատեանի՝ առաջարկուած արշաւանքը Թուրքիան սիրտէն պիտի հարուածէր եւ այդ մէկը բռնագաղթուած, տարագիր ու վերապրած հայութեան համար փրկութիւն պիտի ըլլար: Միհրան Տամատեան կը գիտակցի թէ դաշնակիցները, մանաւանդ ֆրանսացիները իրենց համար աւելի շահաբեր կը նկատեն Թուրքիոյ խորերը տեղի ունեցող անցուդարձերուն հետեւիլ՝ թրքական բանակի շարժումները լրտեսելու եւ այս պատճառով անոնք Կիլիկիա արշաւելու ծրագիրը ծալլելով մէկ կողմ կը դնեն:
Միհրան Տամատեան Հայ ազգի հանդէպ իր խղճին պարտքը լրիւ կատարած է, սակայն միջազգային ոյժեր իրենց սեփական շահերէն ելլելով հայութեան ապահովելիք յաղթանակը վրիպեցուցած են եւ այսպիսով հայութիւնը իր արդար իրաւունքէն զրկած:
Միհրան Տամատեանի մասին Պետրոս Յ. Տեփոյեան իր յուշագիրքին՝ Միհրան Տամատեան 1863-1945 (հրատարակուած իբրեւ «Զարթօնք» օրաթերթի թերթօն, Պէյրութ, 1964, 240 էջ) էջ 148-ի մէջ կը վկայէ. «Բնական ընդունակութեամբ եւ հարուստ պաշարով իր մէջ կառուցուած բարձր անհատականութեան մը դրոշմով առինքնող էր ան եւ իր խօսակիցին ու գործակիցին կը փոխանցէր իր անձին առնչութեամբ վստահութիւն՝ իր ուղղամտութեան վրայ, եւ համոզում՝ իր կարողութեան եւ հեղինակութեան մասին: Ան առաջնորդող ծնած էր եւ առաքելական նուիրումով չափազանց քիչ հաւասարակիցներ ունեցող դասական դէմք մըն էր: Իր գործունէութեան բոլոր մարզերուն մէջ Միհրան Տամատեան դրաւ առաքելական նուիրում միայն իր ժողովուրդի բարիքին ու անոր քաղաքական դատին յաջողութեան համար» (էջ 148):
Այսպիսի հակահայկական քաղաքական խաղերու պատճառով Միհրան Տամատեանի եւ հայութեան իղձը՝ Կիլիկիոյ մէջ պետութիւն ունենալու ի թերեւ ելան, ի դժբախտութիւն մեր ազգին: