Լոս Անճելըսի Հանրային գրադարանին մէջ Հոկտեմբեր 6-ին կազմակերպուած է մշակութային երեկոյ` նուիրուած Հայ գրատպութեան 500-ամեայ յոբելեանին եւ Երեւանը Գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք հռչակելուն: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Երեկոն կազմակերպուած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան, Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Լոս Անճելըսի Հանրային գրադարանի համատեղ ջանքերով:
Նշեալ գրադարանի “Մարք Թէյփր” սրահին մէջ ելոյթ ունեցած է Երեւանի պետական մնջախաղի թատրոնը` գեղարուեստական ղեկավար Ժիրայր Դադասեանի գլխաւորութեամբ: Ներկայացուած է “Գիրք Ծաղկան” բեմադրութիւնը:
Երեկոն վարած են հոլիւուտեան յայտնի դերասան Քէն Դաւիդեանը եւ “Արփա” միջազգային փառատօնի տնօրէն Ալեքս Քալակնամոսը: