Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ սկաուտական Շարժումը փառապանծ շաբաթավերջ մը բոլորեց: Արդարեւ, Լեռնալիբանանի գեղատեսիլ երկու տարբեր վայրերու մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեան, Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Անթիլիաս եւ Հ.Ե.Ը. – Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումներուն զոյգ խարուկահանդէսները պսակուեցան կազմակերպչական, քարոզչական եւ համազգային փայլուն յաղթանակներով: Զոյգ խարուկահանդէսները եկան ապացուցելու, թէ լիբանանահայութիւնը յատկապէս եւ Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սկաուտական Շարժումը՝ ի մասնաւորին, յանձնառու կը մնան հայապահպանութեան, հայեցի դաստիարակութեան եւ Հայ Դատի հետապնդման առաքելութեան: Խարուկահանդէսները սկաուտական գիտելիքներու արտայայտութեան, տարուան մը տքնաջան աշխատանքներու արգասիք չէին լոկ, այլ՝ հայրենասիրութեան, Սփիւռք-հայրենիք յարաբերութիւններու ամրապնդման, հայ ժողովուրդի մշակութային, պատմական արժէքներու պահպանութեան, առողջ սերունդներու դաստիարակութեան արտայայտութիւն: Սովորական արարողութիւններ չէին Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Սեւանի եւ Հ.Ե.Ը -Անդրանիկ Անթիլիասի խարուկահանդէսները : Հ.Բ.Ը.Մ. -Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան դրօշին տակ, թիթեռներու, արծուիկներու, գայլիկներու, արենոյշներու, սկաուտներու, քառավելներու, երէցներու ելոյթները, արտասանած խօսքերը, ասմունքն ու պարերը, կենդանի ապացոյց են, թէ Հայու Ոգին վառ կը մնայ սփիւռքահայութեան սրտերուն մէջ, պայքարի կորով եւ վստահութիւն ներշնչելով ոչ միայն Հ.Ե.Ը. մեծ ընտանիքին, այլեւ՝ համայն հայութեան:
ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇՈՂ ԽԱՉԸ ԵՒ ԴՐՕՇԸ՝ ՀԵԸ- ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍԵՒԱՆ ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՊԱՏԿԵՐԸ
Կիրակի, 30 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան, Լեռնալիբանանի Շպենիյէի գեղատեսիլ ամարանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի տարեկան խարուկահանդէսը: Նախքան խարուկահանդէսը, երեք շաբաթներու վրայ երկարող, Սկաուտական Շարժում, Ծնողաց Վարչութիւն եւ կամաւոր սատարողներու միասնական ջանքերով գնահատելի այս բանակումը թեւակոխած էր իր վերջին ժամերը: Հասած էր երկար սպասուած խարուկահանդէսի օրը: Հանդիսաւոր այս արարողութեան ներկայ կը գտնուէին, Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբայր Վիգէն Չերչեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, արտասահմանէն ժամանած հիւրեր, Հ.Ե.Ը-Ադրանիկ Սեւան Գործադիր Մարմինի, ծնողաց վարչութեան անդամներ, ծնողներ, հարազատներ, Հ.Ե.Ը-ի զանազան վարչութիւններու ներկայացուցիչներ: Որքա՜ն մեծ ոգեւորութիւն պատճառեց Հ.Ե.Ը.-ի փողերախումբին հնչիւններուն տակ, Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի անդամներուն՝ թիթեռներ, արծուիկներ, գայլիկներ, արենոյշներ, սկաուտներ, քառավելներ, երէցներ յաղթական մուտքը խարուկահանդէսի վայրը: Յատուկ գնահատանքի արժանացաւ Հայաստանի, Հ.Ե.Ը.-ի եւ «A.E.L»ի դրօշներով ՝ Հ.Ե.Ը-Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումին պատրաստած կայմը: Լիբանանի, Հայաստանի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Ը.-ի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, յանուն Հ.Ե.Ը- Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումին եղբայր Սեւակ Ապատեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան դիտել տուաւ, թէ սոյն խարուկահանդէսով իր լռումին կը հասնէր 2014-2015 տարուան սկաուտական տարեշրջանը: Ապա, ան թուեց Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Սեւանի նուաճուները,սկսելով «Միշտ Պատրաստ» ամսաթերթի լոյս ընծայումէն: Եղբայր Ապատեան բացատրեց Սկաուտական կայմին խորհուրդը: Կայմին գագաթը գտնուող Խաչին եւ Եռագոյն դրօշին իմաստը : խորհրդապատկերը կը ներկայացնէր աշխարհի չորս ծագերուն վրայ հայ ժողովուրդը: Ապա քոյր Գարին Առաքելեան, Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումին անունով Արաբերէն լեզուով հաճելի ժամանց մաղթեց ներկաներուն: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց քոմիսէրներ Զէյնա Խուրիին եւ Փէրուզ Թիւթինճեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք սատարեցին բանակումին յաջողութեան: Հ.Ե.Ը.- Անդրանիկ Սեւան Գործադիր Մարմինի ատենապետ, Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Յակոբ Թելվիզեան ողջունեց նեկաները եւ արժեւորեց Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումին գործունէութիւնը, մաղթելով նորանոր նուաճումներ: Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Հ.Ե.Ը . –Անդրանիկ Սեւանի Ծնողաց Վարչութեան: Հ.Ե.Ը.- Վեթերան Սկաուտներու ատենապետ քոյր Մայտա Քիւրեճեան հաճելի անակնկալ մը մատուցեց ներկաներուն, յայտնելով, թէ բանակավայր կը գտնուէր Հ.Ե.Ը.- Սկաուտական Շարժումի երախտաւորներէն եղբայր Սեպուհ Պաղտոյեանը: Այս առիթով, քոյր Մայտա Քիւրեճեան, բանակավայր գտնուող վեթերան Սկաուտներու հետ յիշատակի վզնոցով մը պարգեւատրեց եղբայր Սեպուհ Պաղտոյեանը: Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբայր Վիգէն Չերչեան շնորհաւորեց Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումը՝ բանակումին արձանագրած յաջողութեան առիթով եւ հաւաքական աշխատանքով վերելք մաղթեց Հ.Ե.Ը.-ի բոլոր միաւորներուն: Հասած էր խարոյկը վարելու պահը: Հերթաբար հրաւիրուեցան Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբայր Վիգէն Չերչեան, Հ.Ե.Ը. –Անդրանիկ Սեւանի նախկին երախտաւոր խմբապետներ Գէորգ Սանթուրեան, Յակոբ Թելվիզեան, Սեպուհ Պաղտոյեան եւ Հայկ Կոճիկեան վարելու խարոյկը: Գեղեցիկ եւ տպաւորիչ այս մթնոլորտին մէջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական գնահատելի յայտագիր մը: Հայ բանաստեղծութեան, գոհարներէն քառեակներ, հայերէն՝ ժողովրդային եւ ազգային երգեր, «սքեչ»ներ, յաջորդեցին զիրար, արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութիւններուն: Ուրախ եւ հաճելի այս մթնոլորտին մէջ կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Գեղարուեստական յատագիրի վերջաւորութեան, մեծ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Հ.Ե.Ը-Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի տարուան գործունէութիւնը խտացնող տեսահոլովակ մը: Հ.Ե.Ը.-Անդրանիկ Սեւան Սկաուտական Շարժումի տարեկան բանակումը վերջ գտաւ հայրենասիրական երգերու խմբային կատարողութեամբ եւ տօնական հրավառութեամբ:
The Campfire ceremony of the AGBU-AYA Antranik-Sevan Scouts Movement was held on Sunday August 30, 2015 in the Chbaniye Campsite at 6:00 PM. More than 230 members of the AYA Sevan Scouts Movement including the Scouts leadership, butterflies, brownies, cub, boy and girl scouts, caravelles and rovers enthusiastically prepared the Campfire ceremony program which was the closing event of the 2014-2015 summer camp. Dances, songs, poetry and sketches were presented by the various units of the Sevan Scouts Movement The Campfire Ceremony was attended by the AYA Central Committee chairman and members, overseas guests, AYA Antranik-Sevan Executive Committee chairman and members, representatives of the various AYA committees and a large number of parents and friends. The participant scout groups who marched towards the campfire place were headed by the AYA Marching Band conducted by Garo Geukgeuzian who performed the Lebanese, Armenian, AGBU and AYA anthems. On behalf of the Antranik-Sevan Scouts Movement Sevag Abadian welcomed the ceremony attendees (in Armenian) and emphasized on the achievements of the Sevan Scouts Movement during the 2014-2015 scouts season. Then, Caline Arakelian (in Arabic) thanked those who contributed for the success of the 2014-2015 summer camp including Commissaires Zeina Khoury and Perouz Tutunjian. In his turn, Antranik-Sevan Executive Committee Chairman and Central Committee secretary Hagop Telvizian highly appreciated the achievements of the Antranik-Sevan Scouts Movement wishing them prosperity and success in their future plans. This was followed by the speech of the AYA Central Committee Chairman Vicken Tchertchian who congratulated the Antranik-Sevan Scouts Movement for their hard work. Finally, the ceremony was closed by the scouts’ traditional farewell song.