Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան տագնապը լուծելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նախագահ Աունի Քաթար այցելութեան, իսկ վարչապետ Միքաթիի Վատիկան այցելութեան արդիւնքներուն:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի բաւարարուեցաւ ըսելով. «Կառավարութիւնը ընթացքի մէջ է, սակայն նախարարաց խորհուրդը` ոչ»:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ռոժէ Ազար:
Քննարկուեցան լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Քեսրուան-Ֆթուհ շրջանի կարիքները, յատկապէս` Ճիւնիի նաւահանգիստի ծրագիրը ամբողջացնելու կարեւորութիւնը:
Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակին առիթով ախագահ Աուն երէկ ստացաւ նաեւ այլ շնորհաւորագիրներ` Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Քուէյթի Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին, Քուէյթի վարչապետ Սապահ Խալետ Համատ Սապահի, Քուէյթի գահաժառանգ իշխան Մաշաալ Ահմետ Ժապեր Սապահի եւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի կողմէ: