Արտակարգ զարգացումներու բացակայութեան լիբանանեան կառավարութիւնը ինքնակոչ արձակուրդ մը յայտարարած է իր բոլոր անդամներուն£ Նախարարաց խորհուրդի յաջորդ նիստը սկզբունքով տեղի պիտի ունենայ 2 Օգոստոսի յետմիջօրէին: Տաք օրակարգեր կը սպասեն նոր կառավարութիւնը ծովային սահմանագիծերու յստակացումը, վարչական նշանակումները, Միջազգային Ատեանին շուրջ կեցուածքները, ելեկտրականութեան յաւելեալ ընդհատումները, ամսականներու յաւելման թղթածրարը, եւ այլ հարցեր: Լիբանանեան իշխանութիւններու ներկայացուցիչները, առաւել ե՛ւս օտար դիւանագիտութեան ծառայողներ կը հաստատեն խառնաշփոթ իրողութեան մը առկայութիւնը:
Այս սպասողական կացութիւնը յաւելեալ մագլցումներէ խնայելու մտահոգութեամբ, նախագահ Միշէլ Սըլէյման ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով կը փորձէ երկխօսութեան սեղանին շուրջ համախմբել քաղաքական կողմերը: Նախագահին համոզումով, միայն երկխօսութեան ճամբով կարելի պիտի ըլլայ լուծել տարակարծութիւնները եւ հաւաքական կեցուածքով յաղթահարել արտաքին մարտահրաւէրները:
Ոչ ոք կը կասկածի հանրապետութեան նախագահին ողջախոհութեան եւ բարեմտութեան: Բայց արդեօ՞ք քաղաքական բոլոր ուժերը կը բաժնեն նախագահին մտահոգութիւնները: Արդեօ՞ք բոլոր ուժերը մտահոգուած են Լիբանանի ճակատագիրով: Դժբախտաբար, քիչեր կը բաժնեն նախագահին մտահոգութիւնները: Մեծամասնութիւնը տեղական ու շրջանային զանազան պատճառներով տարբեր տեսանկիւնէ կը դիտէ նախագահին կոչերը: Ոմանք, քաղաքական որոշ իրողութեան մը թելադրութեան տակ, կը փորձեն կատարաուած կացութեան առջեւ դնել իրենց ընդդիմախօսները: Ուրիշներ կը խօսին կարծէք երկխօսութեան նիստերը ըլլային աւարտած: Ոմանք նախապայմաններ կը ներկայացնեն մասնակցութեան եւ քննարկելիք օրակարգերու վերաբերեալ:
Կարելի է երկար վիճիլ երկխօսութեան նիստերու ընթացքին քննարկուելիք օրակարգերուն մասին, սակայն նախքան բիւզանդական բանավէճերու մէջ մխրճուիլը, լիբանանցիները իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն պարտին իրար համոզել, որ Լիբանանի կայունութիւնը, անվտանգութիւնը, բարգաւաճումը, անոր գերիշխանութեան ու ժողովրդավար դրութեան պահպանումը ընդհանուր մտահոգութիւն է: Այսինքն բոլորին սեւեռակէտն է: Մարոքէն մինչեւ Աֆղանիստան տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումները լիբանանցիներուն պէտք է մինչեւ հիմա յուշած ըլլային, որ անհրաժեշտ է դուրս գալ եւ ձերբազատուիլ օտար առանցքներու գործակատարը մնալու տխուր եւ քայքայիչ երեւոյթէն: Ցաւալի է խօսիլ այս մասին: Տակաւին Հինգշաբթի օր Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լավրով, անգամ մը եւս լիբանանցիներուն թելադրեց վերադառնալ երկխօսութեան սեղան եւ հեռու մնալ շրջանային առանցքներէն£ Ցաւալի է տեսնել, որ Լիբանանի քաղաքական այրերու մեծամասնութիւնը լիբանանեան հայրենիքի մէջ դարձած է Իրանի, Մ. Նահանգներու, Սուրիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ մասամբ նորին շահերուն պաշտպանը: Քիչերու մօտ միայն շօշափելի է հզօր ու գերիշխան պետականութիւն կերտելու ազգային գիտակցութիւնը: Մեծամասնութիւնը, գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար երկիրը կը խրէ միջհամայնքային հակամարտութեան եւ հետեւանքները մութ անդունդի մը մէջ: Ուստի, երկխօսութեան օրակարգերը ճշդելէ կամ օրակարգերուն հերթականութեան եւ ընտրու¢թեան վիճելէ առաջ, նախագահ Միշէլ Սըլէյմանէն կþակնկալուի նախ հայրենիքին ծառայելու խոստովանանքի հրաւիրել կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը: Երկխօսութիւնը իր նպատակին կրնայ ծառայել այն պահուն, երբ բոլորին մտահոգութեան սեւեռակէտը, դառնայ Լիբանանը: Միայն փոխադարձ զիջումները եւ յանձնառու պիտի վերականգնեն լիբանանեան հոսանքներու միջեւ կորսուած վստահութիւնը: Փոխադարձ հասկացողութեամբ լիբանանցիները հաւաքաբար զօրավիգ պիտի մնան Միջազգային Ատեանին: Փոխադարձ հասկացողութեամբ հրապարակէն կարելի պիտի ըլլայ հեռացնել Հըզպալլայի զէնքը եւ միաժամանակ լուծում գտնել գաղթակայաններէն դուրս գտնուող պաղեստինեան զէնքին: Փոխադարձ հասկացողութեամբ կարելի պիտի ըլլայ կասեցնել արմատական կազմակերպութիւններուն փոխանցուող նիւթական եւ ռազմական օժանդակութիւնները: Փոխադարձ հասկացողութեամբ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն կարելի պիտի ըլլայ պահանջել Շեպաա Ագարակներէն իսրայէլեան զօրքերուն հեռացումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ծովային հարստութիւններու պաշտպանութիւնը: Փոխադարձ վստահութեան վերականգնումով, լիբանանեան կառավարութիւնը “որեւէ կառավարութիւն” պիտի յաջողի լուծումներ գտնել երկրին ու քաղաքացիներուն դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական հարցերուն գործազրկութեան, երիտասարդական արտագաղթին:
Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ ստեղծուած այսօրուան երկփեղկումը նպաստաւոր է բոլորին, բացի Լիբանանէն: Որքան նախանձախնդիր են լիբանանցիները իրենց հայրենիքին ճակատագիրով, յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
www.araraddailynews.com