Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ Մեսրոպեան վարժարանը Լիբանանի ճատրակի 2013-ի տարիքային անհատական ախոյանութեան մէջ արձանագրած է մեծյ աջողութիւններ:
10 տարեկանէն վար աղջկանց դասակարգին մէջ մեսրոպեանական Նանօր Առնելեան հանդիսացած է Լիբանանի ախոյեան, մինչ 12 տարեկանէն վար տղոց ախոյանութեան տիրացած Ճիօ Գալուստ:
Յայտնենք, որ մրցումին Մեսրոպեան վարժարանէն նաեւ մասնակցած էին Յակոբ Թերզեան, Յովսէփ Գիրազեան եւ Կարօ Գալֆայեան:
Նշեալ յաջողութիւնը իրականացած է շնորհիւ աշակերտ-ծնողք-ուսուցիչ գործակցութեան, բծախնդիր աշխատանքին եւ հետեւողական մօտեցումին: Այստեղ, մեծապէս գնահատելի է վարժարանի արտադասարանային խումբերու ճատրակի խումբի ուսուցիչ պրն.Էլի Հուլիշեանին դերակատարութիւնը:
Մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք երկու ախոյաններուն` Նանօր Առնէլեանին եւ Ճիօ Գալուստին, անոնց ծնողներուն ուուսուցիչին, եւ կը մաղթենք, որ ճատրակի մեսրոպեանական աշակերտները միեւնոյն ոգիով եւ յաւելեալ թափով կը շարունակեն իրենց աշխատանքները:
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ