Երէկ ընթացք առին Լիբանան ապաստանած սուրիահայ ընտանիքներու նպաստաբաշխումի աշխատանքները` կազմակերպութեամբ այս հարցով զբաղող լիբանանահայ միջբարեսիրական մարմինին:
Նպաստաբաշխումի աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ յառաջիկայ օրերուն: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտէն նպաստներ կը ստանան լիբանանահայ բարեսիրական միութիւններու մօտ արձանագրուած սուրիահայ բազմահարիւր ընտանիքներ:
Նպաստները տրամադրուած են Լիբանանի Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդին կողմէ: Անոնք կ՛ընդգրկեն սննդամթերք, խոհանոցային անմիջական գործածութեան նիւթեր եւ պլանքեթներ:
Նպաստաբաշխումի աշխատանքներուն հետեւելու համար երէկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ այցելեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Նոյն նպատակով դաշտ այցելեցին Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդի պատասխանատուները, որոնք գնահատանքով արտայայտուեցան նպաստաբաշխումի կանոնաւոր եւ բծախնդիր կազմակերպման մասին: