ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ (ՊՈԼԻՍ)
(Վաստակաշատ ուսուցիչ, երկարամեայ լրագրող -գրագիտուհի)
Հայ եկեղեցական կեանքին մէջ իր ոսկեդրուագ կնիքը դրոշմած է Թուրքիոյ հայոց 82-րդ մեծանուն պատրիարք, երջանկայիշատակ Շնորհք արք. Գալուստեանը, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ անմահանուն առաքեալը, երախտարժան առաջնորդը, որ գահակալեց 29 երկար տարիներ, եւ որ իր անբասիր կեանքով եւ սխրալի իրագործումներով անջնջելի անուն թողուց հաւատացեալ ժողովուրդի սրտերէն ու հոգիներէն ներս:
Թէ ո՞վ էր Շնորհք պատրիարք, ինչպիսի՞ ճակատագիր մը սահմանուած էր իրեն:
Թուրքիոյ հայոց 82-րդ պատրիարք Շնորհք արք. Գալուստեան ծնած էր 1913-ին, Եոզկատի Իյտէլի գիւղին մէջ: Աւազանի անունով կը կոչուէր Արշակ: Զաւակն էր գիւղին հարուստ եւ ազդեցիկ ընտանիքներէն մէկուն: Հայրը կը կոչուէր Միհրան, իսկ մայրը` Շուշան-Կիւլթանէ: Ունէր եղբայր մը` Արմէն եւ երկու քոյրեր` Անուշ եւ Շնորհիկ: Ասոնցմէ Անուշ վաղամեռ եղաւ, իսկ Շնորհիկ մնաց մօրը քով, Իյտէլի գիւղին մէջ: 1915-ի սեւ օրերուն, երբ տակաւին հազիւ երկու տարեկան էր, Արշակ որբացաւ իր հօրմէն: Եղբայրը կանուխէն ղրկուած էր Թալասի ամերիկեան որբանոցը, ուր ան հետագային զոհ գնաց ջերմի համաճարակին: Երբ գիտակցութեան տարիքին հասաւ, Արշակ կ՛ապրէր մօրը` Շուշանին եւ քրոջը` Շնորհիկին հետ: 1922-ին փոքրիկն Արշակ բաժնուեցաւ իր մօրմէն` երթալու համար կապադովկեան Կեսարիոյ Թալաս գիւղի Ամերիկեան քոլեճի որբանոցը իր եղբօր` Արմէնին քով: Կարճ ժամանակ վերջ քաղաքական անապահով եւ աննպաստ պայմաններու բերմամբ, Ամերիկեան «Ռիլիֆ» կազմակերպութիւնը Անատոլուի իրենց հսկողութեան տակ գտնուող բոլոր որբանոցները փոխադրեց Միջին Արեւելք: Արմէն եւ Արշակ այս շրջանին փոխադրուեցան Պաղեստին, Նահր Իպրահիմի, ապա Նազարէթի ամերիկեան որբանոցները:
Արմէն եւ Արշակ նախ մտան Նահր Իպրահիմ որբանոցը: Հոս էր, որ Արշակ ճանչցաւ հայերէն գիրերը եւ սկսաւ հետաքրքրուիլ նկարներով, որոնք կախուած էին որբանոցին մէջ: 1923-ի ամառը բոլոր աշակերտները վարակուեցան ջերմէ: Արշակ, այդ համաճարակին, իրենց գիւղէն աշակերտներու կողքին, կորսնցուց նաեւ իր եղբայրը` Արմէնը:
Այդ թուականէն սկսեալ փոքրիկն Արշակ առանձին էր այլեւս, զուրկ` ընտանեկան տաքուկ յարկի մը ընձեռած բարիքներէն: Պիտի ունենար դժնդակ մանկութիւն մը, կեանքի բազմապիսի դառնութիւնները ճաշակելով: 1955-ին, 33 տարի ետք է, որ ան պիտի վերագտնէր իր սիրեցեալ մայրը:
Հոս պիտի ուզեմ մէջբերում մը ընել եւ յայտնել, որ ես եղայ այն առանձնաշնորհեալ երջանիկ անձը, որ երիտասարդ տարիքիս արժանացայ Շնորհք պատրիարքի գնահատանքին եւ վստահութեան` բախտաւորութիւնն ունենալով ուսումնասիրելու իր երիտասարդական տարիներու կեանքը:
1987-ին պիտի տօնէինք Շնորհք պատրիարքի գահակալութեան 25-ամեակը: Ասիկա պատմական առիթ էր, որպէսզի ամբողջ Թուրքիոյ հայութիւնը փառաւոր հանդիսութիւններով արտայայտէր իր որդիական սէրն ու երախտագիտութիւնը` հանդէպ իր հոգեւոր պետին:
Այս առիթով որոշուեցաւ, որ իր կեանքին ու գործին մասին գիրք մը տպուի: Գիրքը խմբագրելու պաշտօնը յանձնուեցաւ «Մարմարա»-ի խմբագրապետ Ռ. Հատտէճեանին: Ես ստանձնեցի Շնորհք պատրիարքին հետ պարբերական հարցազրոյցներ ընելու եւ հատորի պատրաստութեան օժանդակելու պաշտօնը: Իսկ եղբայրս` Գէորգը պիտի պատրաստէր նկարները, պիտի կատարէր գիրքի էջադրութիւնն ու գեղարուեստական ձեւաւորումը: Այսպէս, ուրեմն, երեքով գործի լծուեցանք:
Այդ առիթով է, որ Շնորհք պատրիարք յիշեց, որ ունէր օրագրութեան տետրակներ, որոնք կրնային օգտակար ըլլալ ինծի` իմ աշխատանքիս համար: Խնդրեցի, որ պատրիարք հայրը ինծի յանձնէ այդ տետրակները, որպէսզի քաղուածքներ ընեմ անոնց մէջէն: Շնորհք պատրիարք նախ վարանեցաւ, ապա յօժարեցաւ ինծի յանձնել իր օրագրութեան 17 տետրակները, որոնք կը կրէին 1938-էն մինչեւ 1944 թուականները:
Երբ սկսայ կարդալ զանոնք, զարմացայ ու հիացայ: Սքանչելի էջեր էին անոնք` բաբախուն, շահեկան, պերճախօս, խորիմաստ, որոնք մեր աչքերուն դիմաց կը պարզէին մեր հոգեւոր պետին երիտասարդական օրերու յուզական կեանքի դրուագները, մեր եկեղեցական կեանքի կարեւոր եւ նշանակալի դէպքերը, ինչպէս նաեւ առօրեայ ապրումներ, անհատական փորձառութիւններ, մտածումներ եւ գաղափարներ` ցոլացած մեր պատրիարք հօր աշխարհահայեացքի պրիսմակէն: Արտակարգօրէն գեղեցիկ այդ էջերը լեցուն էին գրական շնորհով եւ անպայման արժանի էին հրատարակութեան:
Ես խմբագրեցի այդ էջերը, «Մարմարա»-ի մէջ հրատարակեցի յօդուածաշարքի ձեւով, ապա 1989-ին լոյս ընծայեցի «Էջեր Շնորհք պատրիարքի օրագրութենէն» խորագրով` գիրքին սկիզբը ստորագրելով նաեւ ներածական մը:
Օրագրութեան էջերուն մէջ ակնբախ ձեւով յայտնի կը դառնայ, որ Շնորհք պատրիարք շատ երիտասարդ տարիքին կանխատեսած է իր մէջ հոգեւորականի կոչումը:
Այս մասին պերճախօս են սա տողերը, որոնք քաղուած են իր 7 նոյեմբեր 1935-ի օրագրութենէն.
«Այսօր կ՛ուզեմ բանալ հոգւոյս ծալքերը եւ ներկայացնել զայն ինչպէս որ է անիկա: Մեծ մարդ ըլլալու` խոշոր բաղձանք մը ունիմ. ո՛վ չունի որ… Մեծ մարդ ըլլալ` ո՛չ թէ մեծ մարդու վայելած փառքի կամ առանձնաշնորհութեան սիրոյն: Երբե՛ք: Կ՛ատեմ փառքը, մանաւանդ` սին փառքը: Փառքը, որուն ետեւ ոչի՛նչ կայ: Կ՛ատեմ նաեւ վայելքը: Առաջինը անոր համար, որ փառքը միմիայն Աստուծոյ վայել է, մենք մեր փառքը կրնանք գտնել լոկ Աստուծոյ փառաւորումին մէջ: Իմ մեծագոյն փառասիրութիւնս ա՛յս է. անձիս վրայ տեսանելի կերպով զԱստուած փառաւորել, Աստուծոյ փառք ու պատիւ բերող արարած մը ըլլալ: Իմ մեծագոյն փառասիրութիւնն այն է, որ մարդիկ տեսնելով կեանքս եւ գործերս, ըսեն ո՛չ թէ ինծի, այլ ինծի համար, իմ մասին. «Աստուծոյ մարդն է, կարծես Աստուած է անոր մէջ գործողը, փառք Աստուծոյ, որ այսպիսի մարդ մը ունինք, փա՛ռք քեզ Տէր, որ այսպիսի մարդ մը պարգեւեցիր մեզի: Ա՛յս է իմ փառասիրութիւնը»:
Շնորհք պատրիարքի երիտասարդական շրջանի օրագրութեան այս բաժինը կարդալ ու չյուզուիլ` անկարելի է: Մարդ կը յուզուի ու կը զարմանայ, թէ երիտասարդ վարդապետը ինչպիսի՛ մարգարէացում ունեցեր է ապագայի նկատմամբ, կամ թէ ինչպէ՛ս յաջողեր է իրագործել իր իտէալը եւ իսկապէս դարձեր է մէկը, որ նախախնամական դեր պիտի կատարէր Հայաստանեայց եկեղեցիէն ներս, պիտի արժանանար մեր ամբողջ ժողովուրդի հիացումին ու երախտագիտութեան, եւ որուն համար ամբողջ ժողովուրդ մը փառք պիտի տար Աստուծոյ ու պիտի ըսէր. «Տէ՛ր իմ, շնորհակալ ենք, որ մեզի շնորհեցիր այսպիսի հոգեւոր պետ մը, այսպիսի արժէքաւոր ու սրբակենցաղ առաջնորդ մը»:
Իսկ 11 օգոստոս 1941-ի օրագրութեան մէջ երիտասարդ աբեղան կը հաւատայ, որ նախախնամութիւնը պաշտօն մը տնօրինած է իրեն. կը նախզգայ, կը մարգարէանայ, որ կարեւոր առաքելութեամբ մը աշխարհ եկած է:
Այս մասին ապացոյց են ահաւասիկ իր սա տողերը. «Համոզումս հետզհետէ կը զօրանայ սա կէտին շուրջ, թէ սահմանուած եմ կարեւոր գործի մը եւ, հետեւաբար, ըստ այնմ պէտք է պատրաստուիմ… Իսկ թէ ի՛նչ է այդ կարեւոր գործը, առ այժմ ինծի կը մնայ անծանօթ: Այսքանը ծանօթ է, որ ատիկա պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի բարձրացման ու բարելաւման պատճառ եղող գործ մը…»:
Շնորհք պատրիարքի օրագրութեան էջերէն կը ցոլանայ համբուրելի պարզութիւն եւ անմեղունակ ճշմարտախօսութիւն մը: Իր այս չքնաղ առաքինութիւններուն բաբախուն մէկ արտայայտութիւնն է 11 դեկտեմբեր 1937-ի օրագրութիւնը, ուր երիտասարդ աբեղան կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս զգացած է իր մէջ հոգեւորականի կոչումը.
«Իմ մէջ հոգեւորական դառնալու զգացումը սկսած է անգիտակցաբար եւ գրեթէ բնազդական ձեւով մը: Մեր գիւղին մէջ անշուշտ պիտի չկարենայի այդ զգացումը ունենալ, որովհետեւ չափազանց անառակ էի: Ընկերներս, բառին բովանդակ առումով, փողոցային տղաք էին: Բնականաբար ես անոնցմէ տարբեր չէի կրնար ըլլալ: Գրեթէ կէս մը, եթէ ոչ` ամբողջութեամբ, կորսնցուցած էի ինքնութիւնս: Ծեծկռտուք, կռիւ, սրիկայութիւն, գողութիւն. ասոնք էին մեր կեանքին յոռի կողմին յատկանիշները: Սակայն գիւղական կեանքէս երկու պահեր խորապէս տպաւորուած կը մնան մտքիս մէջ: Երբ աչքս բացի, մեր գիւղի եկեղեցին աւերակ տեսայ: Բայց մեր գիւղացիք` հայեր, հակառակ տէրտէր եւ եկեղեցի չունենալնուն, կը հաւաքուէին ու կ՛աղօթէին: Ես երբեք ներկայ չեմ գտնուած այդ հաւաքոյթներուն, բայց կը լսէի: Անգամ մը դրացիներ փորձեցին զիս ալ տանիլ: Ոգի ի բռին ընդդիմացայ: Կիներէն մէկը փորձեց զիս կռնակը առնել ու բռնի եկեղեցի տանիլ: Բայց կռնակին վրայ խեղճ կինը այնքա՜ն չարչարեցի, որ ան ստիպուեցաւ հրաժարիլ զիս եկեղեցի տանելու գաղափարէն:
«Միւս դէպքը, զոր կը յիշեմ, հետեւեալն է. անգամ մը տիրոջս գոմէշները արածելու տարած էի: Սակայն այս անհեթեթ կենդանիները կառավարելու գործին մէջ այնքան չարչարուեցայ եւ այնքան նեղուեցայ, որ ի վերջոյ յուսահատ, բլուրի մը վրայ նստած սկսայ լալ եւ բերնէս անզգալաբար սա բառերը դուրս թռան. Աստուա՛ծ իմ, ե՞րբ պիտի ազատես զիս այս չարչարանքէն: Որքան որ կը յիշեմ, առաջին անգամ էր, որ Աստուծոյ աղաչանք կ՛ուղղէի: Այս դէպքէն ոչ շատ օրեր ետք որբանոց դրուեցայ»:
Պատանի Արշակ 14 յուլիս 1927-ին առաջնորդուեցաւ Երուսաղէմ` Ժառանգաւորաց վարժարան, հոգեւոր պատրաստութեան համար: 1932-ին սարկաւագ ձեռնադրուեցաւ: 1935-ին արմաշական մեծ հոգեւորական Թորգոմ պատրիարք Գուշակեանի ձեռամբ ձեռնադրուեցաւ աբեղայ` ստանալով Շնորհք անունը: Իր անդրանիկ պատարագը մատոյց 29 օգոստոս 1935-ին: Իսկ 5 յունիս 1937-ին կարգուեցաւ տեսուչ` Սրբոց Յակոբեանց տպարանին եւ փոխ խմբագիր` «Սիոն» պաշտօնաթերթին: Վարդապետական աստիճանը ստացաւ Գուշակեան պատրիարքի ձեռամբ: Հոգեւոր պաշտօններով գնաց Անթիլիաս, Լոնտոն, ապա` Ամերիկա: 1952-ին առաջնորդ ընտրուեցաւ Քալիֆորնիոյ, Տիրան արք. Ներսոյեանի ձեռամբ, ստանալով ծայրագոյն վարդապետի աստիճան:
Քալիֆորնիոյ առաջնորդարանի կեդրոնը Ֆրեզնօ էր: Շնորհք ծ. վրդ. մինչեւ 1955 յաջողապէս շարունակեց իր առաջնորդութեան պաշտօնը ո՛չ միայն Ֆրէզնոյի, այլ Լոս Անճելըսի մէջ: 2 հոկտեմբեր 1955-ին Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս հայրապետական օծում ստացաւ: Յաջորդ կիրակի, 9 հոկտեմբերին, Շնորհք ծ. վարդապետ 6 օծակիցներու հետ միասին Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ձեռամբ ձեռնադրուեցաւ եպիսկոպոս: Վազգէն կաթողիկոս կանուխէն տեսած էր Շնորհք սրբազանի մէջ բարի խմորը եւ նուիրեալ ոգին: Ուստի, եպիսկոպոսական ձեռնադրութենէն անմիջապէս վերջ իրեն առաջարկեց ստանձնել Էջմիածնայ ճեմարանի տեսչութիւնը: Շնորհք սրբազան ընդունեց, բայց պաշտօնի ձեռնարկելէ առաջ ուզեց Ամերիկա դառնալ` իր գործերը կարգադրելու եւ հրաժարելու առաջնորդական պաշտօնէն: Նախ հանդիպեցաւ Պոլիս, ուր իր մայրը վերագտաւ 33 տարուան բաժանումէ ետք: Հազիւ Քալիֆորնիա պիտի երթար, երբ ծագեցաւ Անթիլիասի կաթողիկոսութեան ընտրութեան հարցը: Տարակարծութիւններ ստեղծուեցան Մայր Աթոռի եւ Անթիլիասի միջեւ: Վեհափառը Գահիրէ գնաց, ուր գումարուեցաւ մեր ժամանակներու առաջին եպիսկոպոսական ժողովը: Ժողովին մասնակցեցաւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Գարեգին Խաչատուրեան, նաեւ` Շնորհք եպիսկոպոս: Յետոյ Շնորհք եպիսկոպոս Խաչատուրեան պատրիարքի հետ կարճ միջոց մը մնաց Պոլիս, ապա Ամերիկա մեկնեցաւ իր կապը խզելու համար: Հրաժարեցաւ առաջնորդի պաշտօնէն` մեկնելու համար Ս. Էջմիածին: Մինչ այդ փափաքեցաւ նախ Երուսաղէմ երթալ:
30 օգոստոս 1956-ին Ֆրեզնոյէն բաժնուեցաւ, Երուսաղէմ գնաց, ուր տեսաւ, որ Եղիշէ արք. Տէրտէրեան ապօրէն կերպով աթոռին վրայ բազմած էր: Ինք կ՛ուզէր Տիրան արք. Ներսոյեանը տեսնել որպէս պատրիարք, ուստի Ներսոյեան սրբազանը պաշտպանեց:
15 սեպտեմբեր 1956-ին, Երուսաղէմ հասած օրն իսկ լսեց, որ Եղիշէ սրբազանի սադրանքներով Տիրան սրբազան Յորդանանի կառավարութեան մօտ ամբաստանուած էր որպէս համայնավար ու սիոնականութեան քարոզիչ: Ուստի կառավարութիւնը Տիրան սրբազանի գրաւոր հրահանգ ուղղած էր, որ ան իսկոյն հեռանայ երկրէն: Երուսաղէմի ժողովուրդը սկսաւ ցոյցեր ընել Եղիշէի դէմ: Շնորհք եպս. անցաւ գլուխը հակաեղիշէական շարժումին: 1956-ին, սակայն, պետութիւնը բռնութեամբ օդակայան տարաւ Տիրան սրբազանը եւ հեռացուց երկրէն:
Տիրան սրբազան ստիպուեցաւ Պէյրութ երթալ: Ժողովուրդը հրապարակ իջաւ Տիրան սրբազանին ի նպաստ ցոյցեր կազմակերպելով: Այս առիթով կարեւոր նիստ մը գումարուեցաւ: Տիրան արք. Ներսոյեան 15 նոյեմբեր 1956-ին վերադարձաւ աքսորէն եւ Յորդանանի կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչցաւ անոր տեղապահի պաշտօնը: Այս ճանաչումին կ՛ընդվզէր անշուշտ Տէրտէրեան արքեպիսկոպոս, որ Ամմանի մէջ նստած էր որպէս Յորդանանի քաղաքացի եւ ամէն ճիգ կը վատնէր դատարանի միջոցաւ արգիլելու համար ամերիկեան հպատակ Ներսոյեանի տեղապահութիւնն ու շուտով կատարուելիք պատրիարքական ընտրութիւնը: Ան ինքզինքը միշտ օրինաւոր տեղապահը նկատեց ու միջանկեալ պատրիարքական ընտրութիւնը ապօրէն հռչակեց, քանի որ միաբանութիւնը առանց իր նախագահութեան գումարուած էր: Մարտ 20-ին Տիրան սրբազան Երուսաղէմի պատրիարք ընտրուեցաւ Հայոց առաքելական աթոռին:
25 մարտ 1957-ին Շնորհք սրբազան, Երուսաղէմի միաբանական ժողովի ընթացքին, քուէներու մեծամասնութեամբ, Երուսաղէմի աթոռի լուսարարապետ ընտրուեցաւ:
30 օգոստոսին Տիրան սրբազան պատրիարքական պաշտօնէն հանուելով` Պէյրութ ղրկուեցաւ:
1 դեկտեմբեր 1959-ին Շնորհք սրբազան յաջողեցաւ Երուսաղէմ բերել տալ իր մայրը:
2 յունուար 1960-ին Շնորհք սրբազան Պէյրութ աքսորուեցաւ: Յետոյ Պէյրութէն աքսորուեցաւ Կիպրոս, ուր տասը օր մնաց, յետոյ եկաւ Պոլիս` իբրեւ հիւրը Խաչատուրեան պատրիարքին:
Պոլիս ժամանելու իր հեռագիրը չէր հասած ատենին, ուստի ո՛չ ոք դիմաւորեց զինքը: Կառք մը առաւ, գնաց պատրիարքարան: Յետոյ Եթովպիա գնաց` իր խնդրին լուծում գտնելու: Մեկնեցաւ Սուտան տասը օր, ուրկէ վիզա ստացաւ Յորդանան երթալու: Կրկին Երուսաղէմ գնաց, բայց իշխանութիւնները չընդունեցին զինքը: Դարձեալ Պոլիս վերադարձաւ: Մնայուն բնակութեան արտօնութիւն չունենալով` միջոց մը Միլանօ գնաց: Հոն գիրք մը գրեց Երուսաղէմի ապօրինութիւններու մասին: Յետոյ դարձեալ Պոլիս եկաւ: Կ՛ուզէր երեք ամիս մնալ Պոլսոյ մէջ, ապա` վերադառնալ Ամերիկա:
Շնորհք սրբազան աստանդական հոգեւորականի մտատանջութեան մէջ էր, երբ ճակատագրական դէպք մը պատահեցաւ: Այդ օրերու Պոլսոյ պատրիարքը` Գարեգին Խաչատուրեան, 22 յունիս 1961-ին, Թարգմանչաց տօնին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ «Աշխարհ ամենայն» երգեցողութեան ընթացքին անակնկալօրէն հիւանդացաւ: Իսկ Շնորհք պատրիարք, որ ներկայ էր յիշեալ արարողութեան, յաջորդ օր պարտաւոր էր մեկնելու քաղաքէն դէպի Ամերիկա: Խաչատուրեան պատրիարք նախզգալով իր մահը` խնդրեց, որ կառավարութիւնը հաճի արտօնութիւն շնորհել, որպէսզի Շնորհք սրբազան միջոց մը եւս մնայ Պոլսոյ մէջ: Արտօնութիւնը շնորհուեցաւ, Շնորհք սրբազան մնաց քաղաքին մէջ:
Խաչատուրեան պատրիարք վախճանեցաւ, որուն օծման ու յուղարկաւորութեան փառահեղ արարողութիւնը կատարուեցաւ 7 յուլիս 1961-ին` Ամենայն Հայոց Վազգէն վեհափառ հայրապետի բարձր ներկայութեամբ: Ս. պատարագը մատուցեց Շնորհք եպս., իսկ օծումը կատարեց վեհափառ հայրապետը:
Այնուհետեւ, պատրիարքական աթոռին համար որպէս պատրիարք ներկայացան հինգ թեկնածուներ, որոնք էին` Տիրան արք. Ներսոյեան, Մամբրէ արք. Սիրունեան, Շնորհք եպս. Գալուստեան, Ասողիկ եպս. Ղազարեան, Զգօն եպս. Տէր Յակոբեան. այս հինգ թեկնածուներէն երկուքը, Ամերիկայէն` Տիրան Ներսոյեան եւ Գահիրէէն` Մամբրէ Սիրունեան, հրաժարեցան թեկնածութենէ` ի նպաստ Շնորհք եպիսկոպոսին:
Այսպէս, Շնորհք եպս. Գալուստեան միաձայնութեամբ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքութեան պատմական աթոռին վրայ բազմեցաւ որպէս 82-րդ պատրիարք:
(Շար. 1)
*Միացեալ Նահանգներու մէջ կայացած «Հայ եկեղեցւոյ 20-րդ դարու ականաւոր հոգեւորականներ» խորագիրով գիտաժողովին ներկայացուած բանախօսութիւն: