Յիշատակելի ողջունահանդէս մը կազմակերպուած էր Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի գործունեայ մասնաճիւղին կողմէ, Ուրբաթ, 2 Օգոստոսի երեկոյեան՝ Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի հանդիսասրահէն ներս, գրասէր հոծ հասարակութեան մը ներկայութեան: Ձեռնարկը կը զուգադիպէր Ժագ Ս. Յակոբեանի ծննդեան 96րդ տարեդարձին, եւ այս ուրախ առիթով բանաստեղծին վերջին հրատարակուած հատորը՝ «Յաւերժօրէն Քոյդ…» գործը պիտի ներկայացուէր հասարակութեան:
Հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Հրաչ Սեփեթճեանի բացման խօսքով ընթացք առաւ ձեռնարկին յայտագիրը: Առաջին հերթին հանդիսավարը ընթերցումը կատարեց լիբանանահայ գրող Արամ Սեփեթճեանի յղած ողջոյնի գիրին՝ մասնաւորաբար ուղղուած Ժագ Ս. Յակոբեանին՝ անոր ծննդեան եւ հրատարակութեան զոյգ առիթներով:
Յատկանշական էին հանդիսավարին կատարած ընթերցումները՝ մեծարեալին ուղղուած գնահատական գիրերուն, 1938էն մինչեւ 2008 տարիներէն՝ Վահան Թէքէեանէն, Նիկոլ Աղբալեանէն, Գուրգէն Մխիթարեանէն, Մինաս Թէօլելեանէն եւ Սարգիս Վահագնէն: Գնահատականները արձանագրուած են Պէյրութ լոյս տեսած «Յաւերժօրէն Քոյդ» հատորի դարձաշապիկին:
Յայտագիրին առաջին խօսք առնողը եղաւ ծանօթ հրապարակագիր, փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, որ ներկայացուց բանաստեղծին անցնող 75 տարիներու հոգեւոր, գրական ու ստեղծագործական վաստակը, որ ետ կ՛երկարի մինչեւ 1938 թուականը, երբ լոյս կը տեսնէր Յակոբեանի առաջին քերթողագիրքը՝ «Գաղտնի ճամբայ»: Ան անդրադարձաւ Յակոբեանի քառասունէ աւելի գործերու հիմնական խմբաւորումներուն, շեշտը միշտ դնելով բանաստեղծական բառակերտումի շնորհալի յատկանիշին եւ գործերուն քնարականութեան վրայ: Յակոբեան քերթուածներու հսկայ թիւով իր հատորներուն կողքին ունի չորս արձակ գործեր եւ մէկ թատերական երկ: Քէշիշեան շեշտեց կարեւորութիւնը Յակոբեանի աշխատակցութեան՝ սփիւռքահայ գրական թերթերուն: Տասնամեակներու ընթացքին Յակոբեան մասնակցելով «Անի», «Նայիրի», «Ակօս» եւ «Շիրակ» գրական պարբերաթերթերուն՝ զանոնք հարստացուցած է իր քերթուածներով:
Յայտագիրի գեղարուեստական բաժինին բերելով իր մասնակցութիւնը, ծանօթ ասմունքող Մելօ Էքիզեան գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ կարդաց Յակոբեանի «Իմ առաջին ու վերջին սէր» վերնագրուած նամակը՝ գրուած 1943 Սեպտեմբերին, Գահիրէ: Ձեռնարկին երաժշտական ելոյթով հանդէս եկաւ դաշնամուրի ուսուցչուհի Էլվիրա Սիմոնեան, որ նուագեց Առնօ Պապաճանեանէն «Էլեգիա» եւ «Նոքթիւրն» զգայուն գործերը՝ բարձր վարպետութեամբ:
Յայտագիրի երկրորդ խօսք առնողն էր վարչութեան անդամ՝ գրականագէտ Լիլիթ Քեհէեանը, որ ներկայացուց նոր հրատարակուած «Յաւերժօրէն քոյդ…» հատորը: Իր խօսքին սկիզբը Քեհէեան ներկայացուց յաջողած բանաստեղծութեան յենակները եւ Ժագ Ս. Յակոբեանի գործը մեկնաբանեց որպէս բանաստեղծական սիրապատում: «Ժագ Ս. Յակոբեան «Յաւերժօրէն քոյդ…» խորագիրը կրող այս գիրքը հեղինակը կոչեր է հոգեբանական վէպ իրական կեանքէ, բայց ըստ իս, անիկա աւելի շատ օրագրութիւն է, ինքնակենսագրական փոքր հատուածներով», բացատրեց Քեհէեան, որ նամակներէն կարճ մէջբերումներ կատարելով յանգեցաւ սա կարծիքին. ««Յաւերժօրէն քոյդ…» հատորի օրագրային գրութիւնները եւս բանաստեղծական են, ուր նուիրուելու եւ նուիրաբերելու ցանկութիւնն անկեղծ է»: Որակաւոր մեկնաբանութեամբ յագեցած խօսք մըն էր Լիլիթ Քեհէեանինը:
Յայտագիրի այս հանգրուանին Բարսեղ Գարթալեան կարդաց 100ամեայ կրթական նախկին մշակ եւ հասարակական գործիչ Երուանդ Պապայեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի գիրը՝ ուղղուած օրուան մեծարեալին, ան նոյն ատեն 96ամեայ բանաստեղծը շնորհաւորեց Թէքէեան մշակութային վարչութեան կողմէ՝ իր ծննդեան տարեդարձին առիթով, մաղթելով աշխատանքային նոր կորով ու առողջ կեանք մը:
Բեմ հրաւիրուելով, Ժագ Ս. Յակոբեան նախընտրեց սրահի հարթակին դրուած աթոռը գործածել եւ իր շնորհակալական խօսքերէն ետք յուզումով կարդաց երեք նամակ՝ միշտ ուղղուած իր կնոջը՝ Ազատուհիին, զոր երբեմն կը կոչէ «Լիլոյշ»… Քիչ մը երկար, բայց հաճելի եւ սրտամօտ ելոյթ մըն էր բանաստեղծին կողմէ:
Հեղինակը հին ու նոր բոլոր գիրքերէն օրինակներ նուիրեց ձեռնարկին ներկայ գտնուող գրասէրներուն:
ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ