Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեայ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող յանձնաժողովը յաջորդ շաբաթ պիտի կազմակերպէ քայլարշաւ Պէյրութի կեդրոնին մէջ:
Այս մասին ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը` վկայակոչելով Dailystar-ը, հաւաքը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 24-ին Անթիլիասի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բակին մէջ, ուր Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին աղօթքներ պիտի հնչեն ու ծաղիկներ տեղադրուին եկեղեցւոյ այգիին մէջ գտնուող յուշարձանին մօտ:
Քայլարշաւը պիտի սկսի կէսօրին` Պուրճ Համուտի հրապարակէն եւ պիտի շարունակուի մինչեւ Պէյրութի կեդրոնական Նահատակաց հրապարակ:
«Այս քայլարշաւին նպատակն է ստիպել Թուրքիոյ վերջ տալ ժխտողական քաղաքականութեան: Մենք պիտի պահանջենք, որ վերականագնուի արդարութիւնը եւ Թուրքիան փոխհատուցէ հայերուն պատճառած տառապանքներուն եւ մարդկային կորուստներուն համար»,- նշուած է յանձնաժողովի տարածած յայտարարութեան մէջ: