Հեղինակ՝ Կրիմ Եղբայրներ -Հեքիաթ
Ժամանակին գիւղի մը մէջ մարդ մը ունէր էշ մը : Տարիներ շարունակ այս էշը օրնի բուն կ’աշխատէր՝ լեցուն պարկեր կը կրէր ջրաղաց, այնտեղէն ալ տուն: Օր մըն ալ էշը կը ծերանայ։ Ան այլեւս չի կրնար աշխատիլ։ Իր տէրը կը մտածէ, որ աւելորդ եւ ի զուր տեղ է զայն կերակրելը։ Էշը, իր կարգին կը նկատէ, որ իր տիրոջ վերաբերմունքը իր հանդէպ՝ զգալիօրէն փոխուած է։ Ուստի կը փախչի ու կ՚երթայ Պրիմեն քաղաք։ Խորհելով, թէ հոն պիտի յաջողի թափառաշրջիկ երաժիշտ դառնալով: Քիչ մը ճամբայ կտրելէ ետք, կը հանդիպի որսորդական շունի մը: Լեզուն դուրս կախուած շունը ինկած էր գետին, կ’երեւի, թէ շատ վազելէն յոգնած էր:
Ինչո՞ւ այդպէս դժուար կը շնչես, քեռի Քուչի,- կը հարցնէ էշը:
-Օ՜ֆ,- կը պատասխանէ շունը,- ծերացած եմ, օր օրի աւելի կը տկարանամ, ալ չեմ կրնար որսի երթալ, այդ պատճառաւ ալ տէրս որոշեր է սպանել զիս, ուստի փախուստ տուի: Հիմա ինչպէ՞ս կտոր մը հաց պիտի ճառեմ:
-Գիտե՞ս ինչ,- կ’ըսէ էշը,- ես հիմա Պրեմեն քաղաք երթալու մտադիր եմ, հոն կ’ուզեմ թափառաշրջիկ երաժիշտ դառնալ, քալէ հետս, դուն ալ երաժիշտ կը դառնաս: Ես վին (քնար լարաւոր) կը նուագեմ, դուն ալ թմբուկ կը զարնես:
Շունը հաճոյքով կը համաձայնի, կը պատրաստուին ու միասին ճամբայ կ’ելլեն: Կ’երթան, կ’երթան, յանկարծ կը հանդիպին կատուի մը, որ տխուր նստեր էր ճամբեզրին, ամպի պէս մրոտած ու սեւցած:
– Հը՞, փիսօ Խաթուն, ինչո՞ւ տխուր ես, ինչ վատ բան պատահեր է,- կը հարցնէ էշը:
– Ինչպէ՞ս չտխրիմ, արդէն հասած է ժամը ,- կը պատասխանէ կատուն,- ծերացեր եմ, այլեւս ակռայ չունիմ, ժամանակն է, որ նստիմ վառարանին քով քրթմնջեմ ու մրմռամ, եւ ոչ թէ մուկ բռնեմ: Իսկ տիրուհիս կ’ուզէր ջուրը նետելով զիս խեղդել, բայց ես փախուստ տուի: Ի՞նչ խորհուրդ կու տաս, ո՞ւր երթամ, ինչպէ՞ս ապրիմ:
-Մեզի հետ եկուր Պրեմեն քաղաք, դուն գիշերային համերգներ տալու վարպետ ես, թափառաշրջիկ երաժիշտ կը դառնաս:
Կատուին հաճելի կու գայ առաջարկը, միասին ճամբայ կ’ելլեն : Մեր փախստականները, երբ բակի մը քովէն կ’անցնէին, կը տեսնեն դարպասի գլխուն աքլոր մը նստած է ու ամբողջ կոկորդով բարձրաձայն ծուղրուղու կը կանչէ:
– Ինչո՞ւ կոկորդ կը պատռես,- կը հարցնէ էշը:- Ի՞նչ պատահեր է:
– Եղանակը լաւ պիտի ըլլայ,- կը պատասխանէ աքլորը:- Այսօր Աստուածածնի օրն է, բայց տիրուհիս բնաւ խիղճ չունի. Իսկ վաղը արդէն կիրակի է, հիւրեր պիտի գան, խոհարարուհիին ալ ապուր եփել պատուիրած է, ուստի այսօր երեկոյեան գլուխս պիտի կտրեն: Այդ պատճառաւ ալ բարձրաձայն կը կանչեմ այնքան ատեն ողջ եմ ու կրնամ կանչել:
– Տե՛ս թէ ինչ, աքլորիկ-կարմիրկատարի՛կ, եկուր մեզի հետ, մենք Պրեմեն քաղաք որոշած ենք երթալ: Ամէն պարագայի, մահէն աւելի վատ բան չկայ, դուն լաւ ձայն ունիս, եթէ միանաս մեզի, մեր գործերը շատ աւելի յաջող կ’ընթանան:
Աքլորին հաճելի կը թուի առաջարկը, ու անոնք չորսով միասին ճամբայ կ’ելլեն: Բայց այդ օրը Պրեմեն չեն հասնիր, իրիկուան կը մտնեն անտառ ու կ’որոշեն գիշերը մնալ անտառին մէջ: Էշն ու շունը կը պառկին մեծ ծառի մը տակ, իսկ կատուն ու աքլորը կը նստին ճիւղին: Աքլորը կը թառի ծառի բարձր կատարին, ուր իրեն համար շատ աւելի ապահով կը թուի: Քնանալէն առաջ կը նայի շուրջը ու կը նշմարէ լոյս մը , ձայն կու տայ ընկերներուն, թէ քիչ մը հեռուն լոյս կը տեսնէ, ըստ երեւոյթին տուն մը ըլլալու է:
– Հոս ապահով չէ, պէտք է երթալ այդ տունը:
Շունն ալ իր համաձայնութիւն կու տայ այն միտքով՝ թէ հոն կուշտ պիտի քնանայ քանի մը կտոր ոսկոր ու միս ուտելէն ետք, եւ կ’ելլեն ճամբայ ու կ’երթան դէպի լոյսը: Բաւական ճամբայ կտրելէն ետք, լոյսը հետզհետէ կը մեծնայ: Եւ կը պարզուի, որ այդ տունը աւազակներու որջն է: Էշը, որ իրենց մէջ ամենէն բարձրահասակն էր, կը մօտենայ պատուհանին ու ներս կը նայի:
– Հը՞, էշ ի՞նչ կը տեսնես,-կը հարցնէ աքլորը:
– Կը տեսնեմ` ճոխ սեղան մը բացուած է, համեղ-համեղ ուտելիքներ ու խմիչքներ դրուած են, աւազակներն ալ սեղանի շուրջը նստած` կը վայելեն:
– Գուցէ մեզի համար ալ բան մը կը ճարուի,- կ’ըսէ աքլորը:
– Այո՛, ի հարկէ, միայն թէ կարենանք հոն հասնիլ,- կ’ըսէ էշը:
Ու չորս երաժիշտները նստած` կը մտածեն, թէ ինչպէս ընեն, որ աւազակներուն հեռացնեն: Վերջապէս կը գտնեն հնարը: Կ’որոշեն, որ էշը առջեւի ոտքերը դնէ պատուհանին, շունը բարձրանայ իր վրայ, կատուն` շունին վրայ, իսկ աքլորը թռչի ու նստի կատուի գլխուն: Այդպէս ալ կ’ընեն: Հրահանգի նշանը տալուն հետ կը սկսին աղմկել՝ էշը կը զռնչէ, շունը` կը հաչէ, կատուն` կը մլաւէ, իսկ աքլորը` կ’երգէ, ծուղրուղու կը կանչէ: Յետոյ պատուհանէն այնպէս ներս կը խուժեն, որ ապակիները կը զնգզնգան:
Սոսկալի ձայնէն վախցած աւազակները վեր կը ցատկեն իրենց տեղերէն` կարծելով, թէ ուրուական մը յայտնուեր է, սարսափահար կը փախչին անտառ: Այդ ընթացքին մեր չորս ընկերները փառաւորապէս սեղան կը նստին, ամէն մէկը կ’ ընտրէ իր սրտին ուզածը, կը սկսին քէֆ ընել: Կերած-կշտացած չորս երաժիշտները կ’ընտրեն իրենց յարմար քնանալու տեղը ու կը մարեն լոյսը: Էշը՝ կը պառկի գոմի աղբի կոյտին վրայ, շունը` դռան ետեւը, կատուն` վառարանի մոխրին քով, իսկ աքլորը` թառին ու, քանի որ երկար ճամբայ կտրած ու յոգնած էին, անմիջապէս քուն կը մտնեն:
Երբ կէս գիշեր կ’ըլլայ, աւազակներր հեռուէն կը նկատեն, որ տունին լոյսը մարած է, ու կարծես թէ ամէն ինչ խաղաղած է: Քիչ մը քաջութիւն ու համարձակութիւն ունենալով Աւազակապետը կ’ըսէ.
-Վախնալու բան չկայ:
Ու իր մարդոցմէ մէկը կը ղրկէ` պարզելու թէ ինչ է եղելութիւնը:
Աւազակը տուն կը մտնէ ու կը տեսնէ` ամէն ինչ խաղաղ ու հանդարտ է, կը մտնէ խոհանոց, որպէսզի լոյսը վառէ: Իրեն կը թուի, կատուի շողշողուն աչքերը այրուող ածուխներ են, կրակ խառնիչը կը մօտեցնէ, որ խառնէ ու վառէ կրակը: Բայց կատուն կատակներ չի սիրեր, կը թռի ուղիղ աւազակի երեսին, ֆշշալով կը ճանկռտէ: Աւազակը կը վախնայ, կ’ուզէ փախչիլ ետեւի մուտքէն, շունն ալ ճիշդ այդ դռան ետեւը պառկած էր, վեր կը ցատկէ, կը խածնէ անոր ոտքը: Աւազակը կը վազէ բակին միջով, գոմ աղբի կոյտի քովէն ու անցած ժամանակ էշը ոտքով կը հարուածէ: Աքլորը աղմուկէն կ’արթննայ ու թառէն ուժգին ծուղրուղու կը կանչէ: Աւազակը սարսափահար, հապճեպով կը վազէ ընկերներուն քով, կ’ըսէ.
– Օ՜, տունը սարսափելի վհուկ մը կար, այնպէս փչեց երեսիս, ճանկռտեց իր երկար մագիլներով, քիչ մնաց ուշակորոյս ըլլայի, իսկ դռան մօտ դանակր ձեռքին մարդ մը կանգնած էր, անցած ժամանակ դանակով հարուածեց ոտքս, բակին մէջ ալ սեւ հրէշ մը կար, մահակով այնպէս զօրաւոր զարկաւ, ցաւէն ուշաթափ պիտի ըլլայի, իսկ տանիքի գլխուն, դատաւորը նստած` կը գոռար՝ Այստե՜ղ բերէք գողին: Ու ես հազիւ կրցայ փախչիլ:
Այդ օրէն ետք աւազակները կը վախնան ու այլեւս չեն վերադառնար, իսկ Պրեմեն քաղաքի չորս երաժիշտներուն համար տունը այնքան հաճելի կ’ըլլայ, որ անոնք այլեւս չեն ուզեր հեռանալ:
Աղբիւր՝ Կրիմ Եղբայրներ ( Jacob and Wilhelm Grimm) Հեքիաթներ – Պրեմեն Քաղաքի Երաժիշտները: Grimm Brothers` Fairy Tales – “Town Musicians of Bremen”
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Շաքէ Մանկասարեան
Կը հրատարակենք թարգմանողին ազնիւ արտօնութեամբ:
Պատկերի ձեւաւորում՝ Շաքէ Մանկասարեան
Email: [email protected]