Լիբանանահայ նկարիչ, քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեան, Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող հայորդիի մը թոռը, ծնած է 1957-ին,Պէյրութ արուեստասէր ընտանիքի մէջ: Ռաֆֆին կը պատմէ, որ պատահած են օրեր, ուր մեծհայրը, հայրը եւ ինք միաժամանակ, կողք կողքի աշխատած են միեւնոյն արհեստանոցին մէջ :
Ռաֆֆիի ստեղծագործական ներաշխարհին վրայ մեծ ազդեցութիւն գործած է հին դիցաբանութինը: 1981-ին, Պէյրութի մէջ համալսարանական ուսումը աւարտելէ ետք,Ռաֆֆին մեկնած է Փարիզ, ուր հետեւած է Գեղեցիկ Արուեստից Դպրոցի դասընթացքներուն, մասնագիտանալով նկարչութեան եւ ձեւաւորումի մասնագիտութիւններուն մէջ: Տակաւին ուսանող Փարիզի մէջ, ան՝ մասնագիտական փորձառութիւնը հարստացնելու նպատակով, յաճախակի այցելութիւններ տուած է Իտալիա, Սպանիա, Աւստրիա, Յունաստան եւ Եգիպտոս: Ծանօթացած է սոյն երկիրներուն պատմակամշակութային քաղաքակրթութիւններուն, անոնց դիցաբանութեան:
Թոքաթլեան արուեստագէտը հմտացաւ քանդակագործութեան մէջ: Ռաֆֆին արդէն հեղինակ է աւելի քան վաթսուն պրոնզէ քանդակներու: Անոր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են Եւրոպական ցամաքամասի գրեթէ ամենածանօթ ցուցասրահներուն մէջ: Երկու յատուկ ցուցահանդէսներ կազմակերպած է Թոքիոյի մէջ: Ռաֆֆին ստեղծագործութիւնները երեւակայութեան եւ փիլիսոփայական ներշնչումներու խառնուրդ են:
Սոյն ամսուան 13-ին, Ռաֆֆի Թոքաթլեան, Պալամանտ համալսարանի « Զախէմ» շէնքին մէջ արուեստասէր հանրութեան ներկայացաւ ՝ « Վոլքենիք Մեսըզ» խորագիրը կրող՝ ներշնչումներու նոր փունջով: Կեանքի ու լոյսի փնտռտուքը խորհդանշող այս ցուցահանդէսը նոր նուաճում մըն է արուեստագէտ, քանդակագործ Ռաֆֆի Թոքաթլեանի ստեղծագործական ճանապարհին վրայ:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ Ուրբաթ, 23 Մայիս:
Ա.Շ.