Սերժ Աւետիքեանի «Փարաջանով» շարժանկարը անցնելու մեծ ճանապարհ ունի: Շարժանկարը տարեվերջին պիտի յայտնուի ֆրանսական կինովարձոյթին: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ, այս մասին լրագրողներուն տեղեկացուց շարժանկարի բեմադրիչ եւ Սերգէյ Փարաջանովի դերակատար Սերժ Աւետիքեանը:
«Շատ ուրախ եմ, շատ դժուար էր ֆրանսական կինովարձոյթին յայտնուիլ` չնայած շարժանկարը Ֆրանսայի մէջ արդէն 5 մրցանակ շահած է: Երջանիկ ենք, որ Քաննի մէջ կը յայտարարուի, որ «Փարաջանովը» պիտի յայտնուի կինովարձութին»,-նշեց Աւետիքեան:
Բացի այդ, Աւետիքեան ընդգծեց, որ այս տարի պիտի երթայ Հնդկաստան եւ իր հետ տանելով շարժանկարը մի քանի տարբեր փառատօններու մասնակցելու:
«Երբեք ոչ մէկ շարժանկար չի նկարահանուիր յաղթանակներու համար, որովհետեւ եթէ նկարահանումներու ընթացքին այդ մասին մտածես, ապա շարժանկար չես նկարեր, ուրեմն ինչ-որ այլ բանով զբաղած ես: Ես կը զգայի, որ ինչ-որ բան ճիշդ կը հնչէ, ինչ-որ բան մեզի հետ էր: Հէնց ինքը` Փարաջանովը: Դերէն չվախցայ, մտածեցի, որ ոչ մէկ ձեւացում, ոչ մէկ պատճէնում պէտք չէ ընել: Ես պէտք է նմանէի Փարաջանովին, բայց պէտք է իմ մէջ տեղ ձգէի, որ ան տեղաւորուէր իմ մէջ: Պէտք է այնպէս ընել, որ կերպարը ինքը աշխատի քու մէջ: Ատիկա մեծ վտանգ է»,-աւելցուց Սերժ Աւետիքեան:
Բեմադրիչ եւ դերասան Սերժ Աւետիքեանի «Փարաջանով» շարժանկարը այս տարուան «Հայակ» մրցանակաբաշխութեան նախասիրուած էր: Կինոնկարը ստացաւ 4 մրցանակ`յաղթելով «Լաւագոյն խաղարկային ֆիլմ», «Լաւագոյն ռեժիսոր», «Լաւագոյն դերասան», «Լաւագոյն նկարիչ» անուանակարգերուն մէջ: