Ամերիկացի հանրածանօթ դերասան Ռոպին Ուիլիըմզ անձնասպանութիւն գործեց: Ոստիկանութիւնը կախուած գտաւ 63-ամեայ Ուիլիըմզի անշնչացած մարմինը, անոր ննջարանին մէջ: Ուիլիըմզի բարեկամները կը յայտնեն,թէ դերասանը վերջին տարիներուն կ’ապրէր նիւթական սեղմ պայմաններու տակ եւ կը պայքարէր գերճնշուածութեան դէմ:, Ուիլիըմզ իր ողջ կեանքի ընթացքին թմրանիւթերու սիրահար մըն էր: Իր այս մոլութիւնը կը բացատրէր ներշնչուելու տրամաբանութեամբ: Պէտք է նաեւ յայտնել, թէ «Տէտ Փոյէց Սոսայըթի», «Կուտ Մորնինկ Վիեթնամ» ժապաւէնին գլխաւոր դերասանը սարսափելի հայատեաց եւ թրքասէր անձնաւորութիւն մըն էր: Ուիլիըմզ ծնած էր Շիքակօ, 1951-ին: