Ամերիկահայ դրամատուրգ Ատրիանա Սեւան Նիգոլսի “Գիշերը Երզնկայի մէջ” փիեսը կը պատմէ ընտանիքի մը ցաւոտ ու փակ գաղտնիքին մասին, որ կը հետապնդէ երեք սերունդ: Այս մասին կը հաղորդէ The Armenian Weekly պարբերականը: Ըստ պարբերականին` ամերիկահայ դրամատուրգը, որուն մայրը Հայոց Ցեղասպանութեան տուժածներէն եղած է` նշած է, թէ փիեսը տեղաշարժ կը կատարէ անցեալի եւ ներկայի միջեւ` ներկայացնելով այն ազդեցութիւնը եւ հետեւանքները, որոնք Ցեղասպանութիւնը ձգած է վերապրածներու եւ անոնց ժառանգներուն վրայ: Նիգոլս պատմած է, որ փիեսը գրելու եւ զայն բեմադրելու համար իրեն ոգեշնչած են սեփական ընտանիքի պատմութեան փակ եւ բաց գաղտնիքները:
«Մայրս հայուհի է, սակայն անոր իր կենսաբանական ծնողները չեն մեծացուցած»,- նշած է ան: Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած դրամատուրգի մեծ մայրը` Միացեալ Նահանգներ հասնելէն ետք ունեցած է ճնշախտի խանգարումներ եւ բուժումները չեն օգնած իրեն: Ատրիանայի մեծ մայրը այլեւս չէ ճանչցած իր սեփական երեխաները, որմէ ետք ալ երեխաները յանձնած են ուրիշներու խնամքին: Այունհետ դրամատուրգը անդրադարձած է իր մեծ հօր, անոր պատրաստած համեղ տոլմային, անոր մեծ սրտին եւ պարզապէս բարի հայ ըլլալուն:
«Night over Erzinga» ներկայացման ամերիկեան անդրանիկ ներկայացումը տեղի ունեցած է 2011-ին Սան Ֆրանսիսքոյի Golden Thread Productions սրահին մէջ: «Գիշերը Երզնկայի մէջ» փիեսը բեմադրուած է ամերիկեան երկու այլ խոշոր քաղաքներու մէջ եւս: Նիգոլս յոյս ունի, որ անիկա պիտի հասցնէ բեմադրել նաեւ երկրի միւս քաղաքներուն մէջ: Իսկ Նոյեմբեր 11-ին փիեսի հիման վրայ բեմադրուած ներկայացումը պիտի ըլլայ Historic Chicago Temple Building-ի բեմին: