ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի ծիրին մէջ պիտի մասնակցին Արցախի տագնապին վերաբերող քննարկման:
Քննարկումը տեղի պիտի ունենայ 15 Փետրուարին, տեղական ժամանակացոյցով՝ կէսօրէն ետք ժամը 5:30-էն մինչեւ 6:15: Քննարկման համակարգողը պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու ռուսական հիմնարկի նախագահ եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Սելեսթա Ա. Վալանտըր:
14 Փետրուարին Միւնիխի մէջ սկսաւ անվտանգութեան միջազգային 56-րդ համաժողովը, որուն կը մասնակցի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: