Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի կառավարութեան այսօրուան նիստին վստահեցուցած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛ընդունի բոլոր այն կոչերը, ըստ որոնց` հարցերը պէտք է լուծել դիւանագիտական խաղաղ ճամբով:
«Կը տեսնենք, որ Ազրպէյճանը շարունակաբար կը դիմէ նախայարձակ գործողութիւններու, եւ այս իրավիճակին մէջ մենք միջազգային գործընկերներուն հետեւողականօրէն կ՛առաջարկենք հետեւեալ բանաձեւը` լուծում կրնայ ըլլալ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին միջազգային դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը` ըլլայ ատիկա ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի, ԵԱՀԿ-ի, թէ որեւէ այլ միջազգային կազմակերպութեան:
«Ամէն պարագայի ես կ՛ուզեմ ընդգծել, որ այս բոլորին նպատակներէն մէկը Հայաստանը բնականոն կեանքի շրջանակէն դուրս բերելն է», ընդգծած է Փաշինեան: