Ռուսիոյ հետ երկխօսութիւնը Եւրոպայի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հասնելու գլխաւոր միջոցն է: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին:
«Մենք լիարժէք եւ բաց երկխօսութեան հիմը դրած ենք 2019 թուականին», ըսած է Մաքրոն` յիշեցնելով իրենց միջեւ Պրեկանսոնի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած զրոյցները:
«Կը կարծեմ, որ երկխօսութիւնը այժմ աւելի արդիական է, քան երբեւէ: Այս երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է. միայն անիկա պիտի արտօնէ եւրոպական ցամաքամասին վրայ անվտանգութիւն եւ կայունութիւն երաշխաւորել», ըսած ան:
Մաքրոն ընդգծած է. «Այժմ Եւրոպայի մէջ ճգնաժամային իրավիճակ է»: Ան նաեւ ընդգծած է, որ բոլոր կողմերը «պէտք է պատասխանատուութիւն դրսեւորեն»:
«Ուրախ եմ, որ կրնամ մանրամասնօրէն քննարկել բոլոր հարցերը, եւ մենք պիտի կարենանք սկսիլ հաւաքական պատասխանի որոնումներ, որոնք օգտակար պիտի ըլլան Ռուսիոյ եւ ամբողջ Եւրոպայի համար: Այդ պատասխանը պիտի արտօնէ խուսափիլ պատերազմէն եւ կայունութիւն, թափանցիկութիւն եւ վստահութիւն կառուցել բոլորին համար», ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահը:
Փութին իր կարգին յայտնած է, որ Ռուսիան եւ Ֆրանսան հասարակաց մտահոգութիւն ունին Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան ոլորտին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն շուրջ:
«Ֆրանսան վերջին տասնամեակին ամէնէն գործօն մասնակցութիւնը կ՛ունենայ եւրոպական անվտանգութեան հարցերու լուծման մէջ», ընդգծած է Ռուսիոյ ղեկավարը:
Փութին ընդգծած է Մաքրոնի ջանքերը` ուղղուած ուքրանական ճգնաժամին առնչուած հարցերու լուծման եւ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան հարցերու շուրջ բանակցութիւններու յառաջ մղման: