Լիբանանեան «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուող «Լաունա ալ սեհա» («Դիմաւորեցէք մեզ հրապարակին վրայ») յայտագիրի ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 11 նոյեմբերին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը նշեց «Աւանդութեան օր»-ը` հիւրընկալելով Ռըմէյշ գիւղաւանի կամաւորները:
Հայրենի վաղամեռիկ քանդակագործ Ալեք Քոչարի ստեղծագործած Անկախութեան յուշարձանին ու Ամանոսի «Ապու Արթին» վառելանիւթի կայանին միջեւ գտնուող հրապարակը արտասովոր եռուզեռ մը ապրեցաւ երէկ ամբողջ օրը: Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի պատկան պատասխանատուներն ու կամաւորները Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի անունը կրող կապոյտ թի-շըրթներով լծուած էին մեղուաջան աշխատանքի:
Նմանապէս, առաւօտ կանուխ Նոր Ամանոսի հրապարակ հասած էին հարաւային Լիբանանի Ռըմէյշ գիւղաւանի կամաւորներ` իրենց ոճով մրցելու եւ նշելու «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի նախաձեռնած «Աւանդութեան օր»-ը:
Հակառակ տիրող քաղաքական, ապահովական թէ կլիմայական աննպաստ պայմաններուն, գրաւեալ Պաղեստինի սահմանակից, հեռաւոր Ռըմէյշ գիւղաւանի կամաւորները յաջողած էին հասնիլ Պուրճ Համուտ` յաղթահարելով եւ շրջանցելով ամէն տեսակի արգելք:
Մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00 նախատեսուած յայտագիրը կ՛ընդգրկէր մարզական ձիրքերու խաղեր, գերազանց յատկութիւններով օժտուած կամաւորներու ելոյթ, կիներու յատուկ խաղեր, ուժի ցուցադրութեան խաղեր, շալկելու, բարձրացնելու եւ կեդրոնացումի խաղեր ու այլ հետաքրքրական ելոյթներ: Ռըմէյշի կամաւորներու ընտանեկան պարագաներն ու Պուրճ Համուտի հայ թէ ոչ հայ բնակիչներու հոծ բազմութեան ներկայութեան կայացած այս խաղերը մեծ հետաքրքրութիւն ու խանդավառութիւն ստեղծեցին շրջանի բնակչութեան մօտ: Յատուկ բարձրախօսներով հայերէն ու արաբերէն ողջոյնի եւ քաջալերական խօսքերով ներկայ բազմութիւնը ծափողջոյններով դիմաւորեց ու քաջալերեց խաղերուն մասնակցող իւրաքանչիւր խումբը: Հակառակ տեղատարափ անձրեւին, խաղերը շարունակուեցան մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00: Նկատի ունենալով Պուրճ Համուտէն մինչեւ հարաւային Ռըմէյշ գիւղաւանի ճամբու հեռաւորութիւնը` նպատակայարմար նկատուեցաւ զանց առնել ու չեղեալ նկատել խաղացանկի յայտագիրի վերջին մրցումը` առիթ տալու համար, որ ռըմէյշցիք ապահով ու կանուխ հասնին իրենց բնակավայրերը: Խանդավառութեան ու բուռն քաջալերանքի մթնոլորտին մէջ յաղթական նկատուեցան Ռըմէյշի կամաւոր խաղացողները: Անոնք խորապէս ազդուած էին պուրճհամուտցիներու, քաղաքապետութեան ու յատկապէս Նոր Ամանոսի հայութեան ցուցաբերած սիրալիր ընդունելութենէն:
Այս առիթով Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան խօսք առնելով ողջունեց ներկաները` շնորհակալութիւն յայտնելով «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի տնօրէնութեան` միջլիբանանեան համերաշխութիւնը սերտացնելու միտող «Աւանդութեան օր»-ուան կազմակերպման համար: Ան յատուկ դրուատիքով անդրադարձաւ լիբանանցիներու եւ յատկապէս Ռըմէյշի բնակչութեան կամաւորներուն, որոնք հարաւային հեռաւոր սահմանային շրջանէն սիրայօժար եկած էին Պուրճ Համուտ` մասնակցելու «Լաունա ալ սեհա» յայտագիրի «Աւանդութեան օր»-ուան նշումին:
Ճորճ Գրիգորեան այս առիթով խօսեցաւ նաեւ հայկական նուռին մասին, որ իր կլոր ու կարմիր տեսքով խաղաղութեան, սիրոյ ու ճոխութեան դարաւոր խորհրդանիշ եղած է հայ ժողովուրդին համար:
Աւարտին, ձեռնարկին մասնակցող իւրաքանչիւր խումբ պարգեւատրուեցաւ յատուկ յուշանուէրով:
Իսկ «Աւանդութեան օր»-ուան բախտաւոր յաղթական խումբ նկատուած է Ռըմէյշի կամաւորներու խումբը: