ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու անյապաղ ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք՝ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ գերիները», կ՛ըսուի նախարարութեան «Թուիթըր»ի պաշտօնական էջին վրայ կատարուած գրառումին մէջ ։
ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները 5 Մայիսին դարձեալ կոչ ուղղած էին՝ վերադարձնելու բոլոր պահուող անձերը, բանտարկեալները, ինչպէս նաեւ գործնականօրէն իրականացնելու աճիւններու փոխանակման հոլովոյթը: