Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուէր 22 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Ելեւմտական հարցերու եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան պահանջեց օրակարգի վրայ աւելցնել երկու օրինագիծեր, որոնք կը վերաբերին պետական մարզին համար դրամատնային գաղտնիութեան օրէնքի վերացման, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան գաղտնիութեան օրէնքի վերացման երկարաձգումին` իրաւական հաշուեքննութիւնը շարունակելու նպատակով:
Պըրրի ընդառաջեց վերջին կէտին եւ Կեդրոնական դրամատան գաղտնիութեան օրէնքի վերացման երկարաձգումի պահանջը նկատի ունեցաւ խորհրդարանին քննարկելիք օրակարգին վրայ: Նիստին ընթացքին խորհրդարանը վաւերացուց այդ օրէնքը:
Խորհրդարանը ջնջեց նաեւ արտակարգ ներկայացուցչութեան դրութիւնը:
Պըրրի յայտնեց, որ այդ օրէնքը այս կամ այն անձը թիրախ չի դարձներ, այլ` Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան համաձայնագիրի թիւ 36-րդ յօդուածը կը պարտադրէ Լիբանանին, որ արտակարգ ներկայացուցչութեան դրութիւնը ջնջուի:
Պըրրի աւելցուց, որ արտակարգ ներկայացուցչութիւնները թիւով 3030 են, որոնցմէ 313-ը միայն գործօն կը նկատուին, իսկ մնացեալը ապօրինի կերպով կը գործեն` առանց իրենց պայմանագիրները նորոգելու կամ տուրքերը վճարելու:
Ան հաստատեց, որ ամբողջ աշխարհը ջնջած է արտակարգ ներկայացուցչութեան դրութիւնը, բացի Լիբանանէն:
Խորհրդարանը վաւերացուց նաեւ 12-ամսեայ դրութեամբ պետութեան ծախսերը հոգալու օրինագիծը, վաւերացուց Ընդհանուր ապահովութեան մէջ կատարուելիք աստիճանի բարձրացումներու դրութիւնը, ինչպէս նաեւ վաւերացուց «Ռաշիտ Քարամէ»-ի անուան միջազգային համալիրը կարգաւորելու եւ վերանորոգելու օրինագիծը:
Միւս կողմէ, արդարութեան նախարար Հանրի Հըլուի պահանջով, խորհրդարանը վարչական եւ դատական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին ուղարկեց դատական իշխանութեան անկախ գործունէութեան վերաբերող օրինագիծը, որ պիտի քննարկուի Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ:
Պըրրի օրէնսդրական նիստը փակեց կէսօրէ ետք ժամը 1:45-ին, օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով: Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին գումարումը այսօր պիտի շարունակուի:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ անճիշդ են այն տեղեկութիւնները, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը մերժէ այն օրէնքը, որ դրամատուներուն կը ստիպէ 10 հազար ամերիկեան տոլարի գումար տրամադրել` լիբանանեան դրամանիշի փոխարժէքի պաշտօնական սակին հիման վրայ, զայն տրամադրելու համար օտար երկիրներու մէջ լիբանանցի ուսանողներուն:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նախագահ Աուն պահանջած է «Ուսանողի տոլարի օրէնք»-ը խորհրդարան վերադարձնել, որպէսզի զայն վերատեսութեան ենթարկեն ու անոր բովանդակութեան սահմանադրական ու օրինական բացթողումները սրբագրեն:
«Երբ օրէնքը այդ ձեւով վաւերացուի, ապա լիբանանցի ուսանողներուն յաւելեալ առիթ պիտի տրուի օտար երկիրներու մէջ իրենց ուսումը շարունակելու: Լիբանանցի ուսանողը իրաւունք ունի իր ուսումը շարունակելու իր երկրին կամ օտար երկիրներու մէջ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ: